Աշակերտական. Ո՞վ Է Հայը
ՆԱՐԻՆ ԱԴԱՄԵԱՆ Իւրայատուկ նռնենիի մը նման կար «պտղաբեր» ժողովուրդ մը... Ինչպէս գիտենք, պտղաբեր նռնենին կը քարկոծուի, որպէսզի վրայի կաս-կարմիր նուռերը վնասուին եւ իյնան կամ այդ ծառէն ճիւղեր կը գողցուին, որպէսզի «գողը» իր պարտէզին մէջ իր չորցած նռնենիին քով ցանելով` զայն ունենայ լաւ ծառ մը, ինչպէս` պտղաբեր նռնենին: Սակայն երբ իր ծառն ալ դառնայ պտղաբեր, վստահաբար այդ «գողը» պիտի չխոստովանի, թէ...

















