Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 5. Հաւաքական Յիշողութեան Դարբնումի Անհրաժեշտութիւնը

Ապրիլ 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 15 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ» գիրքին վերահրատարակութեան շնորհահանդէսը, որ լոյս տեսաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով այսպիսի վերահրատարակութիւն մը կը զգենու շատ կարեւոր իմաստ եւ նշանակութիւն, եւ շնորհահանդէսը բնական է, որ առիթ ծառայէ կարեւոր խորհրդածութիւններով մօտենալու այսպիսի հրատարակութեան մը եւ հոն արծարծուած նիւթերուն:

Հայկազուն Եափուճեանի հատորը կը ստանայ յաւելեալ վաւերական իմաստ եւ նշանակութիւն, որովհետեւ դուրս կու գայ զուտ իր անհատական յուշերու պատմողական պարունակէն եւ կը յաջողի հարազատօրէն նկարագրել ու վերծանել նաեւ հեղինակին ապրած ժամանակահատուածի ընդհանուր կացութիւնը եւ հայութեան հաւաքական ողբերգութիւնը, Ժիպէյլի որբանոցի ընդհանուր կեանքը, լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման հոլովոյթը եւ վերջապէս տողատակի կը փոխանցէ կարեւոր պատգամներ մեզի` հայութեան գոյերթը շարունակողներուս:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով անհրաժեշտ է խոնարհիլ այդ սերունդի տառապանքին, գործին եւ վաստակին առջեւ: Անհրաժեշտ է պահ մը կանգ առնել եւ յետադարձ ակնարկով տեսնել, թէ ո՛ւր կը կայանայ հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ պահանջատիրական յաջողութեան երթին գաղտնիքը: Այդ սերունդին վիճակուեցաւ հայութեան փրկութեան եւ վերապրումի կենսական աշխատանքը: Եթէ այդ սերունդը զլանար իր պարտականութեան մէջ, եկէք ընդունինք, որ այսօր մենք հոս չէինք գտնուեր: Եթէ երբեք այդ սերունդը շեղէր իր առաքելութենէն, այսօր անոնց գործը շարունակողներ պիտի չըլլային մեր հաւաքական կեանքին մէջ եւ երաշխաւորուած պիտի չըլլար մեր հաւաքական գործի ու պայքարի շարունակականութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կարգախօսը պահանջատիրութեան կողքին դարբնուած է հաւաքական յիշողութեան վրայ եւ հարազատօրէն կը մնայ մեր ժողովուրդի յառաջիկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ մեր պայքարը իր վախճանական յաղթանակին հասցնելու ապահով լաստը: Առանց ազգային հաւաքական յիշողութեան կարելի չէ պահանջատիրական ոգին դարբնել գալիք սերունդներուն մէջ: Այո՛, պիտի յիշենք եւ պիտի պահանջենք ու նաեւ յաղթենք: Մենք այսօր յաղթանակած ժողովուրդ ենք, եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը մեր յաղթանակը ընդարձակելու կրնայ ծառայել միայն:

Հաւաքական յիշողութիւնը մեզ կը պահէ վրէժի արդար եւ անհրաժեշտ զգացումով, մեր վերապրումի հպարտանքով, թշնամին լաւապէս ճանչնալու քաղաքական հասունութեամբ, մեր զէնքերը վար չդնելու հաստատ համոզումով եւ Հայ դատի պահանջատիրական երթէն մազաչափ մը իսկ չշեղելու երկաթեայ կարգապահութեամբ. կարճ` հաւաքական յիշողութիւնը ամէն օր զուլալ ջուրով կ՛ոռոգէ մեր գործադաշտը, որպէսզի հոն շարունակեն ծլարձակիլ նոր նուաճումներ:

Եւ այլ ելք չկայ. փորձուածը կարելի չէ անգամ մը եւս փորձել, ոչ ալ տարբեր բան մը պեղելու եւ տարբեր բան մը ըսելու բարդոյթով իյնալ հայութեան պահանջատիրական երթը շեղելու թշնամիին լարած վտանգաւոր թակարդներուն մէջ:

Մեր հաւաքական յիշողութիւնը կը շարունակէ մնալ իր հարազատ պատուանդանին վրայ: Այդ յիշողութիւնը թարմացնելու եւ արմատացնելու համար մենք կարիքը ունինք ամէն օր հայութեան բախտորոշ այդ ժամանակը ապրած եւ կենսաւորած` ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդներու վկայութեանց ու պատգամին:

Կը մնանք հաւատարիմ անոնց պատգամին եւ կը շարունակենք նորահաս սերունդներուն մէջ մեր ազգին հաւաքական յիշողութեան դարբնումը պահել անխախտ եւ ամուր:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» Մասնաճիւղ. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?