Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Սեն Քէօր Պաուշրիէ դպրոցը երկար ծրագրումէ եւ հետեւողական աշխատանքէ ետք կազմակերպեց «Պաուշրեան. Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» խորագիրով շաբաթ մը: Տնօրէնութիւնը` ծնողական խորհուրդին, հայ ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն հետ գործակցաբար այս հանգրուանին իրականացուց հայկական բնոյթի այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնց ընդմէջէն աշակերտները կարելիութիւն ունեցան ծանօթանալու հայկական մշակոյթին, աւանդութիւններուն, դատին եւ պատմութեան` նպատակ ունենալով հասցնել այն պատգամը, թէ դար մը առաջ մարդկութեան հաշուոյն ահաւոր ոճիր մը տեղի ունեցաւ` օսմանցիներուն կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեամբ:
Այս ծիրին մէջ տարբեր դասարաններու աշակերտներ այցելեցին հայկական կառոյցներ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի թանգարան, Զմմառու վանքի թանգարան, ընկերային ծրագիրներ կատարեցին ՔԱՀԼ¬ի, Հ. Գարակէօզեան հիմնարկին մէջ, հիւրընկալեցին հայ մշակութային, հոգեւոր, կրթական, քաղաքական անձնաւորութիւններ, հայկական վարժարաններու աշակերտներուն հետ կատարեցին տարբեր բնոյթի գործունէութիւն, կլոր սեղաններ, քննարկումներ, որոնք կը վերաբերէին Հայոց ցեղասպանութեան, Լիբանանի մէջ հայութեան աշխուժ եւ օգտաշատ դերակատարութեան: Աշակերտները նաեւ ծանօթացան հայկական աւանդութիւններուն, ուտելիքներուն եւ ազգային արժէքներուն:
Դպրոցի տնօրէն քոյր Քարոլին Ռայի` խօսելով այս նախաձեռնութեան դրդապատճառին մասին, դիտել տուաւ, որ նոր սերունդին պէտք է սորվեցնենք պատմութեան կառչիլ, որովհետեւ լիբանանցիներուն համար սովորութիւն դարձած է ապրիլ միայն ներկայով, անտեսելով անցեալը: Անոր համաձայն, այս ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ դպրոցին մէջ գործող բոլոր միաւորներուն հետ գործակցաբար եւ բոլորին մասնակցութեամբ, ինչ որ յաւելեալ կարեւորութիւն եւ համապարփակութիւն տուաւ ձեռնարկներուն ու աշխատանքներուն:
Այս բոլորին զուգահեռ տեղի ունեցան երկու յատկանշական նախաձեռնութիւններ` 17 ապրիլին յատուկ հանդիսութիւն մը եւ 20 ապրիլին դպրոցին շրջափակին մէջ յուշարձանի բացման արարողութիւն:
17 ապրիլին տեղի ունեցած հանդիսութեան նպատակն էր աշակերտները իրազեկ դարձնել մարդկութեան իրականութեան մէջ առկայ այնպիսի հանգրուանի մը, երբ ահաւոր ողբերգութիւն մը գործադրուեցաւ, եւ մարդկային խիղճն ու միտքը տակաւին անկարող է ըմբռնելու ամբողջ ազգի մը հաշուոյն կատարուածը:
Այս առիթով դպրոցին խօսքը փոխանցեց արաբերէն լեզուի համակարգող Ճորճ Պու Անթուն, որ իր խօսքը սկսաւ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութենէն ազդեցիկ պատկերներու ներկայացումով` շեշտելով, որ օսմանցիներուն կողմէ գործադրուած բռնագաղթն ու ջարդը այնքան դաժան էին, որ անիկա համայն մարդկութեան ուսերուն ծանրացած դատի մը վերածուեցաւ: Ան շեշտեց, որ Հայ դատը վաղուան յիշողութեան դատն է եւ միշտ վառ պիտի մնայ սերունդներու խիղճերուն մէջ: Ճորճ Պու Անթուն հաստատեց, որ հայութիւնը կրցաւ մահէն կեանք ստեղծել, հաւաքական ջարդէն ծնունդ տուաւ հերոսական դիւցազնութեան, լուսաշող յոյսի, յարատեւ պայքարի եւ վճռական գոյերթի: Հայութիւնը այնպիսի ազգ մըն է, որ իրաւունք ունի արժանապատուութեամբ ապրելու, որովհետեւ տէրն է իր հայրերու աւանդին, իր սրբազան դատին, նաեւ իր գտնուած վայրերուն մէջ միշտ բարձր պահած է հայութեան անունը:
Աշակերտներուն եւ պատասխանատուներուն իր խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ յայտնեց, թէ 20-րդ դարու առաջին եւ ահաւոր Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն թոռներն ու ծոռերը այսօր ո՛չ միայն վերապրած են ու կը գոյատեւեն աշխարհի չորս ծագերուն, այլ նաեւ շարունակած են մնալ պահանջատէր, տէրը իրենց սրբազան դատին ու իրաւունքներուն: Ան հաստատեց, որ ժողովուրդները կ՛ապրին հաւատարիմ մնալով իրենց անցեալին, անկէ փոխանցուած կտակը իբրեւ փարոս կ՛ունենան եւ աննահանջ կը յառաջանան դէպի ապագայ: Իր խօսքը փոխանցեց նաեւ երեսփոխան Ժան Օղասապեան:
Ձեռնարկի աւարտին դպրոցի տնօրէն քոյր Քարոլին Ռայի երեսփոխան Բագրատունիի յանձնեց Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանի մանրակերտը:
Երկուշաթի, 20 ապրիլի առաւօտեան աշակերտութիւնը երկու հանգրուանով` նախակրթարան եւ միջնակարգ-երկրորդական, աղօթեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին: Այս առիթով հայերէնով եւ արաբերէնով աղօթեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Հայոց թեմի «Աւետաբեր» երգչախումբն ու դպրոցին երգչախումբը, ինչպէս նաեւ աշակերտները հայերէնով աղօթեցին:
Այս առիթով աշակերտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ դպրոցի տնօրէն քոյր Քարոլին Ռայի հաստատեց, որ հարիւր տարի առաջ տարագրուած եւ սպանդի ենթարկուած հայերը մեր եղբայրներն են, ուստի մեր պարտքն է զօրակցիլ անոնց, որովհետեւ անոնք մարդկային կամքի հզօրութեամբ կրցան գոյատեւել եւ վերապրիլ: Անոր համաձայն, հայութեան կեանքը ինքնին պատգամ է այն փաստին, որ դատ մը չի շիջիր, եթէ կան իրաւատէրեր, իսկ եթէ կան իրաւատէրեր, ուրեմն անպայման արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ:
Անկէ ետք քոյր Քարոլին Ռայի եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի բացումը կատարեցին յուշարձանի մը, որուն վրայ եղած խաչը կը խորհրդանշէ հաւատքն ու Քրիստոսը, խաչքարը` հայկական արուեստն ու հաւատքի ուժը, հայրը` ընտանիքի տէրը, մայրը, որ կ՛աղօթէ հայ նահատակներուն հոգիներուն համար, մանուկ նահատակը, որ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն խորհրդանիշն է:
Միջնակարգ-երկրորդական դասարաններուն միացան նաեւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն աշակերտներ:
Բոլոր աշակերտները շրջափակ մտան Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշակակիրներուն առաջնորդութեամբ եւ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» նշանաբանը կրող մոմեր զետեղեցին նահատակներու յուշարձանին առջեւ: