Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիուֆիի Սեն Քէօր Դպրոցը Երկու Անջատ Ձեռնարկներով Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

Ապրիլ 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-22-15_SaintCoeurՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին Լիբանանը կ՛եռայ ձեռնարկներով, նախաձեռնութիւններով, տարբեր ոճի, ձեւի եւ շունչի քայլերով` ոգեկոչելու համար Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը:

Լիբանանահայութեան կողքին, լիբանանցիները իրենց կարգին կազմակերպած են մեծ թիւով ձեռնարկներ, որոնցմէ էին երէկ կէսօրին Սիուֆիի Սեն Քէօր վարժարանին մէջ տեղի ունեցած իրերայաջորդ երկու ձեռնարկները, որոնք կազմակերպուած էին դպրոցին տնօրէնութեան կողմէ:

Առաջին ձեռնարկը սկսաւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, 5-8-րդ դասարանի աշակերտներուն համար:

Սրահ մուտք գործող իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ Եռագոյն երիզներով պատրաստուած ապարանջան մը, որուն վրայ հայերէնով արձանագրուած էր «1915-2015 Հայաստան»:

Սեն Քէօրի տնօրէնուհի քոյր Էլեն Ռիշա ողջունեց ներկաները եւ անոնց հարց տուաւ, թէ արդեօք գիտե՞ն, թէ ինչ առիթով հաւաքուած են: Աշակերտները միաբերան պատասխանեցին տնօրէնուհիին հարցումին ըսելով` Ցեղասպանութիւն:

Ան իր խօսքին մէջ բացատրեց, որ այդ առիթը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է` աւելցնելով, որ Օսմանեան կայսրութիւնը բնաջնջեց մէկուկէս միլիոն հայութիւն եւ տեղահանութեան ենթարկեց զանոնք, պարզապէս որովհետեւ անոնք տարբեր էին` թուրք չէին:

Այս առումով, ան աշակերտներուն հաստատեց ուրիշը ինչպէս որ է ընդունելու կարեւորութիւնը:

Քոյր Էլեն Ռիշա ընդգծեց նաեւ, որ ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած հայերը Լիբանան հասած են եւ աշխատած, շինած երկիրը, պահպանած խաղաղութիւնը եւ աշխատած անոր բարգաւաճման ի խնդիր:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանահայը մնայուն կերպով պահպանած է համերաշխութիւնը, սիրած է Լիբանանը, հաւատարիմ մնացած անոր եւ արժեւորած անոր բարիքները:

«Հայութեան տիպարը մեզի համար ուսանելի պէտք է ըլլայ իբրեւ լիբանանցիներ», եզրափակեց քոյր Ռիշա:

Ապա երկու աշակերտներ Տէրունական աղօթքը կատարեցին հայերէնով եւ արաբերէնով: Քամալ Նուր հայերէնով աղօթեց, իսկ Եարա Եամմին` արաբերէնով:

Հետաքրքրական էր այն իրականութիւնը, որ «Սեն Քէօր»-ի տնօրէնութիւնը գործակցած էր Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին եւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին հետ:

Այս շրջագիծին մէջ ելոյթ ունեցան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի 3-րդ դասարանի աշակերտները, որոնք հայկական տարազներով մատուցեցին շարք մը երգեր` ղեկավարութեամբ դպրոցի երգուսոյց Գայեանէ Մարկոսեանի:

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտները Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով բացումը կատարեցին Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումին: Ապա հնչեցուցին ժողովրդային եւ ազգային երգերու շարան մը` լիբանանցի աշակերտին ծանօթացնելով հայկական հարուստ մշակոյթէն բեկոր մը:

Ապա Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի հինգերորդ դասարանի աշակերտները եւ դպրոցին պարախումբը ներկայացուցին երկու տարբեր պարեր, որոնցմէ առաջինը` «Իմ անունը Հայաստան է» երգին նուագակցութեամբ,  խորհրդանշեց հայութեան վերապրումը եւ իր ազգային ինքնութեան պահպանումը, իսկ երկրորդը` ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը, դպրոցի պարուսոյց Անի Կոստանեանի կողմէ պատրաստուած յատուկ պարային տեսարաններու ընդմէջէն:

Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի պարախումբին անդամները, որոնք պարեցին «Տլէ Եաման»-ի եղանակի նոր մշակումին նուագակցութեամբ, կը կրէին անմոռուկին գոյները խորհրդանշող տարազներ:

Առաջին ձեռնարկին աւարտէն ետք, սրահը լեցուցին 9-12-րդ դասարաններու աշակերտները, որոնք նոյնպէս ստացան իրենց ապարանջանները եւ գրաւեցին իրենց տեղերը` լուռ ու կեդրոնացած կերպով հետեւելով կազմակերպուած ձեռնարկին:

Երկրորդ ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Ժան Օղասապեան:

Քոյր Ռիշա դարձեալ արտասանեց խօսք մը` շեշտելով իրենց զօրակցութիւնը հայութեան: Ան մէջբերեց Ֆրանչիսկոս պապին յայտարարութիւնը` ընդգծելով, որ բոլոր ցեղասպանութիւնները մերժելի են:

Ձեռնարկը վարեց «Սեն Քէօր»-ի ուսուցչուհիներէն Քարոլ Ապու Նատեր:

Դարձեալ հնչեց Տէրունական աղօթքը` հայերէնով եւ արաբերէնով: Դպրոցին աշակերտուհիներէն Դալար Թորգոմեան հայերէնով աղօթեց, իսկ Լորեն Հըլու` արաբերէնով:

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի 3-րդ դասարանի աշակերտները Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով  Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումին բացումը կատարեցին, ապա անոնք հնչեցուցին ժողովրդային եւ ազգային երգերու նոյն շարանը:

Հայ երգը հնչելէ ետք, խօսքը փոխանցուեցաւ դպրոցի երկու հայ շրջանաւարտներուն` Աբրահամ Չոլաքեանի եւ Գարինա Մելքոնեանի:

Բարձր կարգերու աշակերտները ուշադիր հետեւեցան Ա. Չոլաքեանի վկայութեան` իբրեւ Մեծ եղեռնէն վերապրած հայու մը թոռը:

Ան շեշտեց, որ այո՛, ինք լիբանանցի է, սակայն պահպանած է հայկական իր արմատները:

Ա. Չոլաքեան ներկայացուց իր ընտանեկան ծառը եւ իր մեծ հօր ու մեծ մօր տարագրութեան պատմութիւնը աշակերտներուն` կոչ ուղղելով անոնց մասնակցելու ուրբաթ, 24 ապրիլ 2015-ին տեղի ունենալիք քայլարշաւին:

Ապա բեմ բարձրացաւ Գարինա Մելքոնեան, որ ցուցադրեց իր մեծ հօր` Յակոբ Մելքոնեանի մասին վերջերս պատրաստուած վիտէօերիզը:

Գ. Մելքոնեան յայտնեց, որ իր արմատները Ատանայէն են` աւելցնելով, որ իր մեծ հայրը 100 տարեկան է: «Մեծ հայրս ծնած է 1915-ին, Հայոց ցեղասպանութենէն երկու ամիս առաջ», ըսաւ ան: Ան աշակերտներուն ցոյց տուաւ փաստաթուղթ մը եւ նշեց, որ ինք այդ թուղթին պատճառով է, որ հոս հասած է` նշելով, որ իր մեծ հայրը Հալէպէն կրցած է հասնիլ Լիբանան եւ պահել իր ընտանիքը:

Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի պարախումբին անդամները դարձեալ պարեցին «Տլէ Եաման»-ի եղանակով պատրաստուած ցեղասպանութեան նուիրուած պարը:

Ձեռնարկին աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր խօսքը սկսաւ անդրադառնալով Տիգրանակերտի մէջ ապրած բժիշկ Մոհամետ Ռաշիտի եւ անոր խօսքէն մէջբերում մը կատարեց:

«Երբ Մոհամետ Ռաշիտի հարցուցած են, թէ կը նախընտրէ իր ասպարէ՞զը, թէ՞ ազգութիւնը, ան պատասխանած է, թէ կը նախընտրէ իր ազգութիւնը եւ իր խօսքը հետեւցուցած այս բառերով. Հայերը միջատներ են, եւ ես իբրեւ բժիշկ պէտք է ոչնչացնեմ այդ միջատները», ըսաւ Յ. Բագրատունի` աւելցնելով. «Ես հպարտ եմ այսօր Տիգրանակերտի այդ միջատներէն մէկը ըլլալով»:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հայը եւ լիբանանցին սպաննուած են նոյն դահիճին` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, առաջինը` ցեղասպանութեան ենթարկուելով, իսկ երկրորդը` սովամահ դառնալով:

«Մենք բոլորս թոռներն ենք այն սերունդին, որ Օսմանեան կայսրութեան զոհն է: Դժբախտաբար սակայն, ոմանք կը մոռնան այդ իրականութիւնը եւ կը մոռնան, թէ Նահատակաց յուշարձանը որո՛ւն համար կանգնեցուած է Կեդրոնական Պէյրութի մէջ, իսկ ուրիշներ կը մերժեն լիբանանեան պատմութեան գիրքին մէջ նշել Ճեմալ փաշայի անունը», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ եթէ Թալէաթները, Ճեմալներն ու Էնվերները պատժուէին, այլ ղեկավարներ, ինչպէս Հիթլեր եւ ուրիշներ պիտի չյանդգնէին նոր ցեղասպանութիւններ գործադրել: «Ոչ ոք կրնայ պատիժէն խուսափիլ, իսկ հայը պիտի շարունակէ իր պայքարը», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Խօսք առաւ նաեւ երեսփոխան Ժան Օղասապեան, որ յայտնեց, թէ ինք Սեն Քէօր վարժարանի շրջանաւարտ եղած է` աւելցնելով, որ ինք շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք կը զօրակցին հայութեան:

Ժ. Օղասապեան աշակերտներուն ներկայացուց թուրք կին գրագէտի մը գործերէն մէկը, որուն մէջ երկու ընկերուհիներ` հայ մը եւ թուրք մը կը խօսակցին իրարու հետ: «Այդ պատմուածքին մէջ թուրքը իր հայ ընկերուհիին կ՛ըսէ, թէ ինք կը նախանձի իրեն, որովհետեւ պատմութիւն ունի եւ հակառակ այդ պատմութեան տխրութեան, հպարտութեամբ կը պատմէ զայն: Ան կ՛աւելցնէ նաեւ, որ ինք եւս ունի պատմութիւն, բայց բնաւ չի փափաքիր այդ մասին խօսիլ, որովհետեւ կ՛ամչնայ այդ պատմութենէն եւ ամօթ կը զգայ…», ըսաւ Օղասապեան` աւելցնելով, որ հայութիւնը պիտի չմոռնայ իր դատը, այլ` կառչած պիտի մնայ իր յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան:

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն

Յաջորդը

Հայկական Շաբաթ Սեն Քէօր Պաուշրիէ Դպրոցին Մէջ` «Պաուշրեան. Կը Յիշեմ Եւ Կը Պահանջեմ» Խորագիրով

RelatedPosts

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In