«Մենք Վերջացաւ Չըսած, Տինքի Դատը Պիտի Չվերջանայ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ֆեթհիյէ Չեթին
Լիբանան տուած վերջին այցելութեան ընթացքին «Ազդակ» այցելեց գրող եւ Հրանդ Տինքի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին, որուն հետ հանդիպում ունեցան եւ զրուցեցին «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան եւ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի կողմէ թարգմանուած Չեթինի պատասխանները` իբրեւ երկու հիմնական առանցք ունեցան Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը, անոր ընթացքը, ինչպէս նաեւ Չեթինի մեծ...











