Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տանք Աստուծոյ Փառքին Ու Մարդոց Բարիքին Համար

April 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ

4-20-15_Father-VaghinagԼՕԽ-ը մեր ազգի կեանքին մէջ գոյութեան եկաւ իրենց գոյութիւնը վտանգի տակ գտնուողներուն զօրավիգ ըլլալու համար: Մեր անցեալի պատմութիւնը կը վկայէ, որ ԼՕԽ-ը օգնութեան կարիքը ունեցողին համար օգնութեան ձե՛ռք եղաւ, գորով փնտռողին համար` գորովալից մօր գի՛րկ եղաւ, անտէրին` տէ՛ր եղաւ, եւ անօգնականին` օգնական: Բայց որպէսզի ԼՕԽ-ը հաստատ մնայ աստուածահաճոյ այս ճամբուն վրայ, կարիքը ունի մեր ազգի զաւակներուն նուիրատուութեան, իսկ նուիրատուութիւն մը պէտք է առատաձեռնութեան արտայայտութիւն ըլլայ եւ ո՛չ թէ ժլատութեան, ինչպէս կ’ըսէ Պօղոս առաքեալ

(Բ. Կր. 9.5): Այս առիթով կ’ուզեմ հետեւեալ երկու մտածումները ձեզի հետ բաժնել.

ա) Մարդ տալով է, որ կը հարստանայ: Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող ամէն հարստութիւն Աստուծոյ կը պատկանի (Անգ. 2.8), եւ Աստուած ի՛նքն է, որ զայն մարդոց կու տայ (Ովս. 2.8): Աստուած սակայն երբեք նիւթական բարիքներ չի տար մեզի, որպէսզի ամբարենք զանոնք, այլ կու տայ, որպէսզի բաշխենք զանոնք, եւ բաշխելով` հարստանանք: Արդարեւ, տալը կը հարստացնէ մեզ, որովհետեւ, ինչպէս Սարգիս Շնորհալի վարդապետը կ՛ըսէ, մեր տուած նիւթականին փոխարէն` Աստուած աննիւթականը կը շնորհէ մեզի. մեր տուած դրամին փոխարէն` արքայութեան ոսկին կը պարգեւէ մեզի. մեր տուած հացին փոխարէն` կեանքի Հացով կը կշտացնէ մեզ. մեր տուած ջուրին փոխարէն` կենաց Գետէն խմցնել կու տայ մեզի:

բ) Տալը մեր հաւատքի կենդանութեան ապացոյցն է: Հաւատք եւ բարեգործութիւն` անբաժան երկու իրականութիւններ են: Անոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն եւ մէկս միւսին կենդանութեան ապացոյց իբրեւ կը ծառայեն: Այսինքն, եթէ հաւատք ունինք, պէտք է բարին գործենք, եւ եթէ բարին կը գործենք, պէտք է ատիկա հաւատքի արդիւնք ըլլայ, որովհետեւ հաւատք մը, որ ինքզինք բարեգործութեամբ չ՛արտայայտեր, մեռած հաւատք կը նկատուի (Յկ. 2.17,20,26), եւ բարեգործութիւն մը որ հաւատքի արդիւնք չէ, Աստուծոյ մօտ արժէք չունի (Եփ. 2.10): Կասկածէ վեր է, որ հաւատք ունիք ԼՕԽ-ի առաքելութեան նկատմամբ. ահա՛

ձեր դիմաց առիթը կը դրուի ձեր հաւատքը գործնապէս արտայայտելու:

 

 

Նախորդը

«Ժողովուրդէն` Ժողովուրդին» Կարգախօսը Կը Պատկանի ԼՕԽ-ին

Յաջորդը

Սիրոյ Եւ Հաւատքի Ջահը` ԼՕԽ-ը

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.