Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նիւ Եորք Թայմզ» Կը Գրէ, Թէ Ազրպէյճանի Մէջ Կ՛աճի Միացեալ Նահանգներու Նկատմամբ Թշնամութիւնը

Մարտ 31, 2015
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի մէջ կ՛աճի Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ թշնամութիւնը: «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ այս նիւթին մասին լոյս տեսած յօդուածին մէջ կը նշէ ամերիկացի լրագրող Ճոշուա Քուչերա` վերլուծելով այդ երկրին մէջ տիրող իրավիճակը:

յօդուածագիրը անդրադարձ կատարելով  Միացեալ Նահանգների կողմէ գանձատրուող «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի նախ լրագրողուհիին` Խատիժա Իսմայլովայի կեղծ պատճառաբանութիւններով ձերբակալութեան, ապա դեկտեմբեր 26-ին ազրպէյճանական ոստիկանութեան կողմէ նոյն ձայնասփիւռի Պաքուի գրասենեակին շատ բիրտ խուզարկութեան, կ՛ըսէ՛ թէ ատիկա այլախոհութեան դէմ արարք մը ըլլալէ զատ, Միացեալ Նահանգների դէմ առնուած քայլ մըն է:

Ճ. Քուչերա կը գրէ, թէ Ազրպէյճան շատ ձեռնտու աշխարհաքաղաքական դիրք ունի եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ այդ երկրին անկախացումէն ետք, Պաքու Միացեալ Նահանգները կը նկատէր ռազմավարական իր գլխաւոր գործընկերներէն մէկը: Ուաշինկթընի հետ միասին Պաքու կը փորձէր կոտրել Ռուսիոյ ուժանիւթի բնագաւառի մենաշնորհը տարածաշրջանին մէջ` աջակցելով դէպի Թուրքիա քարիւղատարներու եւ կազատարներու կառուցման: Լրագրողը կ՛աւելցնէ, թէ Ազրպէյճան նաեւ առանցքային տարանցիկ երկիր է դէպի Աֆղանիստան` բեռներու փոխադրութեան տեսանկիւնէն: Պաքուի ղեկավարութիւնը նաեւ սերտ կապեր հաստատած է Իսրայէլի հետ, որոնք հիմնուած են գլխաւորաբար զէնքի եւ քարիւղի առեւտուրի վրայ:

Ապա կը գրէ, թէ հակառակ անոր որ 2009-ին Միացեալ Նահանգներն Ազրպէյճանի արտաքին քաղաքականութիւնը բնորոշած էր որպէս «գործնական, զուսպ եւ Արեւմուտքի համարկումի պատշաճ թեքումով», Ռուսիոյ արտաքին նոր քաղաքականութեան եւ Եւրասիոյ մէջ ռազմավարական իրավիճակին փոփոխութեան պատճառով Պաքու վերանայած է իր հայեացքները, թէ արդեօք Արեւմուտքի հետ կապերը կը նպաստե՞ն իր սեփական նպատակներու յաջողութեան:

Քուչերա կ՛ոգեկոչէ նաեւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի վրայ յարձակումին նախորդած շրջանին խիստ հակարեւմտեան հռետորաբանութեան ամիսները: «Այդ երկրին բարձրաստիճան պաշտօնեաները մեղադրեցին, կը գրէ, Միացեալ Նահանգների դեսպանը իրենց ներքին գործերուն կոպտօրէն միջամտելու յանցանքով, իսկ Շուէտի արտաքին գործոց նախկին նախարար Քարլ Պիլտը ամբաստանեցին Միացեալ Նահանգներ-ի ի նպաստ լրտեսութիւն կատարելու մեղադրանքով»:

Կը յիշեցնէ նաեւ, թէ դեկտեմբերի սկիզբը Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ռամիզ Մեհտիեւ երկարաշունչ յօդուած մը հրապարակեց, ուր կը պնդէր, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը` «Սի. Այ. Էյ.», յետխորհրդային երկիրներուն մէջ գունաւոր յեղափոխութիւններ կը նախապատրաստէ: Բացի ատկէ, ան մարդկային իրաւանց ազրպէյճանցի պաշտպաններն ալ անուանեց Միացեալ Նահանգների «5-րդ շարասիւն»-ը: «Պաքուի գլխաւոր քննադատութիւնը այն է, որ Ուաշինկթըն հանրային կազմակերպութիւններու միջոցով կը փորձէ ապակայունացնել Ազրպէյճանը», կը գրէ յօդուածագիրը:

Ապա կ՛եզրակացնէ. «Պաքուի հակամերիկեան հռետորաբանութիւնը նորութիւն չէ, սակայն անոր ներկայիս արձանագրած աշխուժացումը եւ քրեմլինեան թեզերու յենումը կը վկայեն, որ Ազրպէյճան կը թեքի դէպի Մոսկուայի կողմը»: Լրագրողը շարունակելով կը գրէ.  «Բայց Ուաշինկթընի համար անհեռատեսութիւն կ՛ըլլայ զոհել իր սկզբունքները յանուն Ռուսիոյ նկատմամբ իր ծրագիրներուն: Եթէ Ուաշինկթըն ի վիճակի չըլլայ պաշտպանելու ժողովրդավարութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները, ներառեալ` իր սեփական «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի իրաւունքները, Միացեալ Նահանգները այնուհետեւ կը թուի թոյլ եւ իր հեղինակութիւնն է, որ կը տուժէ իր դաշնակիցներուն աչքին»:

Նախորդը

Թուրքիոյ Հայերը Կրօնաւորներ Կը Պահանջեն Պատրիարքարանէն

Յաջորդը

Ռուսական Կազը, «Թուրքական Հոսքը» Եւ «Հարաւային Կազային Միջանցքում» Սեղմուած Ազրպէյճանը

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?