Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Աշխարհը Չի Կրնար Անվերջ Անտեսել
Արցախի Ձեռքբերումները. Բակօ Սահակեան
Նախորդ շաբաթ Արցախի Հանրապետութեան նախագահական նստավայրին մէջ հիւրընկալուեցան «Արարատի ստորոտին» 5-րդ միջազգային տեղեկատուական ֆորումի խումբ մը մասնակիցներ:
Հանդիպումին մասնակցեցան լրատուամիջոցներու 29 ներկայացուցիչներ` 12 երկիրներէ, գրեթէ առանց բացառութեան բոլորն ալ կը ներկայացնէին արտասահմանեան լրատուամիջոցներ:
Այս հանդիպումին մասին գրած է լրագրող Նորայր Յովսէփեան, որ կ՛ըսէ. «Հիւրերի պաշտօնական վիճակագրութիւնն է: Արցախ եկել են նրանք, ովքեր չեն վախեցել Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակում» յայտնուելու իրական հեռանկարից: Հիւրերի թւում լրագրողներ կային Ռուսաստանից, Ռումանիայից, Իտալիայից, Արժանթինից, անգամ` Թուրքիայից: Մեծ մասն Արցախում է առաջին անգամ:
Նախագահ Բակօ Սահակեան, ճանաչողական հանդիպման ոգիին հաւատարիմ, նախ ներկայացուց Արցախը` 1988-ի շարժումէն մինչեւ մեր օրերը, անդրադառնալով ոչ միայն քաղաքական զարգացումներուն, այլ նաեւ` ընկերային եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն: Հանդիպման հիմնական մասը հիւրերուն հարցումներուն յատկացուած էր: Հարցում ուղղողներուն կարգին էր Արժանթինէն եկած լրագրող մը, որ ըսաւ. «Մեզի պատմած էին Արցախի զարգացման մասին, եւ ժամանելով հոս` մենք ատիկա տեսանք: Բայց առայժմ միայն զինադադար հաստատուած է. ի՞նչ կը մտածէ Արցախի նախագահը խաղաղ կարգաւորման հեռանկարներուն մասին»: Նախագահը ամէնէն արդիւնաւէտ տարբերակը խաղաղ բանակցութիւնները նկատեց. «Միջնորդներն, այո՛, այդ ուղղութեամբ մեծ ջանքեր են գործադրում, եւ մենք դա գնահատում ենք, սակայն կարգաւորման գործընթացն առանց բանակցութիւններին Արցախի մասնակցութեան` վերականգնումը չի կարող վերջնական արդիւնքի հասնել»:
Սերպիայէն եկած լրագրողին համար կարեւոր էր Բակօ Սահակեանին կարծիքը` միջազգային մակարդակի վրայ նոր պետութիւններու ձեւաւորման փաստին մասին: «Եթէ համակեցութեան այլ տարբերակներն արդէն անհնար է կիրառել եւ դա ժողովրդի կամքն է, ապա աշխարհը միայն կարող է համակերպուել նոր պետութեան ծննդի փաստին», դիտել տուաւ նախագահ Սահակեան` աւելցնելով. «Այդ շարքից է նաեւ Արցախի` որպէս պետութիւն ձեւաւորուելու եւ կայանալու փաստը»:
Ռուսիայէն եկած լրագրողին կը հետաքրքրէր Արցախի սեփական եկամուտներու հարցը: Նախագահը անկեղծ էր. «Նախկինում թուերն աւելի համեստ էին: Այսօր 50 տոկոսը սեփական եկամուտներն են կազմում, 50 տոկոսը` Հայաստանի Հանրապետութիւնից ստացուող միջպետական վարկը»: Նոյն լրագրողի երկրորդ հարցումը կը վերաբերէր այն երեւոյթին, որ Արցախի քաղաքացիները նաեւ հայաստանեան անձնագիրներ ունին: Նախագահը այդ մէկը մեկնաբանեց որպէս արտաքին աշխարհին հետ կապ հաստատելու կարելիութիւն: «1988-ին շարժումն սկսել ենք միացման պահանջով, սակայն քաղաքական զարգացումներն ստիպեցին ընտրել միջանկեալ տարբերակը` հռչակել անկախ պետութիւն: Այսօր մեր խնդիրը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչմանը հասնելն է: Հայաստանին վերամիաւորուելու հեռանկարը կայ իւրաքանչիւր արցախցու երազում, բայց չկայ պաշտօնական Ստեփանակերտի այսօրուայ քաղաքական օրակարգում», բացատրած է երկրին ղեկավարը:
Թուրք լրագրողի առաջին հարցումը քաղաքական չէր. «Ի՞նչ դեր ունին կիները Արցախի մէջ»: «Մենք վաղուց համակերպուել ենք, որ կանայք պէտք է նշանակալի դերակատարում ունենան: Չենք կարող մեզ համար պայքարի մի նոր ճակատ բացել», կէս կատակ ուղղուած հարցումին կատակով հակադարձեց նախագահը: Նոյն լրագրողին երկրորդ հարցումը կը վերաբերէր հակամարտութեան: «Այսօր Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ կայ մարդոց ստուար զանգուած մը, որ իսկապէս խաղաղութիւն կը ցանկայ, անոնց ուղղուած ի՞նչ պատգամ ունի Արցախի նախագահը», հարցուցած է թուրք լրագրողուհին: «Եթէ խաղաղութիւն են ցանկանում, պէտք է ողջ հասարակութեանը խաղաղութեան պատրաստել», համոզուած է Բակօ Սահակեան` դիտել տալով, որ այսօր Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը պետական մակարդակով հակառակ քաղաքականութիւն կը կիրարկեն` սկսելով մինչեւ իսկ մանկապարտէզներէն:
Նիւթին տրամաբանական զարգացումը պասք լրագրողը ապահովեց: «Հակամարտութեան կարգաւորումէն ետք նախապէս Արցախի տարածքին մէջ ապրած ազրպէյճանցիները արդեօք պիտի կարենա՞ն վերադառնալ եւ որպէս Արցախի քաղաքացիներ ապրիլ հոս: «Ինչո՞ւ սպասել մինչեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը: Մենք յայտարարել ենք եւ ես այսօր հերթական անգամ եմ հաստատում, որ Արցախում պատրաստ են ընդունել աշխարհի ցանկացած երկրից ժամանողին, ով ցանկութիւն կը յայտնի սահմանուած կարգով գալ, գրանցուել եւ մեր օրէնքներով ապրել մեր կողքին: Բնականաբար դա նաեւ ազրպէյճանցիներին է վերաբերում: Սակայն եթէ փախստականների մասին ենք խօսում, հարցը պէտք է համակողմանի դիտարկենք: Չէ՞ որ նաեւ Ազրպէյճանում են հարիւր հազարաւոր հայեր ապրել, ովքեր յայտնի դէպքերին իբրեւ հետեւանք ստիպուած են եղել լքել իրենց բնակավայրերը: Իսկ ինչո՞ւ չենք խօսում նաեւ նրանց մասին», յիշեցուց Բակօ Սահակեան:
Հարցումներ ուղղուեցան նաեւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ: Պաքուն արդէն այդ ընտրութիւնները անվաւեր հռչակած է: Արցախի նախագահը չի մեկնաբաներ Պաքուի գնահատականները: Արցախի մէջ կը շարունակուի եւրոպական արժեհամակարգին համահունչ պետութեան կառուցումը, իսկ տարբեր մակարդակի ընտրութիւնները ատոր բաղկացուցիչ մաս են: Արդեօք Եւրոպան եւ ընդհանրապէս աշխարհը պիտի գնահատէ՞ ատիկա եւ պիտի ճանչնա՞յ Արցախը` որպէս անկախ պետութիւն: Ճանաչման գործընթացը տարբեր աշխարհամասերուն մէջ ու տարբեր մակարդակներու վրայ արդէն մեկնարկած է, սակայն Բակօ Սահակեան իրատես է. «Ցաւօք, այսօր բոլորը առաջադիմական գաղափարներից են խօսում, սակայն գերակշռողը դեռ մնում են տնտեսական շահերն ու դրանցից բխող քաղաքական հաշուարկները: Իսկ միջազգային հանրութիւնը, մինչեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը, դեռ առաջին փուլում անելիք ունի` ուղղուած շփման գծում լարուածութեան թուլացմանը»:
Հանդիպումը տեւեց աւելի քան 2 ժամ: Այդ ընթացքին 16 լրագրողներ օգտուեցան հարցում ուղղելու իրենց իրաւունքէն` միջին հաշուով երեքական հարցում ուղղելով Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին:
Պարոյր Սեւակի Տուն-Թանգարանի Կից
Զանգակատան Բացում
Արարատի մարզի Զանգակատուն համայնքին մէջ 21 մարտին կայացաւ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանին կից կառոյցի` զանգակատան բացումը: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Արարատի մարզպետ Ռուբիկ Աբրահամեան, մարզպետարանի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան վարչութեան պետ Յասմիկ Գասպարեան, վարչութեան աշխատակիցներ, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, Հայաստանի ընկերային ներդրումներու հիմնադրամի նախագահ Աշոտ Կիրակոսեան, տարբեր գրական հրատարակչատուներու ղեկավարներ եւ այլն:
Նորակառոյց մասնաշէնքի` զանգակատան բացման օրը համընկնեցաւ Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան, այդ պատճառով ալ նախագահին կ՛ընկերակցէին նաեւ Արեւշատ Աւագեան, Ռազմիկ Դաւոյեան, բանաստեղծութեան բնագաւառի այլ կարկառուն ներկայացուցիչներ:
Նախագահ Սարգսեան այցելութեան ընթացքին ծանօթացաւ երկյարկանի կառոյցին, ներքին բաժանումներուն եւ անոնց գործունէութեան: Առաջին յարկին վրայ կայ հաւաքածոներու սենեակ, գրապահոց, երկրորդ յարկին վրայ` տնօրէնի աշխատասենեակ, ընդունելութիւններու սրահ: Սերժ Սարգսեան այցելեց նաեւ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարան, ուր տնօրէն Աւետիք Գրիգորեան ներկայացուց Սեւակի անձնական իրերը, մասունքները, նամակները, անոր գրական ամբողջ ժառանգութիւնը եւ թարգմանութիւնները:
«Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին տուն-թանգարանի տնօրէն Աւետիք Գրիգորեան ըսաւ. «Մնայուն եւ կայուն ջեռուցման պայմաններու մէջ գրական ամբողջ արխիւը, գրողի ողջ ժառանգութիւնը կը փրկուի քայքայումէն` այդպիսով կարելիութիւն ստեղծելով այդ ժառանգութիւնը ի պահ տալու յաջորդ սերունդներուն: Գիտական աշխատողի համար նախատեսուած սենեակին մէջ մասնագէտը ամբողջ ժառանգութիւնը ձեռքի տակ ունենալով` պիտի կարենայ Սեւակին ու անոր բանաստեղծութեան նորովի եւ իր տեսանկիւնէն ներկայացնելու, գրական ասպարէզի մէջ նոր նուաճումներ ու նորարարութիւններ ընելու: Արդէն Զանգակատուն տեղափոխուած են նիւթերու մէկ մասը: Յառաջիկային պիտի սկսին անոնց մշակման, թուայնացման աշխատանքները»:
2014-ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարականով ընթացք առած շինարարական աշխատանքներուն համար տրամադրուած է շուրջ 35 միլիոն դրամ: Զանգակատունը կառուցուած է Ճիմ Թորոսեանի աշակերտ Էրիկ Օհանեանի նախագիծով:
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Կը Դժուարացնէ
Կրօնափոխ Հայերուն Կրօնադարձութիւնը
Թուրքիոյ մէջ նկատելի է կրօնափոխ հայերու զարթօնք` վերադարձ դէպի հայկական արմատներ, ինչ որ բնականաբար կը կատարուի դարձի գալու միջոցով` մկրտութեամբ:
Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին խօսած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան:
Միաժամանակ ան նշած է, որ Թուրքիոյ այն հայերը, որոնք կը խօսին իրենց ինքնութեան մասին, եւ որոնք կը դիմեն եկեղեցի` մկրտութեան համար, վտանգի տակ կը դնեն իրենց բարեկեցութիւնը, աշխատանքը, ունեցուածքը եւ երեխաներու ապագան:
«Այս դժուարութիւններուն կամայ թէ ակամայ խնդիրներ կ՛աւելցնէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը: Անոնք կը դժուարացնեն կրօնափոխ հայերուն դէպի հայութեան գալու ճամբան: Օրինակ, Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի վերջին յայտարարութիւնը, որ բոլոր անոնք, որոնք չեն մկրտուած հայկական եկեղեցւոյ մէջ, հայ չեն, չեն կրնար հայ նկատուիլ: Պատրիարքի փոխանորդը նաեւ մկրտութեան գինը աւելցուցած է (4850-էն աւելի լիրա, մօտ 1800 տոլար): Բացի ատկէ, մկրտուիլ փափաքողները պէտք է քանի մը ամիս Պոլսոյ մէջ դասընթացներու մասնակցին, քանի որ միայն հոն հայկական եկեղեցին կը գործէ, այնուհետեւ պէտք է արխիւներէն ձեռք բերել փաստաթուղթեր, որոնք պիտի ապացուցեն, որ հայ են, մկրտուելէ ետք համապատասխան ատեան դիմեն, անձնագիրին մէջ փոփոխութիւններ կատարեն, իսլամութեան փոխարէն` նշուի քրիստոնեայ: Հայ ըլլալու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ», ըսած է ան:
Ըստ Հ. Ալվրցեանի, Հայոց պատրիարքարանը փաստօրէն կը դժուարացնէ կրօնափոխ հայերու կրօնադարձութեան գործընթացը իր ոչ հասկնալի, կամայական մօտեցումներով. «Այս ամէնը պետութեան կողմէ թելադրուած դրսեւորում է` փոխանորդի կամազրկութեան պատճառով»:
Անդրադառնալով Արամ արք. Աթէշեանի այն յայտարարութեան, թէ պատրիարքութեան ոչ մէկ եկեղեցւոյ մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ոգեկոչող զանգերու 100 ղօղանջ պիտի լսուի, Ալվրցեան ըսած է, թէ ասիկա եւս կը վկայէ այն մասին, որ քաղաքական կեցուածքի բացակայութիւն գոյութիւն ունի: «Այս ամէնը ան կ’ընէ թրքական իշխանութեան թելադրանքով, Արամ արք. Աթէշեանը որեւէ ազդեցութիւն չունի», հաստատած է Հայկազուն Ալվրցեան:
«Մեդիամաքս»-ի Եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի
«100 Վայրկեան» Նախագիծը
«Մեդիամաքս» մետիա ընկերութիւնը եւ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ը 24 մարտին Երեւանի մէջ ներկայացուցած են «100 վայրկեան» նախագիծը:
«100 վայրկեան» նախագիծը հիմնուած է Ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւններուն վրայ, որոնք հրապարակուած են Հայաստանի Ազգային արխիւին կողմէ: Աշխարհի կամ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ նշանաւոր մարդոց` գրողներու, երաժիշտներու, դերասաններու, լրագրողներու, առաջարկուած էր կարդալ 100 երկվայրկեան տեւողութեամբ հատուածներ այդ վկայութիւններէն:
Նախագիծի ծիրին մէջ պատրաստուած է 24 տեսահոլովակ, որոնք 23 մարտէն սկսեալ ամէն օր կը տեղադրուին www.Mediamax.am/100 seconds կայքին վրայ:
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ կայացած շնորհահանդէսէն առաջ միացեալ մամլոյ ասուլիս տուած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար, Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը եւ «Մեդիամաքս»-ի տնօրէն Արա Թադեւոսեան:
«100 վայրկեան» նախագծի գլխաւոր նպատակը մարդկութեան ուշադրութիւնը գրաւելն է այն սոսկալի տառապանքների վրայ, որոնք 100 տարի առաջ կրել են հայերը: Այդ վկայութիւնները հեշտ չէ կարդալ եւ լսել, սակայն որքան շատ մարդ ցնցուի լսածից, այդքան մեծ կը լինի հաւանականութիւնը, որ նրանք կ՛անեն հնարաւոր ամէն ինչ` նոր ցեղասպանութիւններ թոյլ չտալու համար: Մեր նախագիծը կոչուած է հերքելու Ատոլֆ Հիթլերի այն խօսքերը, որոնք նա ասել էր 1939-ին` Լեհաստան ներխուժելուց մէկ շաբաթ առաջ. «Եւ ո՞վ է այսօր յիշում հայերի վերացման մասին», ըսած է Արա Թադեւոսեան:
«Ուզում եմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեանը, որը պարբերաբար կանգնում է նման կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող ընկերային նախաձեռնութիւնների կողքին: Տուեալ դէպքում ունենք արդիւնք, որը նաեւ կարեւոր է նրանով, որ նախագծի մասնակիցները առանց որեւէ վճարի` օգտագործելով իրենց բարի համբաւն ու ճանաչելիութիւնը, նպաստել են մեր պատմութիւնը աւելի լսելի դարձնելու գործին: Որպէս պետական յանձնաժողովի համակարգող ողջունում եմ նախագիծն ու բոլորին խնդրում եմ աջակցել այդ նիւթերի տարածմանը», յայտնած է Վիգէն Սարգսեան:
«Մեր ընկերութիւնը կարեւորում է «100 վայրկեան» նախագծի իրականացումը: Վերջին 10 տարիների ընթացքում մենք «Մեդիամաքս»-ի հետ համատեղ շատ նշանակալի նախագծեր ենք իրականացրել, սակայն այս մէկը առանձնայատուկ է, քանի որ պէտք է աշխարհին յիշեցնի հայոց պատմութեան սարսափելի էջի մասին: Մենք շնորհակալ ենք տարբեր ազգութիւններ ներկայացնող մարդկանց, ովքեր մասնակցել են այս նախագծին եւ դրանով ապացուցել, որ Ցեղասպանութեան խնդիրը միայն հայերին չի վերաբերում», նշած է Ռալֆ Եիրիկեան:
Շուշիի Ջարդերու 95-րդ Տարելիցին Նուիրուած
Կլոր Սեղան
24 մարտին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ կլոր սեղան` նուիրուած 20-րդ դարու սկիզբը Շուշիի մէջ կովկասեան թաթարներու (ներկայիս ազրպէյճանցիներու) կողմէ կատարուած հայերու ջարդերու 95-րդ տարելիցին:
Կլոր սեղանին հրաւիրուած էին ուսուցիչներ եւ աշակերտներ Շուշի քաղաքէն, ինչպէս նաեւ ուսանողներ` Արցախի համալսարաններէն:
Ելոյթներով հանդէս եկան Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան երեսփոխան, Արցախի պետական համալսարանի դասախօս, պատմաբան Վահրամ Բալայեան, երիտասարդ իրաւաբան Վահէ Յարութիւնեան: Բանախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ խօսեցան Շուշիի ջարդերուն, ինչպէս նաեւ կովկասեան թաթարներուն կողմէ հայաշատ շրջաններուն մէջ 20-րդ դարասկիզբին կատարուած ջարդերուն եւ անոնց պատճառներուն մասին` վերլուծելով կատարուածը եւ դատապարտելով նման ոճրագործութիւններ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 20-րդ դարասկիզբին Շուշիի, Պաքուի եւ այլ բնակավայրերու մէջ կովկասեան թաթարներուն կողմէ գործադրուած ջարդերը 1915 թուականի օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութիւնն էին:
Կլոր սեղանին ընթացքին նաեւ համապատասխան փաստեր ներկայացուեցան 1918-1920 թուականներուն կովկասեան թաթարներուն կողմէ հայերու նկատմամբ գործադրուած յանցագործութիւններուն վերաբերեալ:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները բանախօսներուն ուղղեցին իրենց հարցումները: