ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը յիշատակուեցաւ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Քայլարշաւներ, տողանցքներ, ցուցահանդէսներ, ձեռնարկներ, հաւաքներ, լսարաններ եւ գեղարուեստական յայտագիրներ աշխարհին վերյիշեցուցին մեր ազգին Դատը: Հարիւրամեակը փաստեց, որ մեր պայքարը աննահանջ է:
Բայց թոյլ տուէք, որ անդրադառնամ այս տարուան ձեռնարկներու շարքէն խորհրդաւոր եւ քաղաքական արժէք ունեցող նախաձեռնութեան մը: Այդ մէկը ապրիլեան նահատակներուն սրբադասումը չէ: Լիբանանահայութեան կամ Լոս Անճելըսի հսկայ քայլարշաւներուն ցնցումը չէ: Ոչ ալ Ծիծեռնակաբերդի մէջ տեղի ունեցած բարձր մակարդակի աննախադէպ յայտագիրը: Հարիւրամեակի պատմական ոգեկոչումը տեղի ունեցաւ հոն, ուր մեր պատմութեան ամենավատ էջերը գրուած են: Հոն, ուր ճիշդ հարիւր տարի առաջ հայ ազգի մտաւորական խաւը ձերբակալուեցաւ եւ մահուան ճամբան հանուեցաւ: Այո՛: Հո՛ն: Թուրքիա:
Հոն էին հազարներով: Հոն էին համոզումով: Հոն էին ամենայն քաջութեամբ: Լեցուցած էին Պոլսոյ փողոցները: Պոլսահայութիւնը, հակառակ բոլոր ապահովական խնդիրներուն, Թուրքիոյ մէջ ոգեկոչեց մարդու կատարած ոճիրը մարդուն դէմ, Թուրքիոյ կատարած ոճիրը մարդկութեան դէմ: Անոր միացան սփիւռքի տարբեր կողմերէ հայեր, որոնք ուզեցին այդ պատմական օրը գտնուիլ պատմական վայրի մը մէջ եւ մասնակցիլ պատմական ցոյցի մը: Պոլսոյ Իսթիքլալ պողոտային վրայ հայ ցուցարարներուն միացան հազարաւոր թուրքեր, քիւրտեր, յոյներ, ալեւիներ եւ ասորիներ: Անոնք մերժեցին հաւատալ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ պատմութեան խեղաթիւրման եւ ենթարկուիլ մերժողական քաղաքականութեան ու բարձրացուցին ապրիլ 23-ի զոհ գացած մտաւորականներուն նկարները եւ «Հո՛ս ենք» կարգախօսը:
Այո՛, իրենք հոն են: Պէտք չէ մոռնանք, որ հոն են: Պէտք չէ մոռնանք, որ հոն ունինք քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնք ամէն առտու կ՛արթննան Թուրքիոյ քայլերգի հնչումով: Անոնք հոն են, բայց հայ են: Անոնք հոն են եւ իրենց կարելիութիւններուն եւ սահմաններուն մէջ պահած-պահպանած են իրենց ինքնութիւնը, լեզուն ու մշակոյթը: Իրենք պէտք ունին մեզի, մենք ալ` իրենց:
Պոլիսը մեր մտքերէն ընդհանրապէս հեռու է: Չունինք իրենց հետ կապ, հաղորդակցութիւն եւ կամ շփում: Բայց ինչո՞ւ: Անոնք թրքահայ են, այո՛, բայց «թո՛ւրք»* չեն: Կ՛ապրին Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, այո՛, բայց անոնց մէջ կ՛ապրի նաեւ հայութիւնը: Իրենք ալ արեւմտահայեր են մեզի պէս: Աւելի՛ն. մեր խօսած արեւմտահայերէնին հիմքը հոն` Պոլիս դրուած է: Թէեւ իրենք Թուրքիոյ «գիրկն» են, սակայն քաջաբար կը շարունակեն գոյատեւել: Չեմ ըսեր` հոն խնդիրներ չկան, կամ ազգային ու գաղութային կեանքը բարելաւելու կարիք չկայ: Ընդհակառակը, կա՛յ: Երբ սփիւռքի ամէնէն առողջ գաղութներու մէջ օտարանալու երեւոյթը բացակայ չէ, ալ ո՛ւր մնաց հոն, ուր իշխանութիւնները փորձեցին հայութիւնը բնաջնջել: Մենք կը կարծենք, թէ դժուար է հոս ապրիլ եւ գոյատեւել որպէս հայ, ուրեմն ո՛ւր մնաց հոն, ուր թուրք պետականութիւնն ու անոր վարած ծայրայեղ ազգայնական մօտեցումը կը փորձէ ճնշել ամէն փոքրամասնութեան ինքնութիւն, մշակոյթ, երեւոյթ…
Պոլսահայութիւնը նաեւ տուաւ նահատակներ Հայ դատի պայքարին: Հրանդ Տինքը եւ Սեւակ Պալըքճըն Հայոց ցեղասպանութեան նորագոյն զոհերն են: Այս նահատակներուն նկարները բացակայ չէին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ապրիլ 24-ի պատմական եւ վճռական քայլարշաւէն: Այդ քայլարշաւին համախմբուողները քալեցին յուզմունքով ու թաց աչքերով: Թաքսիմի հրապարակէն կը հնչէր «Տէր ողորմեա» աղօթքը: Թուրքիոյ երկրորդ մայրաքաղաքէն պոլսահայութիւնն էր, որ պատասխանեց Անգարայի մէջ կատարուող միջազգային ուշադրութիւնը Ցեղասպանութենէն շեղելու ապիկար փորձին: Աւելի՛ն. երբ թրքական կառավարութիւնը հրաման չտուաւ, որ Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիները մաս կազմեն ապրիլ 23-ի համահայկական զանգակներու ղօղանջին, Պոլսոյ եկեղեցիները մասնակցեցան 100 զանգերով` ոգեկոչելու ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Այս բոլորը յարգանք կը պահանջէ մեզմէ:
Քանի մը տարի առաջ մեր համալսարանին մէջ կատարուող Հայոց ցեղասպանութեան ձեռնարկէ մը անմիջապէս ետք, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը իր անհանգստութիւնը յայտնած էր համալսարանի նախագահութեան, որ` «հայ ուսանողները իրենց բաժնած թռուցիկներով կը խեղաթիւրեն պատմութիւնը»: Ան կցած էր նաեւ մեր բաժնած թռուցիկը: Այդ պահուն հասկցանք, թէ որքան տարածուած է թրքական ներկայութիւնը: Հոն փաստեցինք, որ թուրքը ամէն տեղ է: Թուրքը հոս է, մեր մէջ: Բայց այսօր հակառակն ալ ճիշդ է: Մենք` հայերս, ամէն տեղ ենք: Նոյնիսկ հո՛ն` Պոլիս, ուր բարձրացան «Մենք հո՛ս ենք» պաստառները:
Համաձայն եմ, որ այսօրուան Թուրքիան նոյնն է, ինչ որ էր հարիւր տարի առաջ: Այս ըսածս կը վերաբերի թուրք կառավարութեան, ոչ անպայման բնակչութեան: Պէտք է համոզուիլ, որ թուրքը մէկ տեսակի կամ գոյնի կամ ազգայնական կաղապարի չի պատկանիր: Լաւագոյն փաստը ասոր Հրանդ Տինքի թաղման 100,000 ներկաներու բարձրացուցած «Բոլորս հա՛յ ենք» պաստառներն են: Թուրք ժողովուրդին մէջ գտնուող տարբերութիւններն ու շերտաւորումները չտեսնելը կը վնասէ նոյնինքն մեզի եւ մեր Դատին:
Հաւանաբար քանի մը տարի առաջ նոյն կարծիքը պիտի չունենայի Պոլսոյ վերաբերեալ: Նոյնպէս կը մերժէի ամէն տեսակի ուխտագնացութիւն դէպի Արեւմտահայաստան: Հիմա տարբեր կը մտածեմ: Տակաւին դէմ եմ զբօսաշրջութեան եւ կամ որեւէ նիւթական նպաստի թրքական կառավարութեան եւ տնտեսութեան, բայց կը հաւատամ, որ պէտք է մօտէն ուսումնասիրենք, ծանօթանանք եւ օժանդակենք Թուրքիոյ տարածքին գտնուող մեր ազգին բոլոր զաւակներուն, ըլլան անոնք հրապարակաւ կամ թաքուն, իսլամացուած կամ պարզապէս ծագումով հայեր: Անոնք մեր զէնքն են Թուրքիոյ սահմաններէն ներս: Իսկ թաքուն հայերուն հետ կապ հաստատելու համար կարեւոր, եթէ ոչ կենսական, ճամբայ է Պոլիսը: Ուրեմն նաեւ ռազմավարական արժէք կը ներկայացնէ պոլսահայութիւնը: Պէտք չէ զգացական մօտենալ խնդիրին, այլ` առարկայական եւ իրապաշտ ձեւով: Մենք պէտք ունինք պոլսահայութեան:
Չմնա՛նք տուփիկի մը մէջ: Ծանօթանա՛նք պոլսահայութեան: Նոր հորիզոն մը գծենք մեր պայքարին:
——————————
* Հոս «թուրք» եզրը կը գործածեմ որպէս մեզի հետ խնդիր ունեցող թուրք անհատ: Ազգութեամբ կամ քաղաքացիութեամբ թուրք ըլլալ անպայման ժխտական չէ: