Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Հայ Գրականութեան Թուայնացման Ծրագրի Համահեղինակ Մերուժան Կարապետեանի Հետ

March 31, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Meroujan-Garabedian«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Դուք թուայնացուցած էք հայկական դասական գրականութիւնը: Կը խնդրէինք, որ այդ առնչութեամբ որոշ մանրամասնութիւններ փոխանցէք:

ՄԵՐՈՒԺԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Ինչպէս ըսիք, մենք թուայնացուցած ենք 5-18 դարերու հայ դասական գրականութիւնը, այսինքն` մատենագիր Կորիւնէն մինչեւ աշուղ Սայաթ Նովա: Այս նիւթերը 1999 թուականէն արդէն ազատ օգտագործման համար զետեղած ենք համացանցի վրայ: Ընդհանուր առմամբ շուրջ` 3000 միաւոր գրականութիւն, որ պատկեր չէ, այլ` թուայնացուած, որ բաժնուած է գլուխներու` ըստ հեղինակներու անուններուն եւ գործերուն:

2007-2008 տարիներուն արեւմտահայ գրականութեան 68 հեղինակներու ամէնէն նշանաւոր գործերը համադրեցինք եւ թուայնացուցինք: Իսկ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ի մօտոյ i-book-ի ձեւով հայ գրողներու գեղարուեստական գործերը ազատ ձեւով պիտի ներկայացնենք ընթերցողներուն:

Մենք թուայնացուցած ենք նաեւ հայագիտական ուսումնասիրութիւններն ու հետազօտութիւնները` 18-րդ դարու վերջերէն սկսեալ` Ինճիճեան, Ալիշան եւ այլն, մինչեւ մեր օրերը:

Այս աշխատանքը առաջին անգամ հիմնեցինք Երեւանի ամերիկեան համալսարանին մէջ` «Տիժիլիպ» (DIGILIB*) անունով, եւ ինչպէս գիտէք այն ատեն (1999 թուականին) համացանցին վրայ նոյնիսկ հայերէն լեզուն գոյութիւն չունէր: Հետեւաբար մեր աշխատանքը նորութիւն մըն էր: Այսօր կը շարունակենք այդ գործը եւ կը փորձենք օրը օրին մեր կայքէջը ամբողջացնել նոր տեղեկութիւններով:

«Ն. Յ.».- Ո՞վ կը հոգայ ձեր նիւթական ծախսերը:

Մ. Կ.- Նախ ըսեմ, թէ դժբախտաբար պետութեան կողմէ որեւէ օժանդակութիւն չենք ստանար: Մեզի կ՛օգնեն անհատ բարերարներ, մեծ մասամբ Ամերիկայէն: Յիշենք Պոսթընէն Ալիս Յովհաննէսեանին (այժմ` հանգուցեալ) անունը, որ գանձատրեց դասական գրականութեան բաժինը, իսկ սփիւռքի գրականութեան ծախսերը հոգաց «Թրփանճեան» հիմնադրամը:

«Ն. Յ.».- Քանի՞ հոգի կը զբաղի այս աշխատանքով:

Մ. Կ.- Անցեալին նոյնիսկ ունեցած ենք 35 աշխատակիցներ, սակայն այսօր քիչ մը դժուար են պայմանները, եւ մեր անձնակազմին թիւն ալ պակսած է:

«Ն. Յ.».- Դուք պատմաբան էք եւ այս ծրագրին գիտական տնօրէնը: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք 2014-ի աշխատանքը:

Մ. Կ.- Օրական շուրջ 2000 հոգի կը բանայ մեր կայքէջը եւ գրեթէ նոյնքան մարդ ալ կ՛օգտուի հոն տեղ գտած նիւթերէն: Այդ մարդիկ ցրուած են աշխարհով մէկ: Վիճակագրական տուեալներով, ամէնէն շատ օգտուողները Հայաստանէն են, երկրորդ տեղը կը գրաւեն ամերիկացիները, իսկ երրորդը` Ռուսիոյ բնակիչներն են:

«Ն. Յ.».- Ֆրանսայէն օգտուողներուն թիւը ի՞նչ է:

Մ. Կ.- Ֆրանսացիներուն թիւը շուրջ 70 է: Ըսեմ նաեւ, որ մեր Դիմատետրի էջերուն մէջ 40 երկիրներէ 11 հազար անձեր ամէն օր տեղեկութիւններ կը զետեղեն:

«Ն. Յ.».- Նման էջեր ունին նաեւ այլ ընկերակցութիւններ: Կը գործակցի՞ք անոնց հետ:

Մ. Կ.- Մարսէյի մէջ «Web-Արամ»-ը կը գործէ, կամ Փարիզի Ազգային գրադարանն ալ այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի: Սակայն ի տարբերութիւն մեզի` անոնք նիւթերուն պատկերները կը զետեղեն իրենց կայքէջին վրայ: Անշուշտ մեզի պէս թուայնացուած ձեւով աշխատողներ ալ կան, բայց ծաւալը նոյնը չէ: Մենք արմատական թուայնացում կը կատարենք եւ մեր գործունէութեան դաշտը անծայրածիր է: Հոս կ՛ուզեմ օրինակ մը բերել.- Հայ ժողովուրդը ունի աւելի քան 30 հազար ձեռագիրներ, որ յունահռոմէական դասական գրականութեան մէկ տասներորդը կը նկատուի: Հետեւաբար կրնաք երեւակայել, թէ տակաւին որքա՜ն աշխատանք կը սպասէ մեզի:

«Ն. Յ.».- Ի՞նչ է «Տիժիլիպ»-ը:

Մ. Կ.- «Տիժիլիպ»-ը կամ «Հայ մատենագրութեան թուային գրադարան»-ը համացանցի մէջ գործող համաշխարհային գրադարանային համակարգին մէջ հայերէն գրաւոր մշակոյթի յուշարձաններու թուային շտեմարան մըն է, որ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ օգտուելու հայոց դասական, նոր ու նորագոյն շրջանի հարուստ գրականութենէն:

«Ն. Յ.».- Ի՞նչ կ՛առաջարկէ «Տիժիլիպ»-ը:

Մ. Կ.- «Հայ մատենագրութեան թուային գրադարան»-ը կը պարունակէ.-

ա.- 5-18-րդ դարերու հայ դասական մատենագրութիւնը:

բ.- 1850-2000 թուականներու արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութիւնը:

գ.- Հայագիտական եւ հայերէնագիտական գրականութիւն (զանազան ձեւաչափերով գիրքեր ու յօդուածներ):

դ.- Մատենագիտական ցանկեր (հայագիտութեան հետազօտութիւններու որեւէ ոլորտի վերաբերեալ):

ե.- Յղումներու համակարգ (մատչելի պիտի ըլլայ մօտ ապագային):

«Ն. Յ.».- Որո՞ւ համար նախատեսուած է «Տիժիլիպ»-ը:

Մ. Կ.- «Հայ մատենագրութեան թուային գրադարան»-ի ծառայութիւններէն սկզբունքով կրնան օգտուիլ անոնք, որոնք հետաքրքրուած են հայերէն գիտագեղարուեստական գրականութեամբ:

Գրադարանին պարունակած գրականութիւնը եւ գրադարանին կողմէ մատուցուող ծառայութիւնները կրնան մեծապէս օգտակար հանդիսանալ ուսանողներուն, ակադեմական հետազօտութիւններով զբաղողներուն եւ հրատարակչական հաստատութիւններուն:

«Ն. Յ.».- Կարելի՞ է անվճար օգտուիլ «Տիժիլիպ»-ի ծառայութիւններէն: Եթէ ոչ, ի՞նչ են պայմանները:

Մ. Կ.- «Հայ մատենագրութեան թուային գրադարան»-ին մէջ զետեղուած են գրութիւններ, գիրքեր ու յօդուածներ, որոնք ազատ են ընթերցանութեան համար: Իսկ գրադարանի ամբողջ բովանդակութեան հասու դառնալու համար պէտք է բաժանորդագրուիլ:

«Ն. Յ.».- Արդեօք կարելի՞ է որեւէ նիւթ «Տիժիլիպ»-էն ներբեռնել:

Մ. Կ.- Բնագիրները, գիրքերու եւ յօդուածներու առանձին հատուածները կարելի է վճարովի ներբեռնել:

«Ն. Յ.».- Արդեօք քանի մը գործածողներ կրնա՞ն միաժամանակ զբաղիլ նոյն նիւթով:

Մ. Կ.- Այո՛, գրադարանը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ նոյն նիւթին միաժամանակ գործածութիւնը բազմաթիւ անձերու կողմէ:

«Ն. Յ.».- Որոնումի ի՞նչ կարելիութիւններ ունի «Տիժիլիպ»-ը:

Մ. Կ.- Օգտուողը կրնայ զինք հետաքրքրող որեւէ թեմա, գիրք կամ յօդուած որոնել:

«Ն. Յ.».- Ինչպիսի՞ լրացուցիչ ծառայութիւններ կրնայ առաջարկել «Տիժիլիպ»-ը:

Մ. Կ.- Ա.- «Տիժիլիպ»-ը կրնայ ընդունիլ գիրքերու եւ յօդուածներու թուայնացման պատուէրներ:

Բ.- «Տիժիլիպ»-ը կրնայ պատրաստել մատենագիտական տեղեկագիրներ հայագիտական հետազօտութիւններու համար` միաժամանակ այդ աշխատանքներուն մէջ ընդգրկելով մասնագէտ հայագէտներ եւս:

«Ն. Յ.».- Նիւթերը ի՞նչ ձեւաչափերով կը տրամադրուին:

Մ. Կ.- Գրադարանը կրնայ նիւթեր տրամադրել ընդհանուր տարածում գտած որեւէ ձեւաչափով:

«Ն. Յ.».- Ինչպէ՞ս կարելի է տեղեկացնել նկատելի վրիպակներու մասին:

Մ. Կ.- Նկատուած վրիպակներու մասին կարելի է տեղեկացնել նամակ ուղարկելով [email protected] հասցէին:

«Ն. Յ.».- Ինչպէ՞ս կարելի է օժանդակել աշխատանքներուն:

Մ. Կ.- «Տիժիլիպ»-ը կ՛ընդունի որեւէ օժանդակութիւն: Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար կարելի է դիմել դարձեալ [email protected] հասցէին:

 

Նախորդը

Առաջարկ. Որպէսզի Չմոռցուի Մեր Պատմութիւնը

Յաջորդը

Լրագրող Էլիֆ Աքկիւլի Ուշագրաւ Յօդուածը` Երեւանէն

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.