Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շողիկ Թորոսեան Անզուգական Դասական Համերգով Գերեց Արուեստասէր Հասարակութիւնը

Ապրիլ 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ     

11112497_10152899352424247_7180048787787284816_nԼիբանանահայ գաղութը ոչ շատ հեռու անցեալին իր արուեստագէտներով` մեցցօ սոփրանօ, սոփրանօ, պաս եւ թենոր ձայներով հայ մշակոյթի մարզին ճամբով արուեստի բարձրորակ մակարդակ մը պարգեւած է Լիբանանին եւ ի մասնաւորի հայութեան: Այս առումով Թագուհի Թէքեան, Իզապէլ Պայրագտարեան, Գէորգ Պէպէճեան, Գէորգ Հաճեան եւ ուրիշներ մեր գաղութին պարծանքը կազմեցին եւ տակաւին կը կազմեն Լիբանանի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

Լիբանանահայութեան համար նորագոյն յայտնաբերում մը եղաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն շրջանաւարտ եւ երգի ուսուցչուհի Շողիկ Թորոսեանի դասական բարձրորակ համերգը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 մարտ 2015-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ:

Սրահը լեցուցած արուեստասէր հասարակութիւնը հմայուեցաւ` ի տես ներկայացուած բացառիկ համերգին:

11086878_10153227178829559_1406641413_oՅայտագիրին առաջին բաժինը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած մեծ երաժիշտին` Կոմիտաս վարդապետին, ունկնդիրները փոխադրեց հայրենի աշխարհ: Արուեստագէտը իր բիւրեղ եւ առինքնող ձայնով կրցաւ փոխանցել մեր յոյզերը, հայուն տառապանքը եւ, վերջապէս, վերապրելու կամքը: Ներկաները ապրեցան Կոմիտասի գրած ու յօրինած երգերուն բնոյթը եւ արժէքը: Համերգին ներկայ գտնուող օտար հասարակութեան Շողիկ Թորոսեան կրցաւ փոխանցել Կոմիտասի դիւթիչ երաժշտութեան արժէքը: Ահա եւ համերգին լիարժէք յաջողութիւնը: Այս պատկերը մեզի յիշեցուց այն, որ երբ տարիներ առաջ տեղի կ՛ունենար երգ-մրցանք մը, հայ արուեստագէտի կողմէ ներկայացուած կոմիտասեան երգը արժանացաւ օտար հասարակութեան ջերմ գնահատանքին: Շողիկ Թորոսեանի համերգին առաջին բաժինին փայլք տուաւ դաշնակահար Յասմիկ Գասպարեանի ընկերակցութիւնը:

Յայտագիրին երկրորդ մասը, որ առաւելաբար կը բաղկանար միջազգային դասական կտորներէ, ինչպէս` Ֆրենք, Մոցարթ, Քաչինի, Պապաճանեան, Բուչինի, Տէ Քուրդիս, բաւական մեծ տպաւորութիւն ձգեց արուեստասէր հասարակութեան վրայ: Այս բաժինին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի սենեկային համոյթին ընկերակցութիւնը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն էր Աշոտ Ճենտերեճեան, ունկնդիրներուն հոգեկան բերկրանքի պահեր պարգեւեց:

Շողիկ Թորոսեանի դասական իւրայատուկ համերգը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ իր անուրանալի դրոշմը ձգեց: Արդարեւ, Թորոսեան յստակ պատգամ մը փոխանցեց նոր սերունդին` սիրել դասական երաժշտութիւնը, հայ երգը, Կոմիտասը, տէր կանգնիլ անոնց եւ որպէս աւանդ ու արժէք` փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:

Շողիկ Թորոսեանի դասական բարձրորակ մենահամերգը եւ առինքնող ձայնը երկար պիտի մնայ լիբանանահայ արուեստասէր եւ մշակութասէր հանրութեան յիշողութեան մէջ` մինչ նոր համերգացանկի ունկնդրութիւն:

 

Նախորդը

Բերձորի Մէջ Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Պուրակի Բացում

Յաջորդը

Ռոտրիկեսի Հրաժարագինը` 20 Միլիոն Եւրօ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?