Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժորին Կամ Ոսկեպտղին` Ձմրան Պտուղը

April 2, 2015
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Ուժի Աղբիւր

4-02-15_persimmonԺորին (խարման) կու գայ Չինաստանէն: Անոր ծառը կը կոչուի Kaki-ի ծառ: Շատեր նաեւ զայն կ՛անուանեն «Ճափոնի ծիրան»` հաւանաբար մեկնելով անոր նարնջագոյն գոյնէն եւ քաղցր համէն: Իսկ անոր մշակումը Միջերկրականի ափերուն` արդի ժամանակաշրջանին կը պատկանի: Ժորիին տեսակները շատ են. կայ Ֆույուն (Fuyu), որ հարուստ է խէժով, աղաղով (tannin), հետեւաբար նախընտրելի է զայն սպառել, երբ պտուղը ամբողջութեամբ կը հասուննայ, կը քաղցրանայ, կը կակուղնայ եւ կը նուազին անոր դառնութիւնն ու կպչունութիւնը: Կայ ժորիի այլ տեսակ մը` Persimmon-ը, որ աւելի նուազ բնաթելեր կը պարունակէ եւ նուազ դառն է, հետեւաբար կարելի է զայն սպառել, երբ կիսովին հասուն է:

4-02-15_kakiԳիտէի՞ք, թէ ժորիի իւրաքանչիւր պտուղ կը պարունակէ ութ կուտի հատիկ: Եթէ խակ գնենք զայն, քանի մը օրէն կը հասուննայ: Ժորին կարելի է ուտել դգալով` առանց կեղուելու կամ շերտելու ժամանակ տալու: Կարելի է նաեւ անկէ պատրաստել անուշ կամ պաղպաղակ: Իսկ եթէ զայն շերտենք, կարելի է զետեղել զանազան աղցաններու մէջ` բանջարեղէնի, պտուղի եւ նոյնիսկ ապխտած միսի հետ:

Անոր քաղցր համը արդիւնքն է անոր կլիւսիտներով կամ շաքարով հարուստ ըլլալուն: 100 կրամ ժորին կը պարունակէ 15 կրամ կլիւսիտներ:Միւս կողմէ, սակայն, ան աղքատ է բնական կիտրոնաթթուներէ` 100 կրամ ժորին կը պարունակէ միայն 300 միլլիկրամ կիտրոնաթթու: Իւրաքանչիւր ժորին կը պարունակէ հաւասար քանակութեամբ ֆրուքթոզեւկլուքոզ: Այս իսկ պատճառով անիկա հարուստ է ուժականութեամբ: Իւրաքանչիւր 100 կրամ ժորին կը պարունակէ 60 քիլոքալորի:

Եթէ կը հետեւիք սննդականոնի, կը յանձնարարենք, որ չչափազանցէք ժորիի սպառումը, մանաւանդ` հասուն ժորիին, որովհետեւ որքան հասուն ըլլայ ան, այնքան աւելի շաքար կը պարունակէ, հետեւաբար այդքան աւելի քալորի կը պարունակէ:

Հասուն ժորին աղիքները կը կակուղցնէ, որովհետեւ հարուստ է բնաթելերով: Հետեւաբար շատ լաւ դարման է պնդութիւն ունեցողներուն: 100 կրամ ժորին կը պարունակէ 2.5 կրամ բնաթել:

 

Վերանորոգող Եւ Երիտասարդականացնող Պտուղը

 

Ժորին, ինչպէս նախապէս ըսինք, մուգ նարնջագոյն է, եւ այս փաստ է, որ հարուստ է բնական թոյրով եւ կենսանիւթ Ա.ի նախատեսակով` քարոթինով: 100 կրամ ժորին կը պարունակէ 1.4-էն 3 միլլիկրամ քարոթին: Ան ոչ միայն հարուստ է քարոթինով, այլեւ կը պարունակէ լիքոպին եւ զանթին տարրերը, որոնք հականեխիչ տարրեր են, որոնք մարմինը կը պաշտպանեն ազատ արձակուած տարրերու  վնասներէն, հետեւաբար երիտասարդ կը պահեն մարմինը:

Քարոթին պարունակող պտուղներու շարքին են նաեւ` ծիրանը, սեխը եւ մանկան:

Ժորին կը պարունակէ նաեւ կենսանիւթ Սէ., որ նաեւ հականեխիչ տարր մըն է: 100 կրամ ժորին կը պարունակէ 7 միլլիկրամ կենսանիւթ Սէ.: Որքան ժորին հասունանայ, այնքան կենսանիւթ Սէ.-ի քանակը կ՛աւելնայ:

Ժորին կը պարունակէ նաեւ հանքային աղեր, որոնց ընդհամէնը հաւասար է 700 միլլիկրամի` իւրաքանչիւր 100 կրամ ժորիի մէջ: Հանքային աղերու տեսակներն են` փոթասիոմը, քալսիոմը եւ ֆոսֆորը:

 

 

 

Նախորդը

Զատկուան Յարդարանքներ

Յաջորդը

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.