Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդուլ Պայքար

Մայիս 8, 2015
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՑՈԼԵՐ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Ապրիլ 24-ին աշխարհի չորս ծագերուն կատարուեցան քայլարշաւներ. ամբողջ հայ ժողովուրդը համախմբուած, առանց կուսակցական կամ համայնքային խտրութեան, ձեռք ձեռքի տալով, քալեց միասին, որովհետեւ համոզուած է, որ միութիւնը զօրութիւն է, որ` Հայ դատը բոլորին դատն է, եւ որովհետեւ 100 տարի առաջ թուրքը չհարցուց, թէ ո՛ր կուսակցութեան կամ միութեան կամ համայնքին կը պատկանի ան: Թուրքը անխտիր տեղահանեց ու ջարդեց:

Քալեցինք, քալեցինք, տարիներ շարունակ քալեցինք, սակայն, ափսոս, չհասանք Արարատին: Այս է բողոքը հայ ժողովուրդին մեծամասնութեան, բայց այս բողոքին դիմաց` ոչ մէկ առաջարկ: Արդեօք անոնք կը սպասեն նոր «Նեմեսիս»-ի եւ Լիզպոնի գործողութիւններո՞ւ, թէ՞ դիւանագիտական եւ տնտեսական պայքարներու: Նայինք, թէ այս դարուս ո՛ր տեսակի պայքարը կրնայ արդիւնաբեր ըլլալ: Կը կարծեմ, թէ «Նեմեսիս»-ի եւ Լիզպոնի նման գործողութիւններ կատարելը քիչ մը դժուար է: Բայց կարելի է դիւանագիտական եւ տնտեսական պայքարներ տանիլ, եթէ գիտնանք, թէ որո՛նք են ճիշդ ձեւերը: Այս դարուս ընկերային ցանցերու վրայ «պայքարներ»-ը ամէնէն կարեւորը դարձած է: Այդ է մեր միակ կապը թուրքերուն հետ:

Արդեօք հայերս ճիշդ ձեւով կը պայքարի՞նք այդ վայրին մէջ. ճիշդ ձեւով կը գործածե՞նք այդ միջոցը… Ո՛չ: Հայ երիտասարդը փոքր տարիքէն լսած է, որ իր մեծ հայրերը սպաննուած են թուրքերու սուրով, եւ թուրքը այսօր իր թշնամին է: Այսպէս դաստիարակուած է հայը. թուրքին դաստիարակութիւնն ալ նոյնպէս է: Թուրքը հայուն պէս լեցուած է ատելութեամբ եւ ջղայնութեամբ: Պահ մը մոռցէ՛ք, թէ հայ էք, եւ դուք ձեզ դրէք թուրքի տեղ… Տարիներէ ի վեր լսած էք, թէ հայն է մարդասպանը, եւ այսօր այս վերջինը եկած է ըսելու, թէ ո՛չ, դուք կը սխալիք, ձեր մեծ հայրն է մարդասպանը: Եթէ հոգեբանական ակնոցով դիտէք այս կէտը, վստահաբար պիտի զայրանաք, պիտի չընդունիք իր ըսածը եւ սկսիք վիճաբանելու անոր հետ: Նոյնիսկ եթէ գիտէք, թէ ձեր մեծ հայրն է ոճրագործը, կ՛ամչնաք իրականութիւնը ըսելու, որովհետեւ ոչ ոք կ՛ուզէ, որ իր հայրը կամ մեծ հայրը ըլլայ դատապարտելի անձ մը: Մեր հարցը Թուրքիոյ ժողովուրդը չէ, մեր հարցը Թուրքիոյ ներկայի եւ ապագայի կառավարութիւնն է: Մեր հարցը այդ անձերն են, որոնք գիտեն իրականութիւնը, սակայն կը քարոզեն սուտը: Հայը ճիգ չի խնայեր իր Դատը պաշտպանելու, բայց համացանցին վրայ մեր թերութիւնը հաւանաբար այն է, որ փոխանակ թուրքերու իրականութիւնները մեղմ ձեւով հրամցնելու եւ  կակուղցնելու անոնց քարէ սրտերը, կը լեցնենք զանոնք կատաղութեամբ ու կրակով: Մենք գիտենք իրականութիւնը, մենք ունինք փաստերը. ինչո՞ւ չգործածենք զանոնք եւ շահինք նոր բարեկամներ` փոխանակ հայհոյելու իրենց եւ ունենալու ապագայի նոր թշնամիներ: Ըլլանք հեռատեսներ, նայինք ապագային եւ մեր կողքին ունենանք թուրքեր, որոնք յառաջիկայ տարիներուն պիտի քալեն մեզի հետ, ինչպէս շատեր քալեցին` ըլլան անոնք արաբ, եւրոպացի թէ ամերիկացի, ըլլան անոնք քրիստոնեայ, մահմետական թէ անհաւատ:

Ինչպէս նաեւ կը կարծեմ, թէ աշխատանք պէտք է տարուի թրքերէն լեզուն սորվելու. ինչպէս առածը կ՛ըսէ. «Մարդ պէտք է գիտնայ իր թշնամիին լեզուն»: Պարզապէս շատ աւելի լաւ կապ հաստատելու համար եւ հասկցուելու թուրք երիտասարդներու եւ մտաւորականներու հետ. անոնց պարզելու, լուսաբանելու եւ բացատրելու մեր տարած պայքարին սրբութիւնը, փաստելով իրենց` փաստաթուղթերով եւ նկարներով 1915 թուականին պատահածը: Չըսե՛նք, թէ այս աշխատանքը ապարդիւն պիտի ըլլայ: Ո՛չ: Կարգ մը թուրքեր արդէն մեզի հետ են եւ այս տարի 100-ամեակին անոնք «Թուիթըր»-ի վրայ գործածեցին «Ermenilerden özür diliyorum» («Հայերէն ներողութիւն կը խնդրեմ») «hashtag»-ը: Այո՛, այս մէկը բան չփոխեց, բայց կարելի է ըսել, թէ այս դարուս յեղափոխութեան մը սկիզբն է: Պէտք է այս մէկը ընդհանրացնել եւ նորանոր ձեւերով եւ փաստերով միշտ հետապնդել մեր Դատը: Սակայն մեր հարցը այն է, որ միայն ապրիլ 24-ին կ՛ոգեւորուինք ու քայլարշաւներ եւ ցոյցեր կը կազմակերպենք: Դիւրին գործ չէ ամբողջ ազգի մը հանրային կարծիքը փոխել, մանաւանդ որ մեծամասնութիւնը անուս է եւ ծայրայեղական, բայց անկարելի բան չկայ: Եթէ անշուշտ ճիշդ եւ անընդհատ աշխատանք տանինք եւ միշտ մեր միտքը ունենանք, թէ ապրիլ 24-ը ամէն օր է:

 

Նախորդը

Ազգ. «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Ձեռնարկին . «Ո՛Չ Մէկ Թրքական Մարտավարական Խաղ, Ո՛չ Մէկ Կալիփոլի Եւ Ո՛չ Ալ Պայթեցուած Տէր Զօրի Համալիր Կրնան Շեղեցնել Միաւորուած Հայութիւնը Իր Վճռական Երթէն» Հաստատեց Շահան Գանտահարեան

Յաջորդը

Հայ Դատը Արհեստագիտութեան Դարուն

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յուլիս 2, 2025
Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ
Զաւարեանական

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ

Յուլիս 2, 2025
Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը
Զաւարեանական

Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը

Յուլիս 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?