Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սասնոյ Դիւցազնուհին` Խմբապետուհի Ռըպէ – Մահուան 100-Ամեակ

May 8, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՒԲԷՆ

Գծանկարը` ՍԻԼՎԱ ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ
Գծանկարը` ՍԻԼՎԱ ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ

Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն, Սասնոյ 7-ամսեայ հերոսամարտի ընթացքին իրենց կարեւոր բաժինն ունեցան կիները: Առանձին խումբերով անոնք կը շրջէին դիրքերը, կռուողները կը խրախուսէին, ուտելիք եւ ջուր կը հասցնէին, յաճախ ալ կը մասնակցէին նաեւ կռիւներուն: Անոնք հազար տեսակ հնարք կը գործադրէին թշնամիներուն վնասելու համար: Լեռներու գագաթներէն քարեր կը գլտորէին, երկաթէ լծակներով ժայռեր տեղահան կ՛ընէին: Կատարներէն գլորուող այս քարերը, մինչեւ ձոր հասնիլը իրենց ճամբուն վրայ տեղահան կ՛ընէին քարակոյտեր ու ժայռեր: Լեռներն ու ձորերը կը լեցուէին աղմուկով ու թնդիւններով, կարծես երկրաշարժ տեղի կ՛ունենար ու աշխարհը փուլ կու գար ամէն կողմէ: Այս միջոցով թշնամին զոհեր կու տար ու չէր կրնար հասնիլ մեր դիրքերուն:

Կիներու այս խումբերը օգնութեան կը հասնէին նաեւ վիրաւորներուն: Ժողովրդական դեղեր, մեծ մասամբ` պատրաստուած մեղրով, անանուխով եւ աղով, կը բուժէին վիրաւորներու վէրքերը: Իսկ դարմանէն աւելի, կիներու անձնուէր խնամքն ու քաջալերանքն էր, որ ուժ կու տար անոնց:

Կռիւներու ամէնէն վտանգաւոր վայրկեաններուն այս կիները կը սկսէին երգել ու պարել: Երբեմն անոնք յանկարծ նշմարած կ՛ըլլային հեռուէն երեւցող հայ կամաւորական խումբերը եւ ռուս զօրքը: Դիտումնաւոր կերպով տարաձայնուած այս լուրերը ուժ կու տային կռուողներուն, որպէսզի անոնք քիչ մը եւս տոկան հարիւր հազարաւոր զօրքերու եւ քիւրտ աշիրէթներու յարձակումներուն:

Այս կիներուն մէջ նշանաւոր էր Ռըպէն: Միջին տարիքը անցնող այս հերոսուհին, իշխանական ընտանիքէ ծանօթ Գրդէի Վարդանին տունէն էր: Գրդէն շառաւիղն էր նշանաւոր Մոսոյի տան: Մոսոն Սասնոյ յայտնի քաջ իշխաններէն եղած էր: Դաշնակցութեան ծնունդէն առաջ բազմաթիւ կռիւներ ունեցած էր քիւրտերու հետ եւ` նահատակուած:

Մոսոյէն ետք Գրդէն պահած էր այդ նշանաւոր տան աւանդութիւնները: Յեղափոխականներուն համար իսկական օճախ մը եղած էր այդ տունը: Տամատեանէն մինչեւ Հրայր, Գէորգ Չաւուշ եւ Ռուբէն ապաստան գտած էին այդ յարկին տակ:

Ռըպէն ահաւասիկ փոքր հասակէն այդ միջավայրին մէջ մեծցած էր, եկող ու գացող յեղափոխականներու շունչովն էր թրծուած: Ամուսնացած էր, զաւակներու տէր, սակայն հակառակ իր միջին տարիքին` պահած էր ուժն ու կորովը: Ռըպէն Անտոքի շրջանը կը գտնուէր, կանանց իր խումբով Ռուբէնի կողքին էր միշտ, սակայն երբեմն փախուստ կու տար ու կը հասնէր միւս շրջաններ, կը հասնէր մինչեւ Տալտար ու կը հասնէր միւս շրջաններ, կը հասնէր մինչեւ Տալւորիկ, կը խրախուսէր կռուողները, միւս շրջաններուն մէջ ալ կիներու խումբեր կը կազմակերպէր ու կը վերադառնար Անտոք:

Ռըպէն յոգնիլ չէր գիտեր: Բազմաթիւ ժամեր տեւող այդ ճամբորդութիւններէն ետք անիկա դարձեալ ուժեղ էր, կորովի ու ժպիտը դէմքին անպակաս: Ինչպէս կռիւներու, նոյնպէս եւ պարի ու երգի մէջ անիկա նմանը չունէր: Իր երկար, սէլվիի հասակը օրօրելէն պարի մէջ ուժասպառ կ՛ընէր նոյնիսկ ամԷնէն ուժեղ տղամարդիկը:

Այս աննման հերոսուհին նահատակուեցաւ Անտոքի փԷշերուն, թնդանօթային ռմբակոծութեան մը ընթացքին ու բախտը ունեցաւ չտեսնելու Սասնոյ անկումը:

Կռիւներու ընթացքին յայտնի դարձան նաեւ Շուշանը ու Կուլէն: Երկուքն ալ` Տալւորիկի իշխանական տուներէ: Այս երկու քաջ կիները իրենց խումբերով բախտորոշ դեր ունեցան մեր շրջանի կռիւներուն մէջ: Անոնց ներկայութիւնը, ցուցադրած կորովն ու քաջութիւնը պատճառ կ՛ըլլային հրահրելու կռուողներու եռանդը: Ափսոս որ Շուշանը եւ Կուլէն եւս իրենց հարիւրաւոր քոյրերուն հետ ինկան Սասնոյ անհաւասար կռիւներու ընթացքին:

«ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԻ ՄԸ
ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ»

Նախորդը

Ցեղասպանութիւնը` Ծաղրանկարներում

Յաջորդը

«Նեմեսիս»-ի Հերոսներից Մէկի` Արա Սարգսեանի Մահուան Պատճառն Այդպէս Էլ Անյայտ Մնաց

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.