Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրող Էլիֆ Աքկիւլի Ուշագրաւ Յօդուածը` Երեւանէն

Մարտ 31, 2015
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

3-31-15_elif-akgulՊԻԱ լրատու կեդրոնէն Էլիֆ Աքկիւլ, որ այս օրերուն Երեւան գացեր է Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ շփումներ ունենալու համար իր պաշտօնակիցներուն հետ, իր անձնական հետեւեալ տպաւորութիւնները եւ մտածումները կը փոխանցէ մեզի:

Անցեալ տարուան 22 ապրիլ 2014-ին է, որ անցագրիս մէջ դրոշմել տուած էի հայաստանեան առաջին կնիքը: Այսօր, գրեթէ տարի մը վերջ, դարձեալ Հայաստան, Երեւանի մէջ եմ: 24 ապրիլի նախօրեակի այս օրերուն խումբ մը լրագրողներու հետ միասին Արարատի փէշերուն ժամադրուեցանք:

Հայերէն, ռուսերէն, սպաներէն, պուլկարերէն, սիպերէն, թրքերէն, արաբերէն… այս լեզուները ժողովասրահը լեցնող լրագրողներու ձայներէն մէկ քանին են: Բոլորը եկեր են միայն մէկ հարցումին պատասխանը ստանալու. «Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ Թուրքիա ինչպիսի՞ դիրքաւորում մը պիտի որդեգրէ»:

Հետաքրքրականն այն է սակայն, որ ներկաներէն ոեւէ մէկը «Ցեղասպանութիւն պատահա՞ծ է իսկապէս» չի հարցներ: 100 տարուան փաստերը փնտռող մարդիկ ալ չկան: Թերեւս պիտի հարցնէք, որ` «ի՞նչ տեսակ լրագրողներ են անոնք»: Պէտք է ըսեմ, որ անոնք շատ կարող լրագրողեր են, որոնք գիտեն, թէ ծովու մակերեսին վրայ ջուրը հարիւր աստիճանին կ՛եռայ: Այդ ջուրը «սէօզտէ» չ՛եռար, ֆոքուր-ֆոքուր կ՛եռայ:

Հրատապ վիճաբանութիւնները կը շարունակուին: Անշուշտ վիճաբանութիւններու առանցքը կը կազմէ 24 ապրիլին Թուրքիոյ կողմէ Կալիփոլիի պատերազմի յիշատակութեան առթիւ Հայաստանի ուղղուած հրաւէրը: Այնքան անիմաստ հրաւէր մըն է ասիկա, որ ներկաները «ի՞նչ կապ ունի» այս հրաւէրը 24 ապրիլին հետ, կը հարցնեն: Ի՜նչ մեղք, որ այս հարցումին պատասխանը կը սպասեն ինձմէ, քանի որ ներկաներուն մէջ միայն ե՛ս եմ, որ Թուրքիոյ քաղաքացի եմ:

Բայց ես այդ հարցումին պատասխանը չեմ գիտեր: Նախակրթութիւնս եւ միջնակարգի ուսումս ստացած եմ Թուրքիոյ կրթական նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ գործող վարժարանի մէջ: Տարիներ շարունակ Կալիփոլիի պատերազմին յաղթանակը կը տօնուէր 18 մարտին: Ոեւէ մէկը 24 ապրիլի մասին չէր խօսած մեզի: Նոյնիսկ 24 ապրիլէն չէր խօսուեր իսկ: Պաշտօնական թուականը 23 ապրիլէն սկսեալ մինչեւ 19 մայիս արձակուրդի կը մտնէր:

Հիմա ես այս 24 ապրիլի Կալիփոլիի յիշատակութեան մասին հարցումին ի՞նչ պատասխանեմ:

Բայց ինձմէ այս հարցումին պատասխանը կը սպասեն:

Որովհետեւ ասիկա սովորական տարի մը չէ: Դարուս առաջին ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է: Արդէն եթէ «Մենք Կալիփոլիի յաղթանակը կը տօնենք» ըսենք, ոեւէ մէկը չի հաւատար մեզի: «Անցեալ տարի երբ այս պատերազմի ընթացքին մահացողներուն ցաւակցութիւն յայտնեցիք, այս տարի այս յաղթանակը տօնել ուրկէ ելաւ», կը հարցնեն մեզի:

Որովհետեւ ասիկա հարիւրամեակ է:

Մէջտեղը ժողովուրդ մը կայ, որուն երեսն ի վեր, 100 տարիէ ի վեր սուտ խօսուած է եւ յաջողութիւն ձեռք բերուած է այդ ժողովուրդը այդ սուտին հաւատացնելու գործին մէջ: Թուրքիոյ մասին է իմ այս խօսքերը եւ ո՛չ թէ Հայաստանի:

Հայոց ցեղասպանութիւն, 1915, տեղահանութիւն… Ասիկա իրականութիւն մըն է, զոր քողարկել կը ջանան: Միայն ուրացում մը չէ: Պետութեան մը կողմէ իր ժողովուրդին սուտ խօսելու քաղաքականութիւնն է: Իր ժողովուրդը այդ սուտով մեծցնելու քաղաքականութիւնը: Այդ սուտով իր ժողովուրդը սպաննելու քաղաքականութիւնը: Այդ սուտին ապաւինելով` իր յանցանքը իրաւացի նկատելու քաղաքականութիւնը…:

Այդ պատճառով 100-ամեակը միայն ցեղասպանութեան ենթարկուած հայերու հարցը չէ, այլ առիթ մըն է առերեսուելու սուտի մը հետ,որ 100 տարի շարունակ մեր երեսն ի վեր շպրտուեցաւ:

Առիթ մըն է ահաւասիկ, որքան ալ որ անոնք իրական նախարարութեան կողմէ նոր թուականներ ստեղծեն:

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց Հայ Գրականութեան Թուայնացման Ծրագրի Համահեղինակ Մերուժան Կարապետեանի Հետ

Յաջորդը

Ֆրանսան` Ի Նպաստ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնորոշման Իրաւունքին

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In