Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Ապրիլ 2, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

B_2-AmasiaՀարցումս անտեղի չէ: Գէթ Հալէպի հայահոծ մեր միջավայրին մէջ ես բնիկ ամասիացիի մը կամ ամասիացիներու շառաւիղներու չեմ հանդիպած:

Հայկական հանրագիտարանները կը հաստատեն, թէ Եղեռնի նախօրէին Ամասիոյ գաւառի հայ բնակչութեան թիւը շուրջ 20.000 էր:

Ուրեմն, ո՞ւր գացին, ո՞ւր կորսուեցան անոնք:

Ամենայն հաւանականութեամբ, կոտորուեցան կամ անօթի-ծարաւ ինկան աքսորի ճամբաներուն վրայ, որովհետեւ մարդկային բնական ուժերէն վեր էր Ամասիոյ հեռաւոր շրջանէն հետիոտն քալել մինչեւ Հալէպ ու Տէր Զօր… Ճամբան այնքա՜ն երկար էր ու անվերջանալի…

Բայց կը թուի, թէ քանի մը հարիւր հայեր յաջողեցան փրկել իրենց մորթը ու վերապրեցան: Անոնցմէ ոմանք կրցան նոյնիսկ Ֆրանսա անցնիլ ու 1927-ին Մարսէյի մէջ հիմնել ԱՄԱՍԻՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ԵՐԿՍԵՌ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ: Կցուած նկարը այդ ցոյց կու տայ:

Արդարեւ, ամասիացիները քով-քովի գալէ ու հայրենակցական իրենց միութիւնը կեանքի կոչելէ ետք, շուտով մշակած են նորահաստատ միութեան ծրագիր-կանոնագիրը ու զայն վաւերացուցեր են ալ պատկան իշխանութիւններէն: Ի՜նչ հիանալի կարգապահութիւն, օրինաւորութիւնը յարգելու բծախնդրութիւն, միութեան աշխատանքները ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ դարձնելու ճիգ ու նախանձախնդրութիւն:

Բայց ըսէ՛ք տեսնեմ, Ամասիոյ աշխարհագրական դիրքը ծանօ՞թ է ձեզի:

Ամասիան կը գտնուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան կեդրոնական բաժնին մէջ, սեւծովեան Սամսոն նաւահանգիստէն դէպի հարաւ: Մօտիկ է Չորումին եւ Թոքատին: Քաղաքին մէջէն կը հոսի Իրիս գետը: Անցեալին Ամասիան եղած է Պոնտական թագաւորութեան մայրաքաղաքը: Մաս կազմած է պատմական Փոքր Հայքին: Մեծ եղեռնէն առաջ քաղաքին բնակչութեան մօտ կէսը հայեր էին…

Շրջանի հայաշատ քաղաքներ եղած են նաեւ ՄԱՐԶՈՒԱՆն ու ԶԻԼԷն:

Ամասիան ամբողջ աշխարհի համար ծննդավայրն է յոյն նշանաւոր աշխարհագէտ Ստրապոնին (Ա. դար):

Իսկ մեզի` հայերուս համար անիկա ծննդավայրն է ԺԵ. դարու համբաւաւոր հայ բժիշկ ու մեծարժէք գիտնական Ամիրտովլաթ Ամասիացիին:

Ամասիացիները իրենց հայրենակցական ծանրածանր պատմագիրքը լոյս ընծայեցին Վենետիկի Մխիթարեաններու Ս. Ղազարու տպարանէն, 1966-ին, «Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ» խորագրով (հեղ.` Գաբրիէլ Յ. Սիմոնեան):

Կը պատմուի, թէ Ամասիան համբաւաւոր էր իր ընտիր գինիով եւ կուտատուկով (պամիա):

Դար մը առաջ Ամասիան պարպուեցաւ իր շէն ու կենսուրախ հայ բնակիչներէն:

Քանի մը տասնամեակ Ամասիոյ յիշատակը կարելի եղաւ վառ պահել հոս ու հոն հիմնուած հայրենակցական միութիւններու ճամբով:

Իսկ հիմա՞: Տխուր չի՞ հնչեր իմ վերի հարցումս.

«Մեր շուրջը ամասիացիներ մնացի՞ն…»:

Հալէպ

Նախորդը

Ժորին Կամ Ոսկեպտղին` Ձմրան Պտուղը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակ. Լիբանանահայ Աշակերտները Ֆլեշմոպով Կը Յիշեն Եւ Կը Պահանջեն Հայ Ժողովուրդին Արդար Իրաւունքները

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?