Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Պահանջատիրական Հաւաք

Ապրիլ 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-21-15_aksor-(1)Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրումը եւ հայ ժողովուրդին յարութիւնը նոր աւիւն հանդիսացած են աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդին: Արդարեւ, հայուն գոյատեւումը, պահանջատիրական ոգին եւ արդարութեան ձայնը ապրուած կեանքի իրողութիւն դարձան Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու կտակին ժառանգորդներուն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման իւրայատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 21 ապրիլ 2015-ին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի սրահին մէջ, հայերէն լեզուի դասատու Մարիա Նաճարեան- Ինճէեանի հսկողութեամբ եւ պատրաստութեամբ:

Արդարեւ, շաբաթէ մը ի վեր վարժարանի շրջափակին մէջ զետեղուած էին Ծիծեռնակաբերդի ու Սարդարապատի յուշակոթողներուն մանրակերտերը եւ բակին պատերը զարդարուած էին աշակերտական պահանջատիրական գծագրութիւններով: Զբօսանքներուն կը հնչէին ազգային-հայրենասիրական երգեր, որոնք աշակերտներուն մօտ արթնցուցին պահանջատիրական ոգին:

4-21-15_aksor-(2)Վարժարանին սրահն ալ հայկականութիւն կը բուրէր: Բեմին վրայ դրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան խորհրդանիշ անմոռուկ ծաղիկը, Արարատ լերան գծապատկերը եւ «կը յիշենք եւ կը պահանջենք» նշանաբանով պաստառ մը:

Ոգեկոչական ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան Նշան աբեղայ Լախոյեան, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի գործավար  Մարալ Անթոյեան եւ մեծ թիւով ծնողներ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք բացման խօսքը կատարեց Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի չորրորդ դասարանի աշակերտ Յովհաննէս Քեհեաեան: Ան նշեց, որ դար մը անցած է այն օրէն, երբ թուրքը ուզեց բնաջնջել ազգ մը եւ ձգել միայն մէկ հայ, այդ ալ թանգարանին մէջ: Ապա շարունակեց` ըսելով, որ 100 տարիներէ ի վեր կ՛ապրինք մեր հայրենիքէն հեռու, եւ թուրքը կը յամառի կառչած մնալ հերքումի իր քաղաքականութեան:

Յ. Քեհեաեան իր դասընկերներուն անունով խոստացաւ պահանջատէր եւ վրէժխնդիր մնալ եւ Ապրիլ 24-ը վերածել ամէնօրեայ կանչի` խօսելով հայերէն, անխախտ հաւատքով պայքարելու` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումին ի խնդիր: Իր խօսքի աւարտին ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին:

Ապա ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը: Պահանջատիրական արաբերէն լոզունգներով հանդէս եկան երրորդ դասարանի աշակերտները: Ապա վարժարանի երգչախումբը  ներկայացուց «Տեսնեմ Անին» խմբերգը` խմբավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի: Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը» կենդանի պատկերով ներկայացուցին բարձր դասարանի աշակերտները: Վարժարանի առաջին, երկրորդ, երրորդ դասարանի աշակերտները խմբային ասմունք եւ պահանջատիրական հայերէն խօսքեր արտասանեցին: Ուշագրաւ էր առաջին դասարանի աշակերտներուն բարձրացուցած պաստառները, որոնց վրայ գրուած էր «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ չեկան»: Վարժարանի երգչախումբը դարձեալ հանդէս եկաս «Ախպերս ու ես» խմբերգով: Տեղի ունեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան ներկայացումը վեցերորդ դասարանի  աշակերտներուն կողմէ, որոնք կրցան փոխանցել արդարահատուցման պատգամը ներկաներուն: «Անպատիժ եւ շարունակուող Ցեղասպանութիւն» խորագրեալ նիւթը փաուր փոյնթով ցուցադրուեցաւ ներկաներուն:

Յայտագիրին վերջին բաժինով ներկայացուեցաւ «Մենք ենք Անին, Վանը եւ Սասունը» նիւթով թատրոն, ուր վեցերորդ դասարանի աշակերտները որոշած էին մեկնիլ Հայաստան եւ մասնակցիլ դէպի Ծիծեռնակաբերդ քայլարշաւին: Անոնք իրենց ձեռքերուն ունէին Արեւմտահայաստանի բռնագրաւեալ քաղաքներուն անունները` Սիս, Վան, Անի, Այնթապ, Մարաշ, Քիլիս, Սասուն, Մուսա լեռ: Իբրեւ պահանջատէր հայորդիներ ուխտեցին շարունակել պահանջատիրութեան երթը մինչեւ ամբողջական հողերու վերատիրացում: Ապրիլեան յուշահանդէսը վերջ գտաւ «Ապրիլ» խմբերգով, զոր մենակատարեց «Աւետաբեր» երգչախումբի խմբավար Երուանդ Քէշիշեան:

Օրուան հուսկ բանքը եւ եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Նշան աբղյ. Լախոյեան: Ան ըսաւ, թէ ուր որ երկու կամ երեք հայ ըլլայ Հայաստան կը կազմեն:  Հայր սուրբը աշակերտներուն ըսաւ, որ այս յայտագիրով Հայաստան կազմեցին: Ան յայտնեց, որ 100 տարի հայ ժողովուրդը յիշեց եւ պիտի շարունակէ յիշեցնել ու պահանջել մեր հողերը: Մեր իրաւունքները եթէ պէտք ըլլայ զէնքի ուժով պիտի առնենք: Ան մատնանշեց, որ հարիւրամեակէն ետք մենք պիտի պահանջենք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն արեան հատուցումը, սակայն պէտք է գիտնանք ինչպէս քալել պահանջատիրութեան ճամբայէն: Իր խօսքի վերջին բաժինով ան իր գոհունակութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց ձեռնարկին մասնակցող բոլոր աշակերտներուն, որոնք հայու հարազատ ոգիով կրցան պատգամ փոխանցել ներկաներուն:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: Աւարտին աշակերտութեան բաժնուեցաւ կը յիշենք եւ կը պահանջենք գրութեամբ մոմեր: Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն վարժարանի բակին մէջ զետեղուած Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին շուրջ:

 

 

Նախորդը

Հայկական Շաբաթ Սեն Քէօր Պաուշրիէ Դպրոցին Մէջ` «Պաուշրեան. Կը Յիշեմ Եւ Կը Պահանջեմ» Խորագիրով

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (23 Ապրիլ 1965)

RelatedPosts

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In