Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

102-Ամեայ Մուսալեռցի Վերապրող Սիրվարդ Ատաճեան

March 31, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-31-15_Sirvard«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Մուսա Լերան հերոսամարտի եւ աւանդական հարիսայի ստեղծման պատմութեան ականատես Սիրվարդ Ատաճեան ապրիլին կայանալիք իր 103-րդ տարեդարձին կը սպասէ մեծ ոգեւորութեամբ: Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսը, հակառակ պատկառելի տարիքին, բարդ վիրահատութեան ենթարկուած էր վերջերս: Ոսկրաբեկորներու տեղաշարժով աջ ազդոսկրի կոտրուածք ունեցող կնոջ վիրահատութիւնը յաջող անցած է:

Ականատեսի թոռը` Արշաւիր Աղաճանեանը «Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հետ զրոյցին մէջ պատմած է. «Մեծ մայրիկը իսկապէս դիմացկուն է, տոկուն: Հինգ տարի առաջ ձախ ոտքի վնասուածք ստացած էր, ոտքին մէջ տեղադրուած էր մետաղեայ բաժին մը, որուն պատճառով մարմինին ամբողջ ծանրութիւնը ինկած էր աջ ոտքին վրայ, որ փաստօրէն չէր դիմացած եւ տարիներ ետք կոտրուած էր»:

Տարեց կինը յետվիրահատական բարդութիւններ չունի: Ան կը փափաքի օր առաջ տուն վերադառնալ: Անհամբեր կը սպասէ, թէ երբ հերթական անգամ հայեացք պիտի նետէ սեփական տան բակին, ուր յատկապէս տարուան տաք ամիսներուն կ՛աճին իր ձեռքերով տնկուած եւ խնամուող ծառերն ու ծաղիկները:

«1915 թուականին ես, քոյրս, մայրս եւ մեծ մայրս բարձրացանք Մուսա Լեռ: Ես այդ ժամանակ երեք տարեկան էի: Հայրս եւ հօրեղբայրս զինուորներ էին: Հայրս կարգադրեց մօրս` վերցնել մեզ եւ բարձրանալ լեռը», մինչեւ իսկ հիւանդանոցին մէջ պատասխանելով հետաքրքրուողներու «ծնունդով ուրկէ էք» հարցումին` կը մէջբերէ նախանձելի յիշողութիւն ունեցող Սիրվարդը` երբեմն երբեմն յուշերը ընդհատելով արցունքներով:

Երեւանաբնակ ականատեսը Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրը» հանրածանօթ վէպին մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններու եզակի կենդանի վկաներէն է: Անոր ընտանիքը Կիլիկիոյ Սուէտիա շրջանի այն հայութեան շարքին էր, որ 1915 թուականին մասնակցած էր թրքական ջարդարարներու դէմ մղուած հերոսական պայքարին: Երբ տեղւոյն թրքական իշխանութիւնները փորձած են իրականացնել հայութեան տեղահանման հրամանը, հայերը որոշած են դիմադրութիւն ցոյց տալ` բարձրանալով Մուսա Լեռ, ուր եւ կազմակերպած են ինքնապաշտպանական մարտեր` 53 օր շարունակ յաջողութեամբ ետ մղելով թրքական զօրքերու յարձակումները, մինչեւ որ փրկուած են ֆրանսական մարտանաւերու կողմէ:

Նախորդը

Ֆրանսան` Ի Նպաստ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնորոշման Իրաւունքին

Յաջորդը

Թուրքիոյ Հայերը Կրօնաւորներ Կը Պահանջեն Պատրիարքարանէն

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.