Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը

May 8, 2015
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը արդէն թեւակոխած ենք: Այս առթիւ տարբեր ձեռնարկներ, խորհրդաժողովներ, քաղաքական յայտարարութիւններ տեղի ունեցան: Արդ, կ՛արժէ պահ մը կանգ առնել ու փորձել տալ որոշ արժեւորում մը` կատարուած քաղաքական եւ քարոզչական երեւոյթներուն: Եւ ինչը որ աւելի անհրաժեշտ է` փորձել արժեւորել մենք մեզ եւ այս արժեւորման լոյսին տակ շարունակել մեր Դատը հետապնդելու պայքարը:

Կարելի է ըսել, թէ ամէնէն մեծ յաջողութիւնները կարելի եղաւ իրականացնել քարոզչական մարզին մէջ: Եւ ինչ որ ամէնէն կարեւորն էր, այս արշաւը նաեւ յաճախ ներառեց օտարներ: Համաշխարհային աստղերու մասնակցութիւնը նպաստեց այս գործին:

Քաղաքական իմաստով կարելի է ըսել, թէ 100-ամեակը չեղաւ անկիւնադարձային, սակայն որոշ քաղաքական իրագործումներ կատարուեցան: Ֆրանչիսկոս պապին յայտարարութիւնը, մեծ պետութիւններու մասնակցութիւնը Ծիծեռնակաբերդի մէջ կատարուած 100-ամեակի հանդիսութեան, Կալիփոլիի ճակատամարտի ոգեկոչման ձախողութիւնը, եւ վերջապէս, Գերմանիոյ նախագահին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու մեղսակցութիւնը կարելի է նկատել այս իմաստով կատարուած քաղաքական իրագործումները:

Ասոնց կողքին կարեւոր է առանձնացնել երկու կարեւոր փաստ: Առաջինը արդէն սովորական դարձած Պոլսոյ մէջ կատարուած ցոյցերն ու խորհրդաժողովներն են: Անոնք այս տարի ալ տեղի ունեցան` հակառակ դժուարութիւններուն: Իսկ երկրորդը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան կատարած դիմումն էր:

Այս երկուքը կ՛առանձնանան այն իմաստով, որ անոնք անմիջականօրէն կ՛ուղղուին Թուրքիոյ պետութեան: Ասիկա ալ կարելի է նկատել շատ կարեւոր: Արտաքին ճնշումը որքան ալ մեծ ըլլայ, ներքին ճնշումն է, որ յաճախ կ՛արագացնէ քաղաքական իրավիճակներու փոփոխութիւնը:

Անհերքելի է, որ թուրք պետութիւնը որդեգրած է մերժողական քաղաքականութիւն: Էրտողան, Տաւութօղլու, Չաւուշօղլու եռեակին յայտարարութիւնները լաւագոյն փաստն են այս երեւոյթին: Այս պետական մերժողականութիւնը բնականաբար իր անդրադարձը կ՛ունենայ թուրք զանգուածին վրայ, որ կը դաստիարակուի այդ մերժողականութեամբ (թէեւ կան որոշ թիւով այլախոհներ): Սակայն նոյնքան ակնյայտ է, որ վերջ ի վերջոյ մեր Դատը առնչուած է Թուրքիոյ, եւ եթէ մենք կ՛ուզենք մեր Դատի արդար լուծումը, եթէ մենք կ՛ուզենք մեր նպատակները  աւելի մօտեցնել իրականութեան եւ դուրս բերել իրենց յաճախ երազային  թուող հանգամանքէն, ապա պէտք է աւելի շատ շփումներ ունենանք Թուրքիոյ հետ: Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու, արեւմտահայերու, ծպտեալ հայերու, յաճախ նաեւ` թուրքերու: Շփում ունենալ` չի նշանակեր ներել, չի նշանակեր հաւասարէ հաւասար երկխօսութիւն ցեղասպանի ժառանգորդին եւ զոհին միջեւ, այլ կը նշանակէ յստակ պահանջներու ներկայացում, որոնք մեզ քայլ մը աւելի կը մօտեցնեն մեր նպատակներուն, մեր «Էրկիրին»:

Այս իմաստով 100-ամեակը պէտք է անկիւնադարձային ըլլայ առաջին հերթին մեզի համար: Պէտք է փորձենք մեր Դատը աւելի առարկայական աչքով դիտել: Ճշդել յստակ քաղաքական առաջադրանքները, որոնք պիտի հասցնեն մեր բուն նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման: Ներքին ճակատի վրայ մեր ներկայութիւնը, ծանօթութիւնը եւ նաեւ ճնշումն է, որ ընկերանալով արտաքին ճնշման` կրնայ իրականացնել մեր նպատակը: 100 տարի ետք մենք կը զգանք պահանջը, որ այլեւս մենք չենք կրնար լքել Թուրքիոյ մէջ ապրող գաղութը, չենք կրնար լքել մեր Էրկիր Արեւմտահայաստանը:

Նախորդը

Չմոռնա՛Նք… «Անոնք Հոն Են», Ուր Դժուար Է Հայ Ըլլալ

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.