ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Երբ 2002 թուականին Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ եկաւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, բարեպաշտ մահմետականի տպաւորութիւն կը ձգէր անոր հիմնադիր Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանը, որ կը ձգտէր վերացնել կաշառակերութիւնը եւ բարելաւել Թուրքիոյ քաղաքացիներու կենսամակարդակը:
Վերջին 13 տարիներու ընթացքին Էրտողան աստիճանաբար վերածուեցաւ կաշառակեր բռնակալի` ժամանակակից օսմանեան սուլթանի հովերով տարուած: Արդեօք ի սկզբանէ ան եղա՞ծ է գառնուկի մորթ հագած գայլ, թէ՞ շփացած է միջազգային հանրութեան կոյր աջակցութեան եւ շռայլ գովասանքներուն պատճառով: Յատկանշական է, որ նախագահ Օպամա Էրտողանը կ՛անուանէր աշխարհի հինգ ղեկավարներէն մէկը, որոնց հետ ինք յատուկ մտերմութիւն ունի: Օպամա եւ այլ պետութիւններու ղեկավարները վերջապէս հասկցան, որ իրենց ստեղծած հրէշը դուրս եկած է շիշէն եւ վերահսկողութենէն: Էրտողանի հանդէպ վստահութեան չարաշահման գլխաւոր զոհը ուրիշ մէկը չէ, եթէ` ոչ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը:
Էրտողանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն ամբարտաւան դառնալը ցոյց կու տան վարի հատուածները, որոնք առնուած են անոնց վերջին հրապարակային ելոյթներէն, եւ որոնք ներկայացուած են Մերձաւոր Արեւելքի լրատուամիջոցներու հետազօտութիւններու հիմնարկին կողմէ:
Յունուար 21-ին Պոլսոյ մէջ կայացած Իսլամական երկիրներու միջխորհրդարանական միութեան համաժողովին Էրտողան իր ճառով աւելի շատ նմանեցաւ Իսլամական պետութեան առաջնորդի, քան ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութեան նախագահի` կոչ ուղղելով մահմետական երկիրներուն «միաւորուելու եւ պարտութեան մատնելու Արաբական Լորանսի յետնորդները, որոնք կը ձգտին քայքայել Միջին Արեւելքը»: Ան մեղադրեց Արեւմուտքը իսլամական աշխարհին դէմ դաւադրութիւն կազմակերպելու եւ մահմետականներու եղբայրասպանութեան պատճառ դառնալուն համար:
Վերջերս Ճիպութի կատարած այցելութեան ժամանակ Էրտողան պարծանքով ըսաւ. «Թուրքիան հզօր երկիր է: Եթէ դուք [Եւրոմիութիւն] Թուրքիան դեռ կը դիտէք որպէս երկիր մը, որ պիտի աղաչէ ձեր [ԵՄ] դրան սեմին, ապա Թուրքիան աղաչող երկիր չէ»: Ի պատասխան Թուրքիոյ մէջ լրատուամիջոցներու դէմ կիրարկուած պատժամիջոցներուն վերաբերեալ կատարուած եւրոպական քննադատութեան` Էրտողան յայտարարեց ԵՄ ղեկավարներուն. «Ձեզի պահեցէք ձեր գաղափարները,- եւ աւելցուց,- բարի եղէք գալ Թուրքիա, որպէսզի Թուրքիա՛ն ձեզի ժողովրդավարութեան դասեր տայ»:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշը, ուղեկցելով Էրտողանին Ափրիկէ կատարած ճամբորդութեան ընթացքին, անամօթաբար գործածեց ցեղապաշտութեան քարտը` դիմելով տեղացիներուն. «Օսմանեան կայսրութեան անկումէն ետք, ափրիկեցիները առաջին անգամ կը տեսնեն սպիտակ ձեռք, որ չի շահագործեր, չի ստրկացներ կամ բռունցքով չի հարուածեր անոնց գլխուն. սպիտակ ձեռք, որ չի շահագործեր անոնց հանքերը, չի վերացներ անոնց արժէքները, չի ձուլեր զանոնք կամ չի դիտեր որպէս ստորադաս արարածներ: Անոնք կը տեսնեն Թուրքիոյ սպիտակ ձեռքը, որ զիրենք կ’ընդունի որպէս հաւասար եւ եղբայր… Մենք կը փորձենք օժանդակել այս սեւամորթ, բայց ջերմսիրտ ունեցող մարդոց վերածնունդին»: Քուրթուլմուշը հաւանաբար յոյսով էր, որ իր ափրիկեան ունկնդիրները անտեղեակ պիտի ըլլան, որ Էրտողան յաճախակիօրէն կ’օգտագործէ «զենճի» (սեւամորթ) նսեմացուցիչ եւ ցեղապաշտական եզրը` ցած դասակարգի մարդիկ բնութագրելու համար…
Չուզելով ամբարտաւանութեամբ եւ կրօնական մոլեռանդութեամբ ետ մնալ Էրտողանէն եւ Քուրթուլմուշէն` վարչապետ Տաւութօղլու անցեալ ամիս Ցիւրիխի մէջ տեղւոյն թուրք բնակչութեան բազմամարդ հանրահաւաքին յայտարարեց. «Իսլամը Եւրոպայի բնիկ կրօնն է եւ պիտի շարունակէ այդպէս մնալ: Հակառակ խոչընդոտներու, նախապաշարումներու եւ բազմաթիւ սադրանքներու, Թուրքիա պիտի շարունակէ քալել ԵՄ անդամակցութեան ուղիով… Ալլահին ողորմածութեամբ, մենք երբեք չենք խոնարհեր մեր գլուխը: Մենք թոռներն ենք Կալիփոլիի մէջ մարտնչած հերոսներուն, որոնք երբեք չեն խոնարհած իրենց գլուխը: Երբ 2002-ին մենք եկանք իշխանութեան, անոնք [ԵՄ] ըսին, որ Թուրքիա շատ աղքատ, շատ տկար երկիր է եւ բեռ պիտի դառնայ Եւրոպայի համար: Շնորհակալութի’ւն Ալլահին, Թուրքիա այսօր ուժեղ երկիր է… Մենք բեռ չենք Եւրոպայի համար: Թուրքիա դարման է Եւրոպայի համար… Թուրքիա դարման է անոնց ցեղապաշտ հիւանդութեան համար: Մենք դարման ենք անոնց տնտեսական անկման համար: Մենք դարման ենք անոնց ուժի կորուստի համար… Անտալուսիայէն [Սպանիա] մինչեւ Օսմանեան կայսրութիւն, եւ կէս դար առաջ սուրբ երթով մեր ժողովուրդի, որ եկաւ այստեղ Անատոլիոյ բոլոր կողմերէն, էզանի ձայնը (իսլամական աղօթքի կանչ) այս հերոսները բերաւ դէպի Եւրոպա: Մզկիթներու մինարէները, զորս անոնք սփռած են այս աշխարհամասին մէջ, պաշտպանուած պիտի ըլլան. մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ այն ձեռքերուն դէմ, որոնք կը ձգտին անոնց վնաս հասցնել: Ես կը համբուրեմ իմ եղբայրներուն ճակատները, որոնք թաքպիրը [«Ալլահու աքպար» աղօթքի կոչը] հասցուցին Ցիւրիխ… Որքան սուրբ էին այն մարդիկ, որոնք եկան եւ սերմեր ցանեցին այստեղ, որոնք, Ալլահին զօրութեամբ, պիտի շարունակեն վերաճիլ արդարութեան հսկայական ծառի` Եւրոպայի կեդրոնին: Ոչ ոք կրնայ կանգնեցնել ասիկա…»:
Տաւութօղլու յամառօրէն շարունակեց իր անհեթեթ ու ամբարտաւան յայտարարութիւնները անցեալ շաբաթ, այս անգամ արդէն Անգարայի մէջ` ըսելով ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն. «Մենք դաս պիտի տանք Եւրոպայի ցեղապաշտներուն»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը