Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խնդիրը Համակարգային Է

February 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին դէպքերու արագ զարգացում տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ` համահայկական շահերու տեսանկիւնէն աննպաստ կացութիւն մը ստեղծելով: Աննպաստ, որովհետեւ պահ մը կարծէք մոռացութեան մատնուած էին մեր առաջնահերթութիւնները:

Մէկ կողմէ ինքնաշարժներու շարասիւնով դէպի Արցախ երթ ու ոստիկանական բիրտ միջամտութիւն, ապա, առեւանգում -խոշտանգում` անոր յաջորդած քարոզչական արշաւով ու պղտորած ջուրերու մէջ ձկնորսութեան անխուսափելի պատեհապաշտութեամբ: Նոյն օրերուն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի ելոյթը, նախագահ Սերժ Սարգսեանի հակայարձակողականը` անոր հետեւող մագլցումի քայլերով: Բարեբախտաբար կատարուեցաւ միջամտութիւն, որուն յաջորդած «զինադուլը» ցարդ կը տոկայ` հակառակ կարգ մը դժգոհներու խռպոտ ելոյթներուն:

Գաղտնիք չէ, որ Հայաստան կը դիմագրաւէ ընկերային ու տնտեսական լուրջ հարցեր` իրենց անխուսափելի հետեւանքներով: Այս հարցերը, սակայն, իրենց կարգին, արդիւնք են համակարգային թերութիւններու:

Փորձենք բացատրել: Ներկայ կացութեան մէջ Հայաստանի քաղաքական կառավարումի առանցքը անհատն է, անձը: Այս պարագային` նախագահը: Այս պատճառով ալ դժգոհութիւններու սլաքները կ՛ուղղուին դէպի անձը, որ այս պարագային Սերժ Սարգսեանն է: «Դժգոհ ենք իրմէ, ուրեմն փոխենք նախագահը». այս մտածողութիւնը սակայն ոչ մէկ երաշխիք կը ներկայացնէ, որ զինք փոխարինողը «իրմէ լաւ» պիտի ըլլայ (միտումնաւոր կերպով կը պարզացնենք երեւոյթը, որպէսզի մեր միտքը աւելի դիւրին բացատրուի: Հարցը այդքան ալ պարզ չէ, բնականաբար):

Գագիկ Ծառուկեան համոզուած է, որ ինք աւելի լաւ նախագահ կրնայ ըլլալ: Երկու տարի առաջ նոյն համոզումին էր Րաֆֆի ՅովհաննԷսեանը եւս: Եւ դեռ, վաղը ուրիշ մը կրնայ յայտարարել, թէ լաւագոյնը ինքն է` մտածելով, որ ինք ինչո՞վ պակաս է Ծառուկեանէ մը կամ ՅովհաննԷսեանէ մը: «Ես ինչո՞վ պակաս եմ»-ի մտայնութիւնը արդէն իսկ աւեր կը գործէ մեր հանրային կեանքէն ներս` հասնելով մինչեւ նախագահական լրջագոյն պաշտօնին յաւակնելու «քաջութեան»:

Այս պայմաններուն մէջ չենք քննարկեր Ծառուկեանի կամ ուրիշ անձի մը (կամ անձերու) նախագահական յատկանիշները, որովհետեւ ժամանակի վատնում է` այս յօդուածագրին ու ձեզի շատ ծանօթ պատճառներով:

Ճիշդ է, որ երկիր մը, որեւէ երկիր ղեկավարելու համար, անհատական յատկանիշները կարեւոր են: Սակայն ղեկավարումը անձի շուրջ կեդրոնացնելը աղէտալի կրնայ ըլլալ, որովհետեւ կառավարումը առաջին հերթին պէտք է հիմնուի գաղափարական ու քաղաքական ներքին տրամաբանութեան մը վրայ եւ ոչ թէ անհատական կարողութիւններու: Պէտք է հիմնուի այնպիսի ծրագիրի մը վրայ, որ ունի գաղափարական խարիսխ, որուն հաւանութիւն տուած է ժողովուրդը` ընտրութիւններու միջոցով:

Հո՛ս է, որ կարեւոր դեր կը խաղան քաղաքական կուսակցութիւնները` իրենց գաղափարական սկզբունքներով, ատոնցմէ բխած կեցուածքներով, մօտեցումներով, իտէալներով ու ծրագիրներով:

Սակայն տրուած ըլլալով, որ Հայաստանի մէջ սահմանադրութեամբ նախատեսուած համակարգը նախագահական է, հետեւաբար կառավարման առանցքը անհատն է (այս պարագային` նախագահը): Եւ ուրեմն, դժգոհութեան ալիք` տուեալ նախագահին հասցէին. զայն փոխելու կոչեր` ի հարկին արտակարգ նախագահական ընտրութիւններու պահանջներով եւայլն: Իսկ Հայաստանի նման երկրի մը մէջ, նոյնիսկ եթէ շէնքի մը վերելակը խանգարուի, արդար կամ անարդար կերպով պատասխանատուն նախագահը կը համարուի…

Կարկինը քիչ մը աւելի լայն բանանք: Սերժ Սարգսեան իր ծանօթ ելոյթին մէջ ըսաւ, թէ խօսքեր կան, որ Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող գործարարական հաստատութիւններուն մէջ ոչ օրինական բաներ կան եւ ուրեմն, համապատասխան մարմինները պէտք է քննութիւն բանան: Բայց նման «խօսքեր» (աւելի պարզ` տուեալներ) տարիներէ ի վեր կան Հայաստանի մէջ… ոչ միայն Ծառուկեանի, այլեւ հարիւրաւոր այլոց նկատմամբ, որոնց մէկ լուրջ տոկոսը Հանրապետական կուսակցութեան միջավայրին կը պատկանի (չըսելու համար աւելին):

Հետեւաբար նախագահին կողմէ այլ անձի մը, այս պարագային, նախագահ դառնալու յաւակնութիւն դրսեւորած անձի մը նկատմամբ արտայայտուած այս տրամաբանութիւնը կաղ է ու միակողմանի: Միւս կողմէ` նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան եւ նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան իրե՛նք պէտք է ծուռ նստելով ու շիտակ խօսելով բացատրէին Գագիկ Ծառուկեանին, որ իրմէ նախագահ դուրս չի գար (մաքուր հայերէնով): Այդ պարագային մեզի կը խնայուէր այս անտեղի ցնցումը:

Բայց ոչ մէկ երաշխիք, որ վաղը նմանատիպ այլ ցնցում կրնայ տեղի չունենալ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ քաղաքական կառավարման խաղը անհատներու հարթութեան վրայ է ու ոչ թէ` քաղաքական կուսակցութիւններու ու անոնց մշակած ծրագիրներուն: Իբրեւ այդպիսին ալ` ենթակայ է անհատական ճաշակներու, նախասիրութիւններու: Իսկ երկիր մը չի կրնար ղեկավարուիլ անհատական ճաշակով, կամ նախասիրութիւններով: Ճիշդ չէ՞:

Խնդիրը համակարգային է: Հայաստանի մէջ քաղաքական համակարգն է, որ «կոտրած» է, պէտք է բարեփոփոխութեան ենթարկուի: Տարբեր խօսքով, Սահմանադրութիւնը վերամշակելու միջոցով պէտք է անցնիլ խորհրդարանական կառավարման համակարգին: Ասո՛ր համար անհրաժեշտ են այն 7 կէտերը, որոնք մշակուած են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան կողմէ:

Փետրուար 18, 2015

[email protected]

 

 

Նախորդը

Քանատահայ Աշակերտուհին Արիւնը Մաքրող Նոր Սարք Մը Ստեղծած Է

Յաջորդը

Խոկումներ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.