Հարցազրոյցը կատարեց եւ հայերէնի վերածեց`
ՆՈՐԱ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ-ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Հայր ու աղջիկ պիտի քալեն գրաւեալ Հայաստանի Վան քաղաքէն մինչեւ Ժիպէյլի (Լիբանան) «Թռչնոց բոյն» որբանոցը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով եւ ի յարգանս Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակին: Յօրինող ու դասական երաժշտութեան մաէսթրօ-ղեկավար եւ կարիքաւոր պատանիներու օգնութիւն տրամադրելու նպատակով «Երեխաներու Մելքոնեան հիմնադրամ» բարեսիրական հաստատութեան հիմնադիր Վարդան Մելքոնեանին եւ դստեր` Վերոնիքա-Հայկանուշ Մելքոնեանին կատարելիք այս քայլարշաւը կը վայելէ Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին հովանաւորութիւնը:
Սրտայոյզ իրենց այս գաղափարը շահագրգռութիւն արթնցուց եւ մղեց, որ հրապարակելու մտածումով հեռախօսային հարցազրոյց մը ունենանք մեզի անծանօթ երիտասարդ հայուհիին` Վերոնիքա-Հայկանուշին հետ, որմէ իմացանք, թէ սկզբնական մտադրութեամբ քայլարշաւը իր վերջնակէտին պիտի հասնէր ապրիլ 24-ի օրը, սակայն թուականի պարտադիր յետաձգում եղած է Սուրիոյ ծայրայեղականներու հակակշռին տակ գտնուող որոշ շրջաններու մէջ տիրող անապահով ու վտանգաւոր կացութեան պատճառով: Այսուհանդերձ, Վերոնիքան վստահեցուց, որ` «մենք` հայր ու աղջիկ, պիտի քալե՛նք, ինչ որ ալ ըլլայ»:
Մեր կողմէ յաջողութիւն կը մաղթենք անոնց: Քիչ մը նախանձով, նաեւ անձկութեամբ պիտի հետեւինք քայլարշաւի հանգրուաններուն եւ անպայման հոգիով ու մտքով անոնց հետ պիտի ըլլանք:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սիրելի՛ Վերոնիքա, շատ մը հայրենակիցներ մեզի պէս հետաքրքրուած են քայլարշաւի ձեր մտադրութեամբ: Խնդրեմ, երկու խօսքով կրնա՞ս ըսել, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հայր ու աղջիկ ունեցաք քայլարշաւի գաղափարը: Ի՞նչ է «Walking for Armenia» (Քայլարշաւ Հայաստանի համար) ծրագիրը, որ նուիրուած է մեր նահատակներու յիշատակին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հայրս ու ես պիտի քալենք 1000 քիլոմեթր երկարող ճամբայ մը` հետեւած ըլլալու եւ որոշ չափով զգալու համար յոգնութիւնն ու տառապանքը, որ 100 տարիներ առաջ ունեցած են մեր մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը այդ նոյն ճամբով բռնագաղթի իրենց ուղեւորութեանը ընթացքին, երբ անոնք 1915-ի ցեղասպանութեան օրերուն տեղահանուեցան ու վտարուեցան իրենց հայրենական տուներէն:
Մեր քայլարշաւը պիտի սկսի Արեւմտեան Հայաստանի Վան քաղաքէն, ուր ծնած էին իմ մեծ հայրերս, եւ պիտի ուղղուի դէպի Լիբանան: Վերջնակէտը պիտի ըլլայ Պէյրութի հիւսիսը` Պիպլոս քաղաքի մէջ գտնուող «Թռչնոց բոյն» որբանոցը, ուր իմ հայրս անցուցած է իր մանկութիւնը:
Հայրս ու ես այս նախաձեռնութեամբ կը յուսանք դրամահաւաք յաջողցնել «Երեխաներու Մելքոնեան հիմնադրամին» համար, որուն նպատակն է օգնութեան հասնիլ որբ երեխաներու, որոնք նման դժուարին պայմաններ կը դիմագրաւեն այսօր այնպէս, ինչպէս ապրած էր իմ որբացած հայրս` 100 տարի առաջուան ջարդերուն պատճառով:
Փափաքողները կրնան նուիրատուութիւններ կատարել հետեւեալ կայքէջի միջոցով.
http://uk.virginmoneygiving.com/walkingforarmenia
Հ.- Կարելի՞ է արդեօք կարգ մը տեղեկութիւններ ունենալ քու եւ հօրդ մասին:
Պ.- Տնտեսագիտութեան ճիւղի աւարտական ուսանող եմ ես, Մեծն Բրիտանիոյ մէջ: Դժբախտաբար տակաւին հայերէն չեմ խօսիր եւ այդ պատճառով ալ անգլերէնով կը պատասխանեմ հարցերուդ : Բայց եւ այնպէս իմ ազգային ժառանգութիւնս եւ հայկական մշակոյթը հմայիչ ազդեցութիւն ունին վրաս, շատ հաւանաբար` իմ հօրս կեանքի պատմութեան շնորհիւ:
Հայրս ծնած է Պէյրութի շրջակայքը գտնուող գաղթակայանի մը մէջ: Կարճ ժամանակամիջոց մը ապրած է «Թռչնոց բոյն» որբանոցին մէջ պատսպարուելով, մինչեւ որ ստիպուած եղած է Պէյրութի ճամբաները իյնալ, երբ որբանոցը տեղի դժուարութիւն դիմագրաւած է: Իր պատանեկութեան ու երիտասարդութեան տարիները եղած են ապրուստի համար մղուած պայքար մը, որպէսզի ճամբաներու մէջ չմնայ եւ վայել կեանք ապահովէ: Երաժշտութեան հանդէպ իր սէրն ու տաղանդը զինք բերած են Անգլիա, ուր ուսանած է դասական երաժշտութիւն եւ դարձած` համբաւաւոր յօրինող:
Այսպէս, ուրեմն, Հայոց ցեղասպանութեան ուղղակի հետեւանքով է, որ այսօր ես Լոնտոնի մէջ կը պատասխանեմ ձեր այս հարցումներուն: Եթէ իմ նախահայրերս Հայաստանէն բռնագաղթի չենթարկուէին, հայրս պիտի չծնէր Լիբանանի մէջ եւ իր երիտասարդական տարիները ճամբաներուն մէջ վերապրումի պայքար պիտի չդառնար: Ան պիտի չճամբորդէր Մեծն Բրիտանիա, ուր իր երաժշտական տաղանդին շնորհիւ ի վերջոյ յաջողեցաւ եւ ընտանիք կազմեց: Իմ գոյութիւնն իսկ հոս, արդիւնք է իմ նախնիներու ապրած կացութիւններուն, ուստի բնական է, որ այդ կացութիւններն ու անոնց պատմութիւնը զիս կը հետաքրքրեն եւ կը յուզեն:
Հ.- Այս քայլարշաւը որո՞ւ գաղափարն էր: Ինչպէ՞ս պիտի գործադրուի եւ ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ: Խնդրեմ` թուէ՛ որոշ մանրամասնութիւններ, օրինակ` ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւեցիք քայլարշաւը ծրագրելու ատեն, ի՞նչ հաւանական արգելքներ կը նախատեսէք այս 1000 քիլոմեթրը քալելու ընթացքին:
Պ.- Քայլարշաւը իմ գաղափարս էր: Օր մը մտածումս ներկայացուցի հօրս: Կը հաւատամ, որ անիկա իւրայատուկ հնարաւորութիւն մը պիտի տայ մեզի` հասկնալու համար մեր մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու գոյապայքարը, երբ անոնք ստիպուեցան լքել իրենց ծննդավայրը: Անդրադարձանք, որ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը ամէնէն յարմար առիթն է մեր գաղափարը իրագործելու: Ահա թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս յանգեցանք քայլարշաւի որոշումին: 1000 քիլոմեթր ուղին քալելով կտրելու պատրաստ էինք…
Պիտի հետեւինք քանի մը տարիներ առաջ եղբօրս հետեւած ուղիին: Վան քաղաքէն սկսելով, պիտի յառաջանանք դէպի հարաւ` կանգ առնելով եւ գիշերելով նախատեսուած հիւրանոցներու մէջ: Մեզի հետ պիտի ունենանք նաեւ վրաններ եւ այլ անհրաժեշտ իրեր` անսպասելի հաւանականութիւն դիմագրաւելու համար:
Այսպիսի քայլարշաւի մը ընթացքին կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ արգելքներու: Ներկայի քաղաքական պայմաններուն մէջ Սուրիան ճեղքելը չափազանց վտանգաւոր կրնայ ըլլալ: Վտանգէն խուսափելու համար թերեւս ստիպողական կը դառնայ թրքական ծովափէն անցնիլ եւ այնտեղէն նաւով ուղղուիլ Լիբանանի հիւսիսը, ապա քալելով շարունակել դէպի հարաւ, դէպի Պիպլոս քաղաքը: Այս հարցով հայրս արդէն կը խորհրդակցի Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ:
Հ.- Մամուլը անդրադարձա՞ծ է ձեր այս ծրագրին: Արդեօք լրագրողներ պիտի հետեւի՞ն ձեր ուղեւորութեան:
Պ.- Մամուլը, մանաւանդ հայկական թերթերը ուրախութեամբ ընկալեցին մեր ծրագիրը: Բացայայտ է, որ մեր նախաձեռնութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան համար յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ սփիւռքի մէջ ապրող ամէն հայ անպայման կը զգայ, որ իրեն ալ կը վերաբերի այս քայլարշաւը: Հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են նաեւ թրքական որոշ հրապարակումներ, որ կարելի է գտնել համացանցի վրայ:
Հ.- Ի՞նչ են ներկայի զգացումներդ քայլարշաւի նախաշեմին: Ի՞նչ ձեւով ընկալեցին այս ծրագիրդ բարեկամներդ եւ ընտանիքդ:
Պ.- Զգացումներս յուզումի եւ երկիւղի խառնուրդ են: Անհամբեր եմ այցելելու ու մօտէն տեսնելու անտէր մնացած հայկական եկեղեցիները, որոնց մեծ մասը քանդուած վիճակի մէջ է, իսկ ուրիշներ` դեռ կանգուն: Կ՛ակնկալեմ, որ աւելի լաւ պիտի հասկնամ մեր մեծ հայրերու ապրած ողբերգութիւնը: Սակայն միաժամանակ երբեմն վհատութիւն կու գայ վրաս, երբ կը մտածեմ, թէ 1000 քիլոմեթր պիտի քալենք, ինչ որ պարտէզին մէջ սովորական ու պարզ պտոյտ մը պիտի չըլլայ…
Իմ ընտանիքս եւ ընկերներս քաջալերեցին եւ թիկունք կանգնեցան մեզի: Ասով հանդերձ, ոմանք մեր ապահովութեան նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին, ինչպէս նոյնինքն Արամ վեհափառը, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելէ մեր քայլարշաւը: Իսկ ինծի համար ամէնէն խրախուսիչը քաջալերական խօսքերը եղան մեծ թիւով հայերու, որոնք աշխարհի ամէն կողմերէն կապի մէջ մտան մեզի հետ, երբ լսեցին քայլարշաւի մասին: Այդ քաջալերականները կը վերահաստատեն, որ այս ծրագիրը ազնիւ նպատակի համար է: Անձնապէս, իմ բոլոր վախերս եւ անձկութիւններս կը փարատին իմ հօրս շնորհիւ, ոչ թէ իր խօսքերով, այլ իր ներկայութեամբն իսկ: Ան Պէյրութի ճամբաներէն հասաւ հոս եւ արժանավայել կեանք մը վարեց այս երկրին մէջ: Իմ աչքերուս առջեւ չկայ բան, որ ան չկարենայ յաջողցնել, նոյնպէս` հազար քիլոմեթր քալելը:
Հ.- Ամբողջ սրտով կը մաղթեմ, որ մեր մտքերով պատկերացուցած բռնագաղթի դառն ճանապարհը կամաւոր կերպով ճեղքելու ձեր ուխտը կատարէք յաջող ու անվտանգ եւ` համաձայն ձեր հոգիի փափաքին: Շնորհակալութի՛ւն: