Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսան` Ի Նպաստ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնորոշման Իրաւունքին

Մարտ 31, 2015
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-31-15_harlem«Մենք ամբողջութեամբ զօրաշարժի ենթարկուած ենք` կարգաւորելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ պաշտպանելու այս շրջանին մէջ ինքնորոշման իրաւունքը», յայտարարած է Հարլեմ Տեզիր` Եւրոպական հարցերով Ֆրանսայի պետական քարտուղարը:

Մարտ 18-ին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ Միութիւն յանուն ժողովրդական շարժումի (UMP) կուսակցութեան երեսփոխան Ժան-Քլոտ Մինիոն հարցում ուղղած է երկրի արտաքին գործոց նախարարին` Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութիւններու կարգաւորման մասին: Կառավարութեան կողմէ հարցումին պատասխանած է Եւրոպական հարցերով պատասխանատու նախարարը: Ան ըսած է. «Ֆրանսան, ինչպէս գիտէք, լիովին ընդգրկուած է Մինսքի խումբին մէջ, զօր կը համանախագահէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսոյ հետ` գտնելու համար մնայուն լուծում մը Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին, որուն բնակչութիւնը, հիմնականին մէջ` հայեր, պատերազմի պատճառով չափազանց շատ տառապած է: Ներկայ վիճակը սթաթիւս քօ ոչ ոքի շահերէն կը բխի` ո՛չ Հայաստանի, ոչ` Ազրպէյճանի: Այս պատճառով ալ Հանրապետութեան նախագահը ցանկանալով աջակցիլ դիւանագիտական նախաձեռնութեան վերսկսումին` անցեալ տարուան հոկտեմբեր 27-ին Փարիզի մէջ գումարեց հայ եւ ազրպէյճանցի նախագահներուն մասնակցութեամբ գագաթաժողով մը: Այս հանդիպումի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ մարդասիրական գետնի վրայ վստահութեան առաջին քայլ առնելու` հակամարտութեան ընթացքին անհետացածներու մասին տեղեկութիւն փոխանակելով: Այս քայլը սկսած էր իրականացուիլ: Այս հանդիպումը նաեւ օգնեց Մինսքի խումբի շրջանակին մէջ նոր թափ հաղորդելու բանակցութիւններուն, որոնք, ինչպէս յիշեցիք, հիմնուած են այսպէս կոչուած Մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ, մասնաւորաբար` ուժ չկիրարկելու, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ: Վերջին ամիսներու ընթացքին մեր տեսած լարուածութիւնը կը հաստատէ այդ սկզբունքները կիրարկելու բացարձակ անհրաժեշտութիւնը: Հետեւաբար Ֆրանսա գործօն կերպով կը շարունակէ հոկտեմբերին սկսած իր ջանքերը: Հանրապետութեան նախագահը դարձեալ պիտի հանդիպի իր պաշտօնակիցներուն, երբ յառաջիկայ ապրիլ 24 եւ 25-ին այցելէ Երեւան եւ Պաքու: Մենք ամբողջութեամբ զօրաշարժի ենթարկուած ենք` կարգաւորելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ պաշտպանելու` այս շրջանին մէջ ինքնորոշման իրաւունքը»:

Արձագանգելով Ֆրանսայի նախարարի այս յայտարարութեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ (Ֆրանսա) Մուրատ Փափազեան ըսաւ. «Եւրոպական հարցերու նախարար Տեզիրի յայտարարութիւնը Ղարաբաղի ինքնորոշման ի նպաստ` ցոյց կու տայ հարցին մասին Ֆրանսայի կեցուածքը եւ հաստատեց նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի յանձնառութիւնը` հարցին դրական լուծում մը գտնելու կապակցաբար: Նախագահ Հոլլանտի կեցուածքը շատ յստակ է: Ֆրանսուա Հոլլանտի կեցուածքը հիմնուած է արդարութեան հայեցակարգի վրայ, եւ մենք ամբողջութեամբ համաձայն ենք այդ մօտեցումին: Յիշենք, որ Ֆրանսուա Հոլլանտ, որ 15 տարիէ ի վեր Հայ դատի ի նպաստ յանձնառութիւն ունի եւ քայլեր առած է, ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առիթով, պիտի գտնուի Երեւան»:

Նախորդը

Լրագրող Էլիֆ Աքկիւլի Ուշագրաւ Յօդուածը` Երեւանէն

Յաջորդը

102-Ամեայ Մուսալեռցի Վերապրող Սիրվարդ Ատաճեան

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In