Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Պետական Ռատիոկայանը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Անկարելի Ապաքինումը»

April 21, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-21-15_radio-CanadaԿիրակի, 5 ապրիլին, Քանատայի պետական ռատիոկայանի ֆրանսական բաժնի առաջին ալիքէն` 95.1 FM, կ. ա. ժամը 11:00-էն սկսեալ, վերոյիշեալ բնաբանով ոգեկոչուեցաւ Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը Désautels le dimanche յայտագրի վրայ` երեք քառորդ ժամ տեւած հաղորդումով մը, որուն ընթացքին կայանի լրագրող Աքլի Այիտ Ապտալլա նախ տեսակցութիւններ ունեցաւ Մոնրէալի Հայ կեդրոնը իրենց շաբաթական հաւաքին եկած տարեցներու հետ, պեղելով անոնց յիշողութիւնը, յատկապէս` անոնց վերապրած ծնողներու սահմռկեցուցիչ պատումներուն մասին, ապա անցնելով Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ Սարաֆեան նախակրթարան ու Բաստրմաճեան երկրորդական վարժարան` զրուցելով աշակերտներուն հետ (որոնք պատմեցին իրենց տուներուն մէջ պահուող վերապրած առարկաներուն մասին, առարկաներ, որոնք առցանց թանգարանի ծրագրին մաս պիտի կազմեն), նաեւ` հայերէնի ուսուցիչ Մհեր Գարագաշեանի եւ տնօրէնուհի Լենա Գատեանի հետ: Տեսակցութիւն մը հաղորդուեցաւ Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեանի հետ, որ խօսեցաւ ներումի անկարելիութեան մասին` առանց զղջումի արարքին, որմէ ետք լրագրողը երկար զրուցեց հրաւիրեալ երկու վերլուծաբաններու հետ` թուրք մտաւորական Ճենկիզ Ախթարի ու «Լը Մոնտ»-ի աշխատակից, ֆրանսաբնակ Կայծ Մինասեանի, որոնք անդրադարձան ներկայ իրավիճակին ու պատմական անցուդարձերուն: Մինասեան յատկապէս բաղդատականը ըրաւ այսօր Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր կատարուող բարբարոսութիւններուն ու հայոց կրած ու անպատիժ մնացած ցեղասպանական ոճիրներուն, ԺԹ. դարէն ի վեր, որոնք աշխարհի անտարբերութեան իբրեւ հետեւանք` մնացին անպատիժ ու ահա կը շարունակուին մինչեւ ԻԱ. դար:

Յայտագիրը աւարտեցաւ Լուսնակի կողմէ երգի մը կատարողութեամբ:

Կարելի է ունկնդրել ու կարդալ այս մասին յայտագրի կայքին վրայ` http://ici.radio-canada.ca/emissions/desautels-le-dimanche/2014/2015/, որոնելով le génocide arménien, ուր կարելի է գտնել նաեւ բազմաթիւ յարակից նիւթեր:

Նախորդը

Խմբագրական. Երիտասարդութիւնը` Բարձունքի Վրայ

Յաջորդը

Թուրքիա Կ՛արգիլէ Ցեղասպանութեան Մասին Տեղեկագրող Լրագրողի Մուտքը

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.