Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոբելենական Երեկոյ` Նուիրուած Պարոյր Սեւակի 90-Ամեակին

April 1, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-26-15_KhosnagԿազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Խօսնակ»  պաշտօնաթերթի  յանձնախումբին, հինգշաբթի,  26 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00 -ին տեղի ունեցաւ յոբելենական երեկոյ մը ` նուիրուած Պարոյր Սեւակի ծննդեան 90-ամեակին` ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի քայլերգներով, որմէ ետք Անժել Միսիսեան «Խօսնակ»  պաշտօնաթերթի յանձնախումբին անունով արտասանեց բացման խօսքը: «Աշխարհին ուղղուած մի բացիկ եմ ես», Սեւակի այս տողով Միսիսեան սկսաւ իր խօսքը: Ան ինքզինք բախտաւոր նկատեց, որ ինք` անձամբ թէ՛ երկու անգամ տեսած է Պարոյր Ղազարեանը, թէ՛ ալ լսած է անոր արտասանութիւններէն քանի մը հատը: «Բանաստեղծական ինքնատիպ խօսքեր են Սեւակի սիրային գործերը», աւելցուց Միսիսեան:

Արփի Գարմանլեան ասմունքեց Պ. Սեւակի «Իբրեւ սկիզբ» քերթուածը, ապա Նանոր Մաճարեան դաշնակի վրայ ներկայացուց «Տեպասսի»-ն եւ Խաչատուր Աւետիսեանի «Կակաչներ» կտորները:

Իսկ Պ. Սեւակի «Մարդ էլ կայ» պատառիկը ասմունքեց Թուխիկ Աւետիսեանը:

Անայիս Կետիկեան իր իւրայատուկ ձայնով երգեց «Ոստանի հայելի»-ն եւ ժողովրդական «Աննման Հայաստան» երգը:

Յաջորդաբար Նանոր Տէր Սարգիսեան քանոնի վրայ հրամցուց շարք մը հայկական ժողովրդային երաժշտութիւն, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեան:

Մուրատեան նախ եւ առաջ սահմանեց բանաստեղծութիւնը, ապա ծանօթացուց Պարոյր Սեւակը եւ Սեւակը իբրեւ` բանաստեղծ : «Պ. Սեւակ նոյնքան մեծ բանաստեղծ, գիտնական եւ թարգմանիչ էր», շեշտեց ան:

Մուրատեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Սեւակի ստեղծագործութիւնները, մանաւանդ` «Եղիցի լոյս»-ն ու «Եռաձայն պատարագ»-ը եւ անոր թարգամանական գործերը` իւրաքանչիւրէն նշելով յարմար մէջբերումներ: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն որ լաւապէս կարդան Սեւակին գործերը, որպէսզի կարենան հասկնալ անոր  տողերուն մէջ թաքնուած տաղանդը:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան յուշանուէրով մը գնահատեց օրուան բանախօսը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր իր սրտին խօսքը արտասանելէ ետք:

Նժդեհ Պոտրումեան «Երեւան, Էրեբունի» երգով փակեց օրուան հանդիսութիւնը:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Պատճառած Կորուստներուն Մասին Նոր Կայքէջ

Յաջորդը

Բերձորի Մէջ Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Պուրակի Բացում

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.