Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մեր Դատին արդարութեան հաստատման ճամբուն վրայ 2015-ի ապրիլին արձանագրուած ձեռքբերումները անկասկած որ պատմական են եւ փաստեցին, որ արդար պահանջներու տէր ժողովուրդ մը կրնա՛յ իր ձայնը լսելի դարձնել, կրնա՛յ իր Դատին ի նպաստ քուէարկողներ ապահովել, կրնա՛յ ցեղասպան ու բռնագրաւող թշնամին նոր նահանջի մատնել:
Ապրիլեան իրագործումներն ու հայկական թէ միջազգային բեմերուն վրայ մեր արձանագրած յառաջխաղացքը հաւանաբար աւելի՛ տեսանելի ու շօշափելի պիտի ըլլան որոշ ժամանակ ետք, ինչպէս որ այսօր, 50 տարիներու հեռաւորութենէն կը խորաչափենք այդ հանգրուանին ու անոր յաջորդած տասնամեակներուն մեր արձանագրած նուաճումները:
Եւ իսկապէս, 2015-ը, այսինքն Ցեղասպանութեան 100-ամեակը առանձնակի ժամանակաշրջան մը չէ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, այլ անիկա համագումարն է ո՛չ միայն վերջին 2-3 տարիներու մեր պայքարին ու բազմաճիւղ աշխատանքներուն, այլ կը պարփակէ մեր ազգային իրաւունքներուն ճանաչման ու վերականգնումին նպատակով աւելի քան 100 տարուան բազմաճիւղ պայքարը` իր յաջող ու արդիւնքէ զրկուած հանգրուաններով: Այլ խօսքով, 2015 հանգրուանը կերտող սերունդը պիտի անդրադառնայ, որ իր ձեռքբերումները կու գան գումարուելու աւելի քան 100-ամեայ սերմնացանութեան արդիւնքներուն վրայ, թէ` ինք առանձին չէ պատմութեան բեմին վրայ, այլ նախորդ սերունդներուն պայքարի ուղին պիտի օգտագործէ իբրեւ յենարան ու խրախոյս, իր կարգին պիտի պատրաստէ ենթահողը յաջորդ փուլին:
***
Որո՞նք են այն գլխաւոր հանգրուանները, որոնք կ՛ըսեն պայքարի դրօշը այսօր բարձրացնողներուն, թէ իրենք առանձին չեն, վաղն ալ առանձին մնացողներ պիտի չըլլան այս ճամբուն մէջ, թէ` վաղուան սերունդը պիտի ըլլայ այսօրուան երթը շարունակողը:
Արագ թւումի կարգով արձանագրենք այդ յենարանները:
Ցեղասպանութեան արիւնը չէր չորցած մեր պատմութեան էջերուն, ահաւոր կորուստներուն դարմանումին իսկ չէինք սկսած, երբ կերտեցինք Սարդարապատի եւ զուգահեռ ճակատամարտերուն յաղթանակները, դարերու պարտադիր ընդմիջումէ ետք, մեր պատմական հողերուն մէկ փոքր շերտին վրայ վերահաստատեցինք մեր անկախ պետականութիւնը:
Կարճ տեւած առաջին անկախութենէն ետք, 20-ական տարիներէն իսկ, Հայաստանի Հանրապետութեան աքսորական պատուիրակութիւնը վերցուց մեր իրաւատիրութեան դրօշը եւ տասնամեակներ շարունակ մնաց յառաջապահը մեր բռնագրաւեալ հողերուն պահանջատիրութեան: Լոզանէն ետք, Սեւրի դաշնագիրն եւ Ուիլսընեան վճիռին հետապնդումը այնուհետեւ իբրեւ կտակ փոխանցուեցան Հայ դատի գործիչներուն, եւ տասնամեակներ շարունակ ՀՅ դաշնակցութիւնը եղաւ ու մնաց մեր պայքարին գրեթէ առանձին յառաջապահը, մինչ Ցեղասպանութեան օրերուն նոյն խրամատները կիսողներ կը նախընտրէին պարել խորհրդային բռնատիրութեան նուագախումբին եղանակին համաձայն…
Այսօրուան մեր պայքարին յենարան են եւ վառելանիւթ կը տրամադրեն մանաւանդ այն արդարահատոյցները, որոնք կերտեցին հայկական Նեմեսիսը` զգետնելով թուրք ոճրագործ պետական մարդիկը, ապա ներշնչումի աղբիւր դառնալով 70-ական եւ 80-ական տարիներուն վերականգնած արդարահատուցման երթին:
Ցեղասպանութեան յաջորդած 50 տարիներուն մեր Դատին ի նպաստ միջազգային բազմաբնոյթ արտայայտութիւններ նո՛յնքան կարեւոր բաժին ունին մեր այսօրուան պայքարին յենարան ծառայելու իմաստով: Դեսպան Մորկընթաուէն մինչեւ Լեփսիուս, Արմին Վակներէն մինչեւ Ֆրանց Վերֆել, Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն օժանդակութիւն տրամադրող անհատներէ ու կազմակերպութիւններէ մինչեւ… Ատոլֆ Հիթլերի տխրահռչակ յայտարարութիւնը (սա թող չդիտուի իբրեւ մեղանչում) իրենց բաժինը ունին այսօրուան մեր յառաջընթացին մէջ: Իսկ 50-ամեակի օրերէն սկսեալ, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մեր Դատին արդարութեան մասին տարբեր երկիրներու զօրակցական կեցուածքները այլապէս փաստ են, որ անարդարութիւնն ու պետական ոճիրներ չեն կրնար ընդմիշտ քողարկուիլ ու մոռացութեան մատնուիլ, այնքան ատեն որ…
50-ամեակէն ետք, եւ ուժական պայքարի դրօշին վերականգնումին զուգահեռ, միջազգային քաղաքական բեմին վրայ Հայ դատի գործիչներուն իրագործումները նմանապէս յենարան են մեր վերանորոգ պայքարին: ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովի ոլորտներէն ներս հայութեան թափանցումը արդէն ունի շուրջ 45 տարուան պատմութիւն, այդ թափանցումը ենթահող ծառայեց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մեր պահանջատիրութեան ի նպաստ կեցուածք որդեգրող պետութեանց ու հաստատութեանց թիւի աճին: Ոչ մէկ կասկած, որ յառաջիկայ փուլին այս ասպարէզը պիտի ըլլայ հայութեան գործին գլխաւոր մէկ ժամադրավայրը:
Միջազգային քաղաքական ու դիւանագիտական բեմերէն ներս մեր մուտքին զուգահեռ, անտեսելի չեն ցուցական ու քարոզչական այն աշխատանքները, որոնք մարմնաւորուեցան հրապարակային հետզհետէ ծաւալող ցոյցերով (Պէյրութ, Երեւան, Լոս Անճելըս, Փարիզ, Նիւ Եորք, քանատական քաղաքներ եւ հայկական այլ օճախներ, ի վերջոյ նուաճելով նաեւ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակը…), օտարալեզու հրատարակութիւններով ու միջազգային մամուլի աշխարհէն ներս դանդաղ, բայց հաստատաքայլ յառաջխաղացքով:
2015-ի հանգրուանին կերտումին մէջ իրենց բաժինը ունին մանաւանդ Արցախի ազատագրումը կերտող սերունդը եւ անոր զոհաբերութեան շօշափելի արդիւնքը` անկախ Արցախի գոյատեւումը: Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումը, որ թէեւ չեղաւ նոյնքան արիւնալի պայքարի արդիւնք, սակայն նո՛յնքան կարեւոր յենարան է մեր այսօրուան իրագործումներուն եւ վաղուան երթին համար: Այս նշումով չենք նպատակադրեր Հայաստանի անցած ուղին դիտել արցախեան պայքարէն առանձնացած (Հայաստանի դերին պիտի անդրադառնանք հետագային, աւելի լայն ծիրի մէջ):
Թող անյարիր չնկատուի, եթէ ըսենք, որ Լիբանանի տագնապին օրերուն հայութեան ապահովութեան ու պաշտպանութեան ճամբուն նահատակ ինկած տղաքը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին մէջ տակաւին արիւնաքամ եղող մեր գաղութին մաքառումը իրենց անփոխարինելի ու պատուաւոր տեղն ունին մեր պայքարի ճամբուն ընդարձակումին մէջ… Իսկ կարելի՞ է մոռնալ կամ երկրորդական նկատել նպաստը բոլոր այն սերունդներուն, անոնք ըլլան մեր երիտասարդութիւնը կերտող ծնողներ ու դաստիարակներ, արուեստագէտներ ու մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ ներդում ունեցող անանուն նահատակներ, որոնց «Անծանօթ զինուոր» որակումը լաւագոյն պատուանշանը պիտի ըլլայ…
***
Վերոյիշեալ հանգրուանները (նաեւ` մեր պայքարի պատմութեան հոս չյիշատակուած երեսները) անծանօթ չեն բոլորիս, ոչ ալ անոնցմէ մէկը կամ միւսը ունի քողարկուած երեսներ:
Կրնայինք կարկինը աւելի եւս ընդարձակել` շօշափելու համար այն ամուր յենարանները, որոնք կ՛ամրապնդեն այսօրուան սերունդին երթը: Կրնայինք երթալ մինչեւ մեր ազատագրական պայքարի տասնամեակները եւ վկայակոչել մեր անմահ ֆետայիները, նոյնինքն Ցեղասպանութեան օրերուն պանծալի հերոսամարտներ կերտող ծանօթ ու անծանօթ զինուորները, անոնց ճամբայ ցոյց տուած Խրիմեան Հայրիկները, Մկրտիչ Փորթուգալեանները, Րաֆֆիները, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանները, Միքայէլ Նալպանտեաններն ու Խաչատուր Աբովեանները, անոնց շառաւիղները հանդիսացած Դանիէլ Վարուժանները, Սիմանթոները, Ռուբէն Զարդարեանները եւ յեղափոխական մտաւորականներու ամբողջ փաղանգը, կամ, տակաւին, կարելի էր ակնարկութիւն ընել խորհրդային տարիներու կարգ մը էջերուն, օրինակի համար` Բ. Աշխարհամարտին մէջ սխրանք ու բիւրաւոր նահատակ արձանագրած սերունդին, ստալինեան ոճրային դաւադրութեանց զոհ գացած սերունդներուն` Չարենցէն մինչեւ Բակունց, Թոթովենց եւ ուրիշներ, վկայակոչել անոնց կտակը…
Այս բոլորը աչքի առջեւ ունենալով, 2015-ի հանգրուանը, իր իրագործումներով ու ստեղծած հորիզոններով, պէտք է դիտենք մեր նորագոյն պատմութեան ընդհանուր համայնապատկերին մէջ, անդրադառնանք, որ մեր պահանջատիրութիւնը հիմնուած է արդարութեան, պատմական տխուր կամ պանծալի ճշմարտութեանց վրայ, որպէսզի երբ կ՛ըսենք, որ կը վերանորոգենք պայքարի մեր ուխտը եւ զայն շարունակելու վճռակամութիւնը, մենք մեզ զգանք այս ուղին կերտողներուն մէկ մասնիկը, զգանք անցեալէն եկող հզօրանքը եւ, մեր կարգին, 2015-ը վերածենք նոր նուաճումներու մեկնակէտ-յենարանի:
100-ամեակի ներդրումը պիտի նպաստէ հզօրացման այն հոսանքին, որ աստիճանաբար պիտի խորտակէ մեր իրաւունքներուն դիմաց կանգնող արգելքները, ի վերջոյ նա՛եւ Թուրքիոյ պետութեան հարկադրելով ծունկի գալ պատմական ճշմարտութեանց առջեւ եւ ընդառաջել արդար հատուցման մեր բոլոր պահանջերուն: