Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մետալին Երեք Երեսները

Ապրիլ 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

   ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Կը նայիմ Հալէպի Սուլէյմանիէ թաղամասի հրթիռակոծուած թաղերու աւերակներու լուսանկարներուն ու Կոմիտասը կը կանգնի դէմս.

«Սիրտս նման է էն փլած տներ,
Կոտրեր գերաններ, խախտեր են սներ…»

Դիմատետրը լեցուն է անհամար, անվերջ աղօթքներով, Աստուծոյ աղաչելով, որ օգնութեան հասնի, փրկէ հալէպահայութիւնը… ի զո՜ւր: Ահա՛ չորրորդ տարին է պատերազմին ու ոչ թէ փապուղիին ծայրը լոյս չ՛երեւիր, այլ ընդհանրապէս փապուղի չկայ. համատարած գորշութիւն ու չարի իշխանութիւն:

Շէնքեր ամբողջ քար ու քանդ եղած են, դեռ յայտնի չէ, թէ որքան մարդիկ մնացած են փլատակներուն տակ, քանի հրթիռակոծումը սկսած է գիշերուան ժամը տասին, երբ մարդիկ իրենց տուները քաշուած` կա՛մ նստած կը զրուցեն, կա՛մ քունի մտած են:

Հետաքրքիր ու մտահոգ մարդիկ կ՛երեւին աւերակներուն մօտ, սակայն ոչ մէկ նկարի մէջ ոստիկաններ, շտապօգնութեան անձնակազմ, արտակարգ վիճակներու յատուկ փրկարար ջոկատներ տեսայ:

Թաղ մը ամբողջ աւերակոյտի վերածուած է, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնն ալ մէջը: Սալիպէյի մէջ Ազգ. առաջնորդարանը վտանգի գօտիի մէջ ըլլալուն համար ժամանակաւորապէս այստեղ փոխադրուեցաւ` որպէս ապահով վայր: «Նեղ ըրին, տեղ ըրին» ու մէկ սենեակի մէջ 5-6 գրասեղան դրին, այսինքն` 5-6 գրասենեակ, երբ նախկին շէնքին մէջ իւրաքանչիւր սենեակ մէկ գրասենեակ էր: «Ժամանակաւորապէս»-ը եղաւ անժամանակ, երկարատեւ, իսկ «ապահով»-ը անապահով:

Հալէպի մէջ ապահով տեղ չմնաց, կոյր ռմբակոծումները կը շարունակեն կեանքեր հնձել: Կոպիտ հաշուով մը, դեռ Հալէպ մնացող 10.000 հայերու վիճակը մտահոգիչ է, իսկ ապագան` անորոշ:

Ասիկա մետալին մէկ երեսն է. դարձնենք միւս երեսը. Սուլէյմանիէի հրթիռակոծումին զուգահեռ, Հայաստանը եռեւեփեցաւ Քիմ Քարտաշեանով, աշխարհի լրատուամիջոցները ողողուեցան իր լուսանկարներով, յատկապէս` Ծիծեռնակաբերդի անմար բոցին առջեւ.: Կիրակի կէս գիշերին Քիմի ամուսինը` աշխարհահռչակ երգիչ Քանիէ Ուեսթ Երեւանի Կարապի լիճին մէջ ձրի համերգ մը տուաւ , որուն ընթացքին լիճին մէջ ցատկեց ու շարունակեց երգել, իրեն հետեւեցան «ամբոխները խելագարուած» եւ երիտասարդներ ցատկեցին լիճին մէջ: Յաջորդ օրը «խելացի» մը նայլոն տոպրակով լիճին «օրհնուած» ջուրը ծախու հաներ էր…

Եթէ մետալը եռաչափ ըլլար, այսինքն երրորդ երես մըն ալ ունենար, ապա հոն պիտի արձանագրուէր Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած պատմական պատարագը` ներկայութեամբ Հայաստանի նախագահին եւ մեր երկու կաթողիկոսներուն: Հաւանաբար` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ կազմակերպուած ու կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն ամենաազդեցիկն ու կարեւորը, որ հասաւ աշխարհի բոլոր կաթոլիկադաւան երկիրներուն ու անոնց բազմամիլիոն ժողովուրդին, որուն ի պատասխան` Թուրքիոյ ատելավառ  նախագահը Այա Սոֆիայի տաճարին մէջ Ղուրան կարդալ տուաւ, 85 տարիէ ի վեր, զայն որպէս թանգարան, ոչ որպէս մզկիթ պահելէ ետք ու այս արարքով անգամ մըն ալ յանցապարտ ոխակալութեան փոսը ինկաւ:

Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի. երեք պատմական օրեր, մետալի երեք երեսներ, երեք մեծ դէպքերով ու դէմքերով լեցուն. սակայն երեք տարբեր կողմեր նայող… մտահոգիչը այս է. իրարմէ անջատ, գուցէ հասարակաց նպատակով մը, բայց` իրարմէ հեռու:

Հալէպի մեջ պատահածը, հալէպցիները լացուց միայն: Երեւանի մէջ պատահածը միայն լաւատեսները ուրախացուց, որովհետեւ միւսներուն համար Քարտաշեանը մնաց հանրածանօթ շոյի աստղը: Վատիկանի մէջ տեղի ունեցածը արժեւորուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապով, Հայաստանի նախագահով եւ երկու կաթողիկոսներով, հակառակ որ կարգ մը յոռետեսներ, իմա՛ մնայուն ընդդիմախօսներ, տակաւին կը շարունակեն իմաստակութիւններ ընել ու եղածը թերագնահատել:

Այս ընթացքին, եթէ հնարաւորութիւն տրուի այս պատահածները գեղանկարի կամ գծանկարի վերածել, արդեօք ի՞նչ պատկեր դուրս կու գայ:

Անպայման պատկեր մը դուրս կու գայ, սակայն` ո՛չ յստակ, ո՛չ ալ դիւրին ըմբռնելի. ատոր համար ալ պատրաստի որակում մը կայ` «Անհեթեթ»:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Սկաուտները Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ Եւ Դէպի Այնթուրայի Հայ Մանուկներու Որբանոցը

Յաջորդը

Մեղա՜յ Աստուծոյ

RelatedPosts

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին
Անդրադարձ

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Էջերն Անմահութեան.  Կարօտ Մկրտչեան
Անդրադարձ

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի
Անդրադարձ

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?