Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատը Արհեստագիտութեան Դարուն

Մայիս 8, 2015
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՆԱՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Նախքան 21-րդ դարու արհեստագիտութեան յառաջդիմութիւնը, ինչպէս` լսատեսողական աշխարհն ու զանգուածային լրատուամիջոցները, հայ ժողովուրդը ապաւինած էր իր գրիչին եւ զէնքի ուժին, որոնք յարաբերաբար դանդաղ միջոցներ են Հայ դատի գործընթացի յառաջխաղացքին, սակայն զանգուածային լրատուամիջոցներու զարգացման առընթեր, Հայ դատի գրասենեակները համայն աշխարհին մէջ աշխատանք տարին եւ բազմաթիւ յաղթանակներ իրագործեցին միջազգային գետնի վրայ:

Սակայն, արդիականացումը իր բազմաթիւ բարիքներու կողքին, նաեւ իրեն հետ կը բերէ անպատեհութիւններ, ինչպէս` վերջին տասնամեակին, երբ երիտասարդութիւնը շատ զգալիօրէն գիրքերու եւ թերթերու փոխարէն` խանդավառուեցաւ լսատեսողական միջոցներով: Ճիշդ է, որ այս միջոցներով օրաթերթերը, ամսաթերթերն ու պարբերաթերթերը շատ արագ կերպով կը հասնին մեր ժողովուրդի տարբեր զանգուածներուն, բայց միւս կողմէ` անոնք կը կրճատեն ընթերցողներուն թիւը, որովհետեւ ներկայիս երիտասարդութիւնը կը նախընտրէ համացանցի կամ պատկերասփիւռի միջոցով տեղեկանալ աշխարհի նորագոյն իրադարձութիւններուն, որոնք կրնան աւելի տպաւորիչ ըլլալ եւ արագ ընկալուիլ, քան թէ` ժամերով օրաթերթ կամ գիրք կարդալով եւ «պարապ» ժամանակ վատնելով: Այդ իսկ պատճառով Լիբանան տպուող «Ազդակ» օրաթերթը աւելիով զարգանալով` օրաթերթին կողքին ունեցաւ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն կայքէջեր, որոնք Հայ դատի աշխատանքները տարբեր լեզուներով կը փոխանցեն համայն աշխարհին:

Լսատեսողական աշխարհն ու զանգուածային լրատուամիջոցները կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը դարձան Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքներու իրագործման եւ արագացման, որովհետեւ լսատեսողական աշխարհը եղաւ ազդու զէնք եւ դատ հետապնդելու յարմար միջոցը: Հայ դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը տարբեր երկիրներու մէջ, ուր գոյութիւն ունին հայկական գաղութներ, օգտագործելով այս ազդակը, կրցան հայ ժողովուրդին արդար Դատը հասցնել օտարներուն` ծանօթացնելով 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անոնք տեղական պատկերասփիւռներէ ցուցադրել տուին զանազան վաւերագրական ժապաւէններ եւ կատարեցին հարցազրոյցներ: Այդ երկիրներու կողքին, լիբանանեան պատկերասփիւռի զանազան կայաններ պատրաստեցին եւ ցուցադրեցին վաւերագրական ժապաւէններ, որոնց կարգին` «Էլ.Պի.Սի.»-ն, «Ժատիտ»-ը, «Էմ.Թի.Վի.»-ն, որուն իբրեւ արդիւնք` տեղացիներ սկսան հետաքրքրուիլ հայկական մշակոյթով եւ հարցով: Վերադառնալով միջազգային գետնին, կարեւորագոյն կայաններէն մէկը` «Սի.Էն.Էն.»-ը, արդէն իսկ ուղղակի անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին,  որուն իբրեւ արդիւնք` տարբեր երկիրներու երիտասարդութինը ծանօթացաւ Հայկական հարցին: Հեռատեսիլներու եւ ձայնասփիւռներու կողքին, կան նաեւ այլ միջոցներ, որոնք կրնան արթնցնել եւ ուշադրութիւնը գրաւել տեղացի ժողովուրդին, որոնցմէ մէկն է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած բազմաթիւ եւ զանազան որմազդներու (billboard) զետեղումը տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ, օրինակ` Միացեալ Նահանգներու մէջ, 14 փետրուար 2015-ին, երեք տարբեր պաստառներով եւ կարգախօսերով որմազդներ զետեղուեցան Հայկական հարցին վերաբերեալ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առնչուած, «Փիս աֆ արթ» հաստատութեան կողմէ Պոսթըն շրջանին մէջ: Իսկ Լիբանանի մէջ, նոյնպէս, հայերէնին կողքին, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով տարբեր պաստառներ եւ կամ որմազդներ զետեղուեցան զանազան շրջաններու մէջ, ըլլան անոնք  հայկական կուսակցութիւններու եւ կամ կազմակերպութիւններու կողմէ, թէ լիբանանեան այլ կուսակցութիւններու կողմէ: Կը կարծեմ, թէ այս որմազդները շատ աւելի արագ կերպով կը տարածեն հայ ժողովուրդին արդար պահանջատիրութիւնը:

Այս բոլորին կողքին, կը հաւատամ, որ այսօր քարոզչութեան կարեւորագոյն միջոցներէն դարձած են Դիմատետրն ու Թուիթըրը. այսինքն եթէ սփիւռքահայը իր էջին մէջ Հայկական հարցին վերաբերեալ նկարներ, յօդուածներ եւ տեսերիզներ տեղադրէ, աւելի արագ քարոզչութիւն կ’ըլլայ օտարներուն: Եթէ ան ունի ոչ հայ տարեկից կամ ոչ տարեկից ընկերներ կամ հետեւողներ, անոնք պիտի սկսին հետաքրքրուիլ Հայկական հարցով: Այս տարի այդ մէկը աւելիով եղաւ, որովհետեւ, համաշխարհային դէմքեր, հայեր եւ օտարներ, որոնցմէ են` Ամալ եւ Ճորճ Քլունի, «Սիսթըմ աֆ ը տաուն», Քիմ եւ Քլոէ Քարտաշեաններ, Ֆրանչիսկոս պապ, Ռոպըրթ Ֆիսք, աշխատանք տարին աշխարհը արթնցնելու, Հայ դատի գրասենեակներուն աշխատանքներուն օգնելու եւ ճանաչում պահանջելու: Ինչպէս նաեւ 2015 թուականին կայանալիք Եւրոտեսիլի երգի մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Genealogy-ին «Don՛t Deny» երգով: Այս մրցոյթն իսկ դարձած է դատ հետապնդելու յարմար միջոց: Ես կը հաւատամ, որ նոյնիսկ երգով ու պարով մենք մեր պատգամը կրնանք հասցնել օտար հանրութեան:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Անդուլ Պայքար

Յաջորդը

Չմոռնա՛Նք… «Անոնք Հոն Են», Ուր Դժուար Է Հայ Ըլլալ

RelatedPosts

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը
Զաւարեանական

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը

Օգոստոս 26, 2025
Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը
Զաւարեանական

Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?