Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

100-րդ Տարելիցին Առիթով Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչում Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ

Ապրիլ 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-17-15_mesrobian-(1)4-17-15_mesrobian-(2)17 ապրիլ 2015-ին Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը եւ աղօթքով, երգով ու ասմունքներով յարգանքի տուրք մատուցեց հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին:

Ոգեկոչման ձեռնարկը սկսաւ վարժարանի շրջափակին մէջ կանգնեցուած Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողի մեծաչափ նմանակին առջեւ բարձրացուած աղօթքով եւ «Տէր, ողորմեա»-ով` առաջնորդութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Պերճ վրդ. Սապէի: Ապա մասնակիցները ուղղուեցան «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահ, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, համաձայն Վազգէն Մուղալեանի նախագծումին եւ համադրումին, գործակցաբար վարժարանի երգի ուսուցիչ Մանուէլ Քէշիշեանի:

Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք ձեռնարկի բացումը կատարեց Սթեֆանի Պալթայեան: Այնուհետեւ մեծ «Ծիծեռնակներ»-ու երգչախումբը կատարեց «Ապրիլեան նահատակներուն»  եւ «Հայրենիքիս հետ» երգերը, որոնց յաջորդեց Ազնիւ Փոլատեանի ասմունքը («Պարը», Սիամանթօ)  ընկերակցութեամբ բարձր կարգի դասարաններու աշակերտուհիներու պարին: Մեծ ազդեցութիւն գործեց Էլի Թորանեանի կատարումը Սիամանթոյի «Խեղդամահը» քերթուածին, որուն ընդմէջէն պատանի ասմունքողը յաջողեցաւ ներկաներուն փոխանցել ամբողջ տառապանքը Եղեռնի զոհ հայ մանուկներուն եւ մայրերուն: Յաջորդող մասերով ելոյթներ  ունեցան մեծ «Ծիծեռնակներ»-ը` («Երազ իմ երկիր հայրենի», «Մենք հայրեր ենք») Կասիա Ճինեան (ասմունք`  «Ափ մը մոխիր», Սիամանթօ), Ճենիֆըր Քասիս («Ես բողոքում եմ», Յովհաննէս Շիրազ), փոքր «Ծիծեռնակներ-ը («Սարդարապատ», «Տուր ձեռքդ իմ եղբայր»), Եւա Ղազարեան ( ասմունք` «Ո՞ւր էիր Աստուած», «Գարուն ա, ձիւն ա առել), Ճոնի Պէյլէրեան եւ Քարլի Թիւֆէնքճեան (ասմունք`  «Հպարտ եմ ես», Պարոյր Սեւակ): Յայտագիրի եզրափակումը եղաւ երկու ոգեշնչող կատարումներով. «Ծիծեռնակներ» մեծերու երգչախումբը հնչեցուց Ազնաւուր-Կառվարենցի «Pour toi Arménie»-ին, իսկ Էլի Թորանեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Կանք պիտի լինենք» քերթուածը, ընկերակցութեամբ Մեսրոպեանի երգչախումբերուն:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ մեծապէս գնահատեց ձեռնարկի կազմակերպիչ ուսուցիչներն ու մասնակից բոլոր աշակերտները: Անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` տնօրէնը կարեւոր նկատեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտումին ուղղութեամբ արձանագրուած յաջողութիւնները միջազգային մակարդակի վրայ, յատկապէս ընդգծելով Ֆրանչիսկոս պապին կեցուածքը, զոր արտայայտուեցաւ 12 ապրիլի պատարագին ընթացքին, Վատիկանի մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ 100-ամեակը մեր պայքարին վերջը չէ, այլ կարեւոր հանգրուան մը`  արդարութեան լիակատար յաղթանակին հասնելուն ուղղութեամբ: Կ. Գալուստ կոչ ուղղեց աշակերտներուն` հաւատարիմ մնալու Մեծ եղեռնի նահատակներուն կտակին, նպաստելու հայկական պահանջատիրութեան եւ անոր ջատագովները մնալ` մեր ապրած միջավայրին մէջ:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Ապրիլ 1965)

Յաջորդը

… Միւսներուն Կը Մնայ Հետեւիլ Վատիկանէն Լսուած Պատգամին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?