Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

Ապրիլ 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 մարտ 2015-ին առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի անդամները եւ շրջանի բնակիչները ներկայ էին Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ` մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած հայկական աւանդական ճաշերու, քաղցրեղէններու եւ Ս. Զատկուան յատուկ ձեռային աշխատանքներուն ցուցադրութիւն-վաճառքին:

Մասնաճիւղի ընկերուհիները, հաւատարիմ` ԼՕԽ-ականի առաքելութեան, միակամ եւ հաւաքական աշխատանքով, ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով եւ նուէրներով մէկ շաբթուան ընթացքին պատրաստեցին վաճառքի դրուելիք ճաշերն ու ձեռային աշխատանքները:

Ձիթենիի ճիւղերով զարդարուած էին սեղանները, իսկ սրահի կեդրոնը Զատկուան զարդարանքներով` պահելով Ս. Յարութեան տօնին աւանդութիւնները:

Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի մասնաճիւղի կարիքներուն:

– Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի  «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան,  4 ապրիլ 2015-ին տեղի ունեցաւ Զատկուան յատուկ ձեռնարկ, Ռաուտայի ակումբին սրահին մէջ:

Յայտագիրը սկսաւ վարչութեան ատենապետ Սօսի Յակոբեանի բացման խօսքով: Ան բարի գալուստ եւ զուարճութիւն մաղթեց բոլորին, ապա շնորհաւորեց Ս. Զատկուան տօնը:

Փոքրիկները խանդավառութեամբ մասնակցեցան վարչութեան պատրաստած ճոխ խաղերուն: Հիւրասիրութենէն ետք տեղի ունեցաւ հաւկթամարտ:

– Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղին (Զահլէ), երեքշաբթի, 10 մարտ 2015-ին կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ միջինքի հաւաքոյթը, «Թիլալ» ճաշարանին մէջ:

Մասնաճիւղի ատենապետ Մարկօ Բարսեղեան շնորհաւորեց ներկաները` կիներու միջազգային օրուան առիթով եւ յիշեց «Ուսուցչաց տօնը, ինչպէս նաեւ տեղացիներու Մայրերու տօնը` մարտ ամսուան մէջ:

Ան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին. «Պէտք չէ մոռնանք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն թափած արիւնը եւ կը պահանջենք, որ ամբողջ աշխարհը ճանչնայ եւ ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Ձեռնարկը ճոխացուց սաքսոֆոնահար Գօգոն իր մեղմ եւ անուշ երաժշտութեամբ:

– ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին (Նորաշէն) կազմակերպած ընկերային հաւաքոյթը, գարնանամուտի առիթով, տեղի ունեցաւ 24 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ռուբէն»  ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ Սանդուխտ Հերկելեանի եւ բազմաթիւ ընկերուհիներու:

Վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Պոնիագրապեան իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները: Ապա կարդաց «Հայ եկեղեցւոյ տօներ եւ անոնց հետ կապուած աւանդութիւններ» գրքոյկէն Ծաղկազարդի եւ Ս. Զատկուան վերաբերող գրութիւններ:

Ձեռնարկի  աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, եղան նաեւ նուիրատուութիւններ:

– ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղին (Թրիփոլի) կազմակերպած ընտանեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 1 մարտ 2015-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-էն սկսեալ, «Բերդավայր» կոմիտէի «Խաչիկ Պապիկեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան:

Մասնաճիւղի ատենապետ  Էլիզ Չաթոյեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց` վերսկսելու իրենց աշխատանքներուն, քաղաքական կացութեան բարելաւման յոյսով:

Ապա Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ հովիւ հայրը Ռուբէն քհնյ. Միսիսեանը օրհնեց սեղանները:

Օրուան մթնոլորտը ճոխացուցին Շաքէ եւ Սեդօ Պաղտասարեանները:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան 35-ամեայ ծառայութիւն մատուցած «Այծեմնիկ» մասնաճիւղին երէց անդամները, որոնք պատւուեցան յատուկ յուշանուէրով մը:

– 26 փետրուար 2015-ին տեղի ունեցաւ ԼՕԽի «Արագած» մասնաճիւղին կազմակերպած ընկերային հանդիպումը, Արագած ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ Քնար Մակարեանը` շնորհակալութիւն յայտնելով մասնաճիւղին նեցուկ կանգնողներուն:

Օրուան հանդիպման նպատակը փոխանցեց Սօսէ Ճինպաշեան, որ իրական դրուագներու միջոցաւ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան իրավիճակը:

Ձեռնարկը խանդավառեց  Սեդօ Պաղտասարեան: Տեղի ունեցան նուիրատուութիւն եւ վիճակահանութիւն:

– Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի  «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, 9 մարտ 2015-ին Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կիներու միջազգային օրուան հանդիսութիւնը:

Մուտքին բոլոր ներկաներուն բաժնուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշը հանդիսացող անմոռուկ ծաղիկի վզնոցներ ու զարդասեղներ:

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին անունով Մատլէն Խօշեան ըսաւ, թէ օրուան ձեռնարկը նուիրուած է բոլոր այն կիներուն, որոնք իրենց էութեամբ եւ ներուժով նուիրուած են մարդկութեան զարգացման:

Բացման խօսքէն ետք երգերով ելոյթ ունեցաւ Սիլվա Քեչեճեանը:

Օրուան բանախօսը` Մակի Խաչերեան, ներկայացուց Կիներու միջազգային օրուան ճանաչման համար տարուած հանգրուանային աշխատանքները` մինչեւ անոնց իրաւունքներու ձեռքբերումը:

Մ. Խաչերեան վեր առաւ հայ ժողովուրդի հասարակական կեանքի ղեկավարման մէջ դերակատար հանդիսացած հայուհիները, որոնց անուններով մկրտուած են ՀՕՄ-ի  թէ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը:

Նուագով հանդէս եկան Յասմիկ Այնթապլեան (ֆլիւթ) եւ Շաղիկ Հապէշեան (ջութակ):

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրի յանձնում եւ հիւրասիրութիւն:

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 27 մարտ 2015-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդութիւններուն նուիրուած ձեռնարկ:

Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց  Ռիթա Լագիսեան, որ քաջալերեց հայ մայրերը եւ մեծ մայրերը պահպանելու հայկական աւանդութիւնները իրենց ընտանիքներուն մէջ:

Օրուան առաջին պատգամախօսն էր Ղեւոնդ վրդ.  Բէնդէզեան, որ  խօսեցաւ հայ եկեղեցական տօներուն առնչուող հայկական աւանդութիւններուն մասին`  մեկնաբանելով անոնց հետ կապուած սովորութիւնները:

Յասմիկ Գէորգեան ամբողջացուց աւանդութիւններուն հետ կապուած սովորութիւններուն մասին տեղեկութիւնները` կեդրոնանալով ժողովրդային աւանդութիւններուն վրայ:

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին եւ նուիրատուութեամբ Զէյթլեան ընտանիքին,  26  մարտ 2015-ին, ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ տարեցներու Զատկուան աւանդական հաւաքոյթը:

Առողջութեան եւ երկար կեանքի մաղթանքներով` բարի գալուստի խօսքը արտասանեց յանձնախումբի ատենապետ Քնար Շխրտմեան-Գամպերեանը:

Օրուան հաւաքոյթի սեղանապետն էր  Սարհատ Աբրահամեան, որ  զաւեշտներով  եւ  բարեմաղթութիւններով ճոխացուց  մթնոլորտը:

Հաւաքոյթի ընթացքին խօսք առին հոգեւոր հայրերը, իսկ գիւղի 3  վարժարաններուն աշակերտները կատարեցին երգեր եւ  պարեր:

– ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի գարնանային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 24 մարտ 2015-ին , ՀՅԴ «Ռոստոմ» ակումբի «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ: Վարչութեան ատենապետ  Շաքէ Պաղտասարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան խորհրդանիշ անմոռուկ ծաղիկին նայելով մենք կը տեսնենք ապրող հոգիները մեր նահատակներուն , որոնք իրենց անհանգիստ տեղերէն կը գոռան ու կը կանչեն.  «Մեզ մի՛ մոռնաք, յանուն սիրոյ եւ արդարութեան` մեր պայքարը շարունակեցէք®»:

Օրուան դասախօսն էր Մարլեն Տանակէօզեանը, որ տիրացած է Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան կազմակերպած մրցումի` ծաղիկներու մրցանակին, ան տեղեկութիւններ տուաւ անմոռուկ ծաղիկի մասին, թէ ինչո՛ւ ընտրուած է Հայոց ցեղասպանութեան որպէս խորհրդանիշ: Ան ներկայացուց ծաղիկի ամէն մէկ գոյնի նշանակութիւնը, բացատրեց թէ ինչո՛ւ կոչուած է անմոռուկ, նաեւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ ծաղիկներու եւ բոյսերու խնամքին:

Նախաճաշէն ետք տեղի ունեցան վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւն:

Նախորդը

Սիրոյ Եւ Հաւատքի Ջահը` ԼՕԽ-ը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Սկաուտները Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ Եւ Դէպի Այնթուրայի Հայ Մանուկներու Որբանոցը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?