Կլոր սեղանը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Թէեւ այս օրերուս Լիբանանի Նահատակաց օրը չի նշուիր եւ լիբանանցի նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչումի չ՛արժանանար` 10 տարի առաջ կառավարութեան կողմէ այդ օրը միայն նահատակ լրագրողներով սահմանափակելու փորձին պատճառով, սակայն լիբանանցի ակադեմականներ, հոգեւորականներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ, 1915-1917 ժամանակաշրջանին զոհուած նահատակներուն շառաւիղները, ինչպէս նաեւ նահատակ բանակայիններուն հարազատները չեն մոռցած իրենց նահատակները: Արդարեւ, իւրաքանչիւրը իր կարողութիւններուն համաձայն կը գործէ այդ մասին պատմելու յաջորդող սերունդներուն` պատմութիւնը պահպանելու նպատակով, իսկ ուրիշներ բացայայտ կերպով կը պահանջեն կառավարութենէն վերահաստատել այդ օրը եւ Մայիս 6-ը նկատի ունենալ իբրեւ ազգային տօն մը, որ կը համախմբէ լիբանանցիները:
Մայիս 6-ին զուգադիպող այս օրուան առիթով «Ազդակ» կլոր սեղանի մը հրաւիրեց 1915-ին Ճեմալ փաշայի հրահանգով կախաղան բարձրացած լիբանանցի առաջին նահատակ հայր Եուսեֆ Խուրիի թոռը` բժիշկ Ժորժ Հայեք, «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի փոխնախագահ հայր Փիեռ Նաժըմ եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Քաղաքական գիտութեանց բաժանմունքի դասախօս եւ Լիբանանի մարդկային իրաւանց ոչ-կառավարական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն դոկտ. Ուաէլ Խէյր:
Կլոր սեղանին ընթացքին արծարծուեցան լիբանանցիները Լեռնալիբանանի մէջ սովի ենթարկելու, Պուրճ եւ Մարժէի հրապարակներուն վրայ լիբանանցի եւ սուրիացի ազգայիններ ու մտաւորականներ կախաղան բարձրացնելու եւ այս բոլորէն ետք Լիբանանի մէջ 6 մայիսը Նահատակաց օր ըլլալէ դադրեցնելու քայլերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն հաւաքական յիշողութեան եւ այդ օրը վերահաստատելու պահանջներուն մասին:

Անդրադառնալով Լեռնալիբանանի ժողովուրդը սովի ենթարկելու Օսմանեան կայսրութեան արարքին` Ժորժ Հայեք շեշտեց, որ այդ մէկը հաստատ ցեղասպանութիւն է, որովհետեւ ճիւաղային այդ արարքին նպատակն էր Լեռնալիբանանի բնակչութիւնը բնաջնջել: Ան խստիւ դատապարտեց այն յայտարարութիւնները, որոնք 1915-1916 թուականներու Լեռնալիբանանի դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն նկատեր, եւ հարց տուաւ, որ 450 հազար հոգի հաշուող Լեռնալիբանանի բնակիչներէն 200 հազարը սովամահ դարձնելը ի՞նչպէս կարելի է բնորոշել, եթէ ոչ ցեղասպանութեամբ:
Միւս կողմէ, դոկտ. Խէյր նշեց, որ միջազգային օրէնքով դժուար թէ Լեռնալիբանանը սովի ենթարկելը ցեղասպանութիւն նկատուի: «Իբրեւ լիբանանցի, ես կը մաղթեմ, որ աշխարհը ճանչնայ Լեռնալիբանանի մէջ կատարուածը եւ լիբանանցիները հատուցէ, սակայն մեր դատը որքա՞ն զօրաւոր է», կասկածով հարց տուաւ ան:
Խէյր աւելցուց նաեւ, որ լիբանանցի ազգային գործիչները, հոգեւորականներն ու լրագրողները Օսմանեան կայսրութեան օրով կախաղան բարձրացուած էին ֆրանսական դեսպանատան մէկ պաշտօնեային` Ֆիլիփ Զալզալի մատնութեան պատճառով:

Դոկտ. Խէյրի կողմէ Զալզալ մականունը հնչեցնելը պատճառ դարձաւ, որ բժիշկ Հայեք ընդմիջէ եւ ներկայացնէ իր մեծ հօր պատմութիւնը:
Հայեք նշեց, որ Զալզալի կողմէ բացայայտուած փաստաթուղթերը պատճառ դարձած են լիբանանցիներուն նահատակութեան: Ան նշեց, որ իր մեծ հայրը, որ Սինէլ Ֆիլի քահանան էր` հայր Եուսեֆ Հայեք, լաւ յարաբերութիւններ ունէր Ֆրանսայի վարչապետին հետ:
Իր նամակագրութիւններուն ընդմէջէն ան վարչապետէն եւ խորհրդարանի նախագահէն խնդրած էր միջամտել Լիբանանի մէջ գործուած չարիքին` Լեռնալիբանանի բնակիչներուն սովի ենթարկումին, հալածանքին եւ այլն:
Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ Փոլ տը Շանէլ օրին շնորհակալական նամակ մը կը գրէ Եուսեֆ Խուրիի եւ կը խոստանայ ծովուն ճամբով օժանդակել Լեռնալիբանանի բնակչութեան, որպէսզի անոնք կարենան դիմադրել օսմանեան կայսրութեան բռնարարքներուն:
«Մեծ հօրս կողմէ Տը Շանէլի յղուած նամակը, օսմանեան կայսրութեան հաշուոյն լրտեսող Զալզալ յանձնեց Ճեմալ փաշայի, որ որոշեց քրիստոնեաներուն լաւ եւ անմոռանալի դաս մը տալ: 24 դեկտեմբեր 1914-ին կէս գիշերուան Ս. Ծննդեան պատարագին նախագահելէ ետք, հայր Եուսեֆ Խուրի կը վերադառնայ իր բնակարանը: Ուշ գիշերին, թուրք ոստիկաններ կը խուժեն անոր տունը եւ զայն «երկու ժամուան համար» կը տանին Լեռնալիբանանի կառավարիչին մօտ… անշուշտ ան չի վերադառնար», յուզումով կը պատմէ Ժորժ Հայեք:

Շարունակելով պատմութիւնը` ան կ՛ըսէ, որ հայր Եուսեֆ Հայեք առաջին հանգրուանին Ալէյի մէջ կը հարցաքննուի եւ անօթի ու ծարաւ կը բանտարկուի, մերթ ընդ մերթ ենթարկուելով չարչարանքի:
«Մեծ հօրս արգելարանին մէջ գտնուած է նաեւ իսլամ հոգեւորական մը, որ կը խղճայ անոր եւ կ՛առաջարկէ իր հագուստները փոխ տալ, որպէսզի ան կարենայ փախուստ տալ Ալէյէն: Սակայն մեծ հայրս կը մերժէ շէյխին առաջարկը` հաստատելով, որ ինք իր սքեմէն չի հրաժարիր: Քանի մը ամսուան տանջանքէ ետք, մեծ հայրս «դատավարութեան» կ՛ենթարկուի եւ մահապատիժով կը դատապարտուի: 22 մարտ 1915-ին ան Դամասկոսի Մարժէ հրապարակին վրայ կախաղան կը բարձրացուի: Անոր դիակին վրայ մարդիկ կը թքնեն, կը քարկոծեն, ապա զայն պարանով մը կը կապեն եւ Դամասկոսի փողոցներուն մէջ կը քաշկռտեն:
«Մեծ հօրս դիակը ստանձնած է Սուրիոյ առաջնորդ Պութրոս Շմալի եպիսկոպոս, որ արմատներով Լիբանանի Ղոսթա շրջանէն է: Շմալի եպիսկոպոս մեծ հայրս կը թաղէ Դամասկոսի եկեղեցւոյ մէջ: Հայրս, որ 5 տարեկան էր, իր հօրը սպանութեան մասին գիտնալով, 1932-ին կ՛ուղղուի Դամասկոս եւ իր հօր աճիւնները կը փոխադրէ Լիբանան, ամփոփելու համար իր իսկ կառուցած Սինէլ Ֆիլի եկեղեցւոյ մէջ», ըսաւ Ժորժ Հայեք:
Հայեք նշեց նաեւ, որ Լիբանանի պատերազմէն ետք, իրենք մեծ տառապանքներով, 2004-ին կրցած են վերականգնել հայր Եուսեֆ Խուրիի արձանը` Հայեք հրապարակին վրայ, Սինէլ Ֆիլ:

Իր կարգին, հայր Նաժըմ յայտնեց, որ երբ հաւաքական յիշողութեան մասին կը խօսինք կ՛ակնարկենք ընդհանուր տրամաբանութեան եւ միացեալ գաղափարներու, որոնց կարելի է հասնիլ գիտութեամբ: «Մենք այսօր կը գտնուինք Լիբանանի պատմութիւնը սերտելու հարցին դիմաց: Հիմնական հարց կայ մէկ ճշմարտութեան շուրջ համախմբուելու եւ ոչ թէ այս կամ այն վարկածը քննարկելու: Այսինքն, հաւաքական յիշողութեան առումով լուրջ հարց կայ լիբանանցիներուն մօտ, ոչ այն պատճառով, որ անոնց յիշողութիւնը տկար է, այլ այն պատճառով, որ իրենք հիմնական աղբիւրները չեն ստացած, որպէսզի անոր վրայ կառուցեն իրենց յիշողութիւնը», ըսաւ ան:
Հայր Նաժըմ հարց տուաւ Լեռնալիբանանի մէջ կատարուածը ցեղասպանութիւն նկատելու եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ այդ շրջանի բնակիչները բնաջնջելու մասին` հաստատելով, որ Օսմանեան կայսրութեան բնաջնջման նպատակը կարելի չէ ժխտել: Այս առումով ան մէջբերեց Թալէաթ փաշայի մէկ արտայայտութիւնը, որ կ՛ըսէ. «Մենք հայոց դէմ ցեղասպանութիւն գործած ենք, իսկ այսօր լիբանանցիները սովամահ պիտի դարձնենք»:
Հայր Նաժըմ հաստատեց, որ Օսմանեան կայսրութեան նպատակը վստահ 21 ազգայիններու սպանութիւնը չէր, այլ ամբողջ ժողովուրդին բնաջնջումը: Խօսելով պատմական իրադարձութիւններուն մասին` հայր Նաժըմ հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ տիրող սովին պատճառը մարախը չէր, այլ կանխամտածուած սովը: «Մարախը 13 ապրիլ 1915-ին հասաւ Լիբանան, իսկ մինչ այդ Օսմանեան կայսրութեան գործադրած բռնարարքները անկասկած ցեղասպանութիւն կը նկատուին, որովհետեւ իրենց համար առաջնահերթութիւն էր թուրանական ցեղի պահպանումը, իսկ ան, որ տարբեր էր իրենցմէ պէտք էր ոչնչանար կամ նուազագոյնը երկրորդ կարգի արարած նկատուիլ», հաստատեց ան:
Հայր Նաժըմ աւելցուց նաեւ, որ հայր Եուսեֆ Հայեքը եւ ուրիշներ սպաննուած են, որովհետեւ անոնք անկախութիւն կ՛ուզէին, լիբանանեան անկախ գոյացութիւն, սուրիական անկախ գոյացութիւն կ՛ուզէին կերտել, «հետեւաբար այդ բռնարարքները կրօնական տարբերութեան ենթահող չունէին, այլ ժողովուրդին ազատ ապրելու եւ անկախանալու կամքը ճզմելու միտում: Աւելի՛ն. Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Թուրքիոյ դէմ ժիհատի յայտարարութիւնը եւ ընդվզումը, որ Օսմանեան կայսրութիւնը չարաշահած է խալիֆայութիւնը այլ զօրաւոր փաստ մըն է, որ ցեղասպանութիւններն ու սպանդները կրօնական հիմք չեն ունեցած», ընդգծեց ան:
«Վերջերս «Էն. Տի. Եու.» համալսարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին, խօսքիս մէջ հաստատեցի, որ մենք երկու ժողովուրդներ ենք` հայ եւ արաբ, որ հանդիպած են մէկ երկրի մէջ եւ դարձած մէկ ժողովուրդ, որ միացեալ պատմութիւն ունի: Միակ տարբերութիւնը այն է, որ մեր հայրերը` իբրեւ լիբանանցիներ հայ ժողովուրդէն աւելի նուազ յանդուգն գտնուած են իրենց իրաւունքները պահանջելու իմաստով: Դար մը ետք մենք սկսած ենք նոր արթննալ եւ տեսնել, որ մենք ունինք իրաւունքներ, որոնց գծով պահանջատէր կեցուածք ցուցաբերած պէտք էր ըլլայինք եւ կամ պէտք է պահանջենք, անկախ հատուցումներէն: Յստակ է, որ մենք կարիք ունինք պատմութիւնը սերտելու եւ միացեալ վերլուծումներու յանգելու, սակայն դժբախտաբար այսօր մենք ի վիճակի չենք այդ մէկը կատարելու` համայնքային տարբերութիւններուն պատճառով: Մինչդեռ այս պարագային հարցը համայնքային չէ, այլ ցեղային, որովհետեւ թուրանական եւ ոչ թուրանական ըլլալու հարց է խնդիրը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս նացիականութիւնն ու ֆաշականութիւնը», շեշտեց ան:
Հայր Նաժըմ յայտնեց, որ առաջին հանգրուանին պէտք է փաստաթուղթերը ուսումնասիրել եւ պատմութեան իրազեկ դառնալ, ապա անցնիլ պահանջատիրութեան եւ հատուցումի քայլերուն: Հայ ժողովուրդը 100-ամեակէ մը ի վեր կը պայքարի իր դատին համար եւ կը պահանջէ իր իրաւունքները, եւ անոր նկատմամբ կը ցուցաբերուի ուրացման քաղաքականութիւն, «իսկ ժողովուրդի մը համար, որ մոռցած է իր պատմութիւնը աւելի դժուար է աշխատանքը, եւ պէտք է պատմութիւնը սկիզբէն արծարծուի: Ինծի համար ողջունելի էր նաեւ մէկ այլ տեղեկութիւն, թէ Պքերքէ որոշած է փաստաթուղթեր հաւաքել եւ ուսումնասիրել` լայն անդրադարձ կատարելու համար 100 տարի առաջ Լեռնալիբանանի մէջ պատահածին: Լաւ է, որ դար մը ետք մենք զգաստացած ենք, նուազագոյնը կրնանք հաւաքական յիշողութիւն ստեղծել ու համախմբուիլ մէկ պատմութեան շուրջ, որովհետեւ Լիբանանի անկախացման եւ լիբանանեան գոյացութեան կազմութեան պարագային օր մը օրանց իսլամ-քրիստոնեայ խնդիր չէ եղած», հաստատեց ան:
Մայիս 6-ը իբրեւ Նահատակաց օր ջնջելու Լիբանանի կառավարութեան արարքին մասին Ժորժ Հայեք յայտնեց, որ անիկա ջնջուեցաւ այն պատրուակով, որ համայնքային շատ տօներ կան, մինչդեռ Լիբանանի մէջ կար ազգային երկու տօն, որոնցմէ մէկը Նահատակաց օրն էր, իսկ միւսը` Անկախութեան տօնը, մինչդեռ Լիբանանի մէջ անկախութեան մշակոյթ չկայ, որովհետեւ քաղաքացին հեռու կը մնայ այդ տօնակատարութիւններէն, եւ անկախութեան տօնը կը սահմանափակուի պետական տօնակատարութեամբ ու զինուորական աւանդական տողանցքով:
«Մենք իբրեւ լիբանանցի աշակերտներ մեր երկրին պատմութիւնը յստակ կերպով չենք սորվիր դպրոցներուն մէջ, իսկ պատմութեան գիրքերուն մէջ կան որոշ ժամանակաշրջաններ, որոնք գոյութիւն իսկ չունին: Այս բոլորին մէջ ո՞ւր է պետութիւնը», հարց տուաւ ան:
Հայեք խստիւ դատապարտեց նաեւ այն կեցուածքն ու վարկածը, որ Նահատակաց օրը փոխարինուած է Աւետման տօնով: «Այս տեսակէտը անիմաստ կը նկատեմ, թո՛ղ ոչ իսլամական ըլլայ այդ օրը եւ ոչ ալ քրիստոնէական, ընդհակառակն` թո՛ղ ըլլայ ազգային օր, որպէսզի քաղաքացին ինքզինք կապուած զգայ իր երկրին», ընդվզումով յայտնեց Հայեք:
Մայիս 6-ը ջնջելու եւ Լիբանանի նահատակներուն յիշատակի ամէն նշոյլ ոչնչացնելու փորձերուն ակնարկելով` Հայեք խոր կսկիծ յայտնեց նաեւ նահատակներուն գերեզմաններուն պարզած վիճակին գծով:
Ան նշեց, որ այդ գերեզմանատունը կը գտնուի տիւրզի համայնքին պատկանող կեդրոնին ետին, փոքր տարածութեան վրայ, 10-12 լքուած գերեզմաններ են: «Օրին մենք նկարեցինք այդ գերեզմանները եւ լուսանկարները ուղարկեցինք նախարարաց խորհուրդին…: Ո՛վ որ տեսնէ այդ գերեզմաններուն վիճակը անպայման կը ցաւի, որովհետեւ անոնք լիբանանցիներուն եւ Լիբանանին համար զոհուած նահատակներուն կը պատկանի», աւելցուց ան:
Հայեք շեշտեց, որ Նահատակաց օրուան վերականգնումը կարեւոր է, որպէսզի քաղաքացին կառչի իր ինքնութեան, «իսկ եթէ մենք` լիբանանցիներս իրարու հետ պիտի խօսինք, ապա անիկա պիտի ըլլայ մեր քաղաքացիական պատկանելիութեան հիման վրայ եւ ոչ համայնքային: Այս իմաստով մենք շատ բան ունինք սորվելիք հայ ժողովուրդէն», ընդգծեց ան:
Հայր Նաժըմ իր կարգին ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները միաւորող այս օրն իսկ կը փորձեն մասնատել եւ իւրացնել` իւրաքանչիւր համայնքի կողմէ: «Ճի՛շդ է, որ ես հոգեւորական եմ, եւ ոչ ոք կրնայ ինձմէ աւելի կրօնի պաշտպան ըլլալ, սակայն երբ ես կը խօսիմ ազգային հարցերու մասին եւ լիբանանցի քաղաքացի եմ ու իմ քաղաքացիութենէս մեկնելով է, որ կը խօսիմ այդ մասին: Մայիս 6-ի մասին պէտք է բոլորը խօսին, բոլորը անխտիր, դպրոցները, համալսարանները, կրթութեան նախարարութիւնը, լրատուամիջոցները, տեղեկատուական մարզը, բոլորը: Այսօր հարցը այն չէ, որ լիբանանցիները չեն հետաքրքրուիր եւ չեն հարցներ իրենց նահատակներուն մասին, խնդիրը այն է, որ անոնք չեն գիտեր այդ մասին, չեն գիտեր դահիճին մասին, ինչ որ աւելի լուրջ մտահոգութիւն է: Հետեւաբար նախքան քաղաքական անձնաւորութիւնները եւ օրը ջնջելու փորձերը մեղադրելը, մենք պէտք է զգաստացնենք մեր ընկերութիւնը` իր պատմութեան մասին: 6 մայիսին կախաղան բարձրացած նահատակները մեզի արեան աւանդ ձգած են, հայրենիքին` Լիբանանին եւ անոր պատկանելիութեան, իրենց անկախութեան համար թափած արիւն կայ, որ սուղ է եւ մեզի փոխանցուած աւանդ մը, որուն պէտք է յանձնառու մնանք», հաստատեց ան:
Հայր Նաժըմ ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը լաւագոյն օրինակն է, որմէ պէտք է դասեր քաղենք: «Հայը իր տան մէջ արդէն իսկ կը դաստիարակուի հայկական պատկանելիութեան հիմքերով: Այս ժողովուրդը, որ 100 տարիէ ի վեր իր հողերէն դուրս կը գտնուի, իր հողը եւ հայրենիքը կը կրէ իր մէջ, իր տան մէջ: Իսկ մենք կարիքը ունինք Լիբանանի մէջ ըլլալով հանդերձ Լիբանանը մեր տուներէն ներս բերելու», շեշտեց հայր Նաժըմ:
Ան ընդգծեց, որ ոչ մէկ լիբանանցի պէտք է վախնայ կամ վարանի իր երկրին նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու առումով, որովհետեւ եթէ մենք միայն քով քովի գանք` դրական մօտեցումով, իրարու ընդունելով եւ կարդանք մեր նահատակներուն անուանացանկը պիտի տեսնենք, որ անիկա միակ տեղն է, ուր բոլորս ներկայ ենք եւ անիկա բոլորիս կը պատկանի: «Կախաղանները, փամփուշտները, սովը եւ մահը միացուցած են մեզ: Այսօր մենք կարիք ունինք 18 համայնքներով իրարու քով գալու եւ մէկ դատով շարունակելու մեր ճամբան, սակայն մինչ այդ իւրաքանչիւրս պէտք է իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ եւ ես պատասխանատուութեան այդ զգացումէն մեկնելով կը հաստատեմ, որ ես համաձայն եմ, որ Նահատակաց օրը վերականգնուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Աւետման տօնը լիբանանցիները չի միացներ: «Եթէ ես այսօր իմ եղբօրս` իսլամ քաղաքացիին յայտնեմ, որ Մարիամ Աստուածամայր է, ան համամիտ պիտի չըլլայ, ինչպէս որ ես իմ կարգիս պիտի չընդունիմ, որ Յիսուս Քրիստոս մարգարէ մըն է», այս համոզումներուն համընկնումը գրեթէ անկարելի է:
Հայր Նաժըմ ընդգծեց նաեւ, որ Նահատակաց օրը ջնջելով լիբանանցիին մէջ անկախանալու եւ ազատ քաղաքացիի կամքը կը փորձեն նուաստացնել, «իսկ բազմաթիւ տօներ ունենալու պատրուակով օր մը ջնջելը ոչ մէկ ձեւով կարելի է արդարացնել, որովհետեւ պատասխանատուները պատրաստ են 15 տօն եւս աւելցնելու տօնացոյցին` պայմանաւ որ երկրին սթաթիւս քոն պահպանուի եւ պահանջատիրական ոչ մէկ քայլ առնուի», շեշտեց ան:
Կլոր սեղանին մասնակիցները հաստատեցին Լիբանանի պատմութեան գիրք մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցի նոր սերունդներուն ճշգրիտ դաստիարակութիւն ապահովել` երկրին պատմութեան մասին, ինչպէս նաեւ զանոնք իրազեկ դարձնել նահատակներուն յիշատակը յարգելու կարեւորութեան մասին, որովհետեւ նահատակութիւնը սրբութիւն է: Հայր Նաժըմ, բժիշկ Հայեք եւ դոկտ. Խէյր շեշտեցին հայութեան նկատմամբ իրենց յարգանքը, յատկապէս ընդգծելով հայ ժողովուրդին կողմէ իր ազգային աւանդին տէր կանգնելու յանձնառութիւնն ու ազգային պատկանելիութեան հանդէպ անոնց նախանձախնդրութիւնը: