Կիրակի` 24 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` կատարողութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի «Ծիրանի» մանկապատանեկան երգչախումբին, խմբավարութեամբ` Նեկտար Փալազեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` քոլեճի Ժ. դասարանի աշակերտ Քրիսթին Մաամարպաշիի:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան: Ան նկատել տուաւ, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ վարժարանին մէջ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ, յատուկ ատենամարզանքի պահեր եւ վաւերագրական ցուցահանդէս` աւելցնելով, որ այս տարուան «Ծիրանի»-ի ելոյթը եւս առնչուած է 100-ամեակին եւ այս համերգը կը փաստէ, որ մեր դարաւոր ոսոխը ձախողեցաւ, եւ այսօր մենք ունինք ազատ անկախ հայրենիք եւ սփիւռքահայութիւն, որոնք «Կը յիշեն եւ կը պահանջեն»: Տնօրէնը հաստատեց, որ աշակերտութեան բազմակողմանի զարգացումը դպրոցի հիմնական նպատակներէն մէկն է եւ այս ուղղութեամբ ջանք չեն խնայեր, որպէսզի հայերէն երգն ու երաժշտութիւնը ներառուին ուսումնական ծրագիրին մէջ: Իր խօսքի աւարտին տնօրէնը գնահատական խօսք ուղղեց Նեկտար Փալազեանի` իր տարած աշխատանքին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտ Քրիսթին Մաամարպաշիի:
Այնուհետեւ երգչախումբը մեկնաբանեց «Հաւատքն է յաղթութիւն», «Մենք թոռներն ենք Մաշտոցի», «Մշեցի մօր երգը», «Ղարաբաղի բալիկն ենք», «Հայրենիքը մեր», «Հայաստան», «Կիլիկիա», «Իմ անունը Հայաստանն է» եւ «Հայաստան» երգերը, իսկ Անթոնի Օպէյտ մեկնաբանեց «Ջան հայրենիք» երգը: Համերգին ընթացքին փունջ մը երգերով ելոյթ ունեցան նաեւ Ա. դասարանի աշակերտները:
Յայտագիրի ընթացքին մերթ ընդ մերթ աշակերտներ կը ներկայացնէին մեկնաբանուած երգերը:
Յայտնենք, որ ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կրէս Մաամարպաշի եւ Լոռի Եունիսէս ջութակի վրայ նուագելով:
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ` վեր. Հրայր Չոլաքեան: Ան ըսաւ. «Թուրքը ուզեց այս արժէքները բնաջնջել, բայց չկրցաւ: Սիրելի՛ աշակերտներ, դուք հայ ժողովուրդին լաւագոյն բանակն էք, եւ ձեր երգը լաւագոյն զէնքն է»: Ձեռնարկը փակեց աղօթքով: