Գերմանական «Շփիկել» թերթի լրագրող-լուսանկարիչ Էնտի Շփիրա, որ կը փափաքէր Թուրքիա այցելել` Հայոց ցեղասպանութեան մասին լրատուութիւն մը պատրաստելու նպատակով, չէ կրցած մուտք գործել Թուրքիոյ տարածք:
«Ռատիքալ» կը գրէ, որ գերմանացի լրագրողը մարտ 28-ին Թուրքիա ժամանած է, սակայն արտօնութիւն չէ ստացած երկիր մտնելու: Թրքական կողմը պնդած է, որ ենթական «Իսլամական պետութեան» անդամ է:
Լրագրողը ըսած է, որ նախապէս քանի մը անգամ Թուրքիա այցելած է եւ ո՛չ մէկ հարց ունեցած է այդտեղ: Շփիրայի կարծիքով, պատճառը Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրելու իր որոշումն էր, որ իր անձին նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն ժխտական տրամադրուածութեան պատճառ դարձած է: