Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 29 մարտին ներկայ գտնուած է Բերձոր քաղաքին մէջ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պուրակի հիմնադրութեան:
Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարը հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, հայկական երկու հանրապետութիւններու մայր համալսարաններու դասախօսական կազմի ներկայացուցիչներուն եւ ուսանողներուն հետ մասնակցած է կազմակերպուած ծառատնկումին:
Նախագահը կարեւոր նկատած է նման պուրակի մը առկայութիւնը Արցախի մէջ եւ` նշած, որ ատիկա Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակը վառ պահելու եւ հայրենի հողը շէնցնելու իւրատեսակ ձեւ մըն է` համոզում յայտնելով այն մասին, որ անիկա պիտի դառնայ ուխտավայր ապագայ սերունդներուն համար:
Նախաձեռնութեան կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սլաւա Ասրեանը, Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:
Թաթուլ Կրպէեանի 50-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկ
Արցախի պետական համալսարանին մէջ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է ձեռնարկ` նուիրուած արցախեան պատերազմի մասնակից, Հայաստանի ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի ծննդեան 50-ամեակին:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Արցախի պետական համալսարանի ուսանողներուն հետ տարուող աշխատանքներու առնչութեամբ փոխղեկավար Վիտեա Եարամիշեանը, որ ողջունելով ներկաները` կարեւոր նկատած է Երեւանի եւ Արցախի պետական համալսարաններուն միացեալ գործունէութիւնը:
Վ. Եարամիշեանը խօսելով Թաթուլ Կրպէեանի մասին` նշեց, որ ան այն անձնաւորութիւնն էր, որ դաստիարակուելով հայրենասէր ընտանիքի մէջ` իր կեանքը նուիրեց Արցախի ազատագրութեան:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ԵՊՀ պատմութեան ամպիոնի վարիչ Էդիկ Մինասեանը, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց Թաթուլ Կրպէեանի կեանքը եւ գործունէութիւնը, անոր դերակատարութիւնը արցախեան ազատագրական շարժման ժամանակ:
«Քաջի մահով ընկել է 1991 թուականի ապրիլի 30-ին` «Օղակ» գործողութեան ժամանակ: 1996 թուականի սեպտեմբերի 20-ին արժանացել է Հայաստանի բարձրագոյն` Ազգային հերոսի կոչման: Թաթուլը թաղուած է հայրենի Արեգ գիւղում, որը հերոսի պատուին վերանուանուել է Թաթուլ: Գիւղում կանգնեցուած է տուֆակերտ յուշարձան, որի ճարտարապետն է Տարիել Յակոբեանը: Թաթուլ մարդը, զինուորը, ռազմագէտն ու պատմաբանը նաեւ գիտէր խօսել բանաստեղծի լեզուով», յայտնած է Է. Մինասեան` աւելցնելով, որ անոր անունով կը կոչուին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շարք մը դպրոցներ ու փողոցներ:
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ հերոսին դուստրը` Ասպրամ Կրպէեանը, որ իր ելոյթին մէջ խօսեցաւ հերոս հայրիկին անցած ուղիին մասին:
«Ինձ համար գերագոյն հաճոյք է լինել իմ երկրորդ տանը` Արցախում: Ես մէկ տարեկան եւ երկու ամսեկան էի, երբ իմ հայրը զոհուեց, եւ ցաւօք` կենդանի յիշողութիւններ չունեմ: Սակայն ինձ համար մեծ նշանակութիւն ունի յիշողութիւնները եւ ժառանգութիւնը պահպանելը», դիտել տուած է Ա. Կրպէեանը` աւելցնելով, որ` «նման միջոցառումները մեզ` ապրողներիս է հարկաւոր, որոնք մեզ պարտաւորեցնում են ապրելու եւ արարելու»:
Ելոյթներով հանդէս եկած են երկու համալսարաններու ուսանողները: