Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տալու Մասին

April 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԸՊՐԱՆ ԽԱԼԻԼ ԺԸՊՐԱՆ

4-20-15_khalil-gibranՅետոյ հարուստ մարդ մը ըսաւ.

– Խօսէ՛ մեզի Տալու մասին:

Եւ ան պատասխանեց.

– Շատ քիչ տուած կ՛ըլլաք, երբ ձեր ստացուածքներէն կու տաք:

Ճշմարտապէս տուած կ՛ըլլաք միայն այն ատեն, երբ դուք ձեզմէ կու տաք:

Որովհետեւ ի՞նչ են ձեր ստացուածքները, եթէ ոչ բաներ, զորս կը պահէք եւ կը պահպանէք, այն վախով, որ վաղը կրնաք պէտք  ունենալ անոնց:

Եւ վա՜ղը, ի՞նչ պիտի բերէ վաղը այն գերխոհեմ շան, որ դէպի սուրբ քաղաք յառաջացող ուխտաւորներուն հետեւելու պահուն, անհետ աւազին մէջ ոսկորներ կը թաղէ:

Եւ ի՞նչ է կարիքի վախը, եթէ ոչ կարիքը ինքնին:

Անյագ ծարաւի արտայայտութիւն չէ՞ ծարաւելու երկիւղը, երբ ջրհորը լեցուն է:

Կան անոնք, որ իրենց շատ ունեցածէն քիչ կու տան եւ ասիկա կ՛ընեն փոխան երախտագիտութեան, եւ անոնց թաքուն ա՛յս իղձը նուէրները անսուրբ կ՛ընծայէ:

Եւ կան անոնք, որ քիչ ունին եւ ամբողջը կու տան:

Ասոնք կեանքին եւ կեանքի պարգեւին հաւատացողներն են եւ անոնց արկղը երբեք պարապ չ՛ըլլար:

Կան անոնք, որ ուրախութեամբ կու տան, եւ այդ ուրախութիւնը անոնց վարձատրութիւնն է:

Եւ կան անոնք, որ ցաւ չեն զգար տալու ատեն, ո՛չ ալ հաճոյք կը փնտռեն, ո՛չ ալ կու տան առաքինութեան մտահոգութեամբ:

Կու տան, ինչպէս հեռաւոր հովիտի մրտենին իր բոյրը կ՛արտաշնչէ տարածութեան մէջ:

Այսպիսիներու ձեռքերուն ընդմէջէն է, որ Աստուած կը խօսի եւ անոնց աչքերուն ետեւէն է, որ կը ժպտի աշխարհին:

Լաւ է տալ, երբ կը խնդրուի, բայց աւելի լաւ է տալ` առանց խնդրանքի, հասկացողութեամբ:

Եւ առատաձեռն մարդուն համար ստացող մը փնտռելը աւելի մեծ հաճոյք է, քան տալը:

Իսկ կա՞յ բան մը, որ անհրաժեշտ է մերժել:

Ամէն ինչ որ ունիս, օր մը պիտի տրուի:

Ուստի տուր հիմա, երբ տալու եղանակը դեռ քուկդ է եւ ոչ ժառանգորդներուդ:

Յաճախ կ՛ըսէք. «Պիտի ուզէի տալ, բայց` միայն արժանիներուն»:

Ձեր մրգանոցին ծառերը այդպէս չեն ըսեր, ո՛չ ալ` ձեր արօտներու հօտերը:

Կու տան, որպէսզի ապրին, որովհետեւ պահելը փճացումի համազօր է:

Վստահաբար ան, որ արժանի է իր օրերն ու գիշերները ստանալ ու, նո՛յնպէս արժանի է ձեզմէ մէն ուրիշ բան ստանալու:

Եւ ան, որ արժանի եղած է կեանքի ովկիանոսէն խմելու, իր բաժակը ձեր փոքր առուակէն լեցնելու ալ արժանի է:

Եւ աւելի մեծ ի՞նչ հատուցում կրնայ ըլլալ, քան այն, որ կը կայանայ ստանալու քաջութեան, վստահութեան եւ, ինչո՞ւ չէ ողորմութեան մէջ:

Եւ ո՞վ ես դուն, որ առջեւդ մարդիկ պատռեն իրենց կուրծքն ու մերկանան իրենց հպարտութենէն, որպէսզի կարենաս անոնց մերկ արժէքը եւ անամօթ հպարտութիւնը գնահատել:

Ստուգէ՛ նախ, թէ դուն արժանի՞ ես տալու եւ տուչութեան գործիք դառնալու:

Որովհետեւ իրականութեան մէջ կեանքն է, որ կեանքին կու տայ. մինչդեռ դուն, որ ինքզինքդ տուող կը դաւանիս, միայն վկայ մըն ես:

Եւ դո՛ւք, ստացողնե՛ր, եւ բոլորդ ալ ստացողներ էք, երախտագիտութեան ոչ մէկ զգացում տածեցէք, որպէսզի թէ՛ դուք ձեզ եւ թէ՛ տուողը լուծի մը չկապէք:

Ընդհակառակն, բարձրացէք տուողին հետ` անոր նուէրները իբրեւ թեւ գործածելով:

Որովհետեւ պարտահատոյց ըլլալու մտատանջութիւնը տուողին առատաձեռնութիւնը կասկածի տակ առնելու համազօր է. տուողին, որ անշահախնդիր հողը ունի իբրեւ մայր եւ զԱստուած` իբրեւ հայր:

 

Նախորդը

Տարօնի Յեղափոխական Հայուհին` Սօսէ Վարդանեան (Սօսէ Մայրիկ)

Յաջորդը

Կաթիլ Առ Կաթիլ` Կարեւոր Օգնութիւն

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.