ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

«… Հաւաքական յիշատակումը ունի իր ծիսականացած ձեւը` եկեղեցական արարողութիւններ եւ յուշ-երեկոյթներ, որոնք […] հետզհետէ ստանալով քաղաքական ու պահանջատիրական զօրաւոր շեշտադրումներ, մոռացութեան կը մղեն մշակութայինը եւ լեզուայինը` սփիւռքահայութեան սերունդներուն Կարմիր Ցեղասպանութենէն իբր ժառանգութիւն մնացած միակ հարստութիւնը: Եւ անոնք ալ Սպիտակ Ցեղասպանութեան զոհ կ՛երթան, ընդհանուր խանդավառութեան մթնոլորտին մէջ: Պայքար կը մղուի Ճանաչումի համար, Հատուցումի համար, մինչ արեւմտահայերէնն ու մշակութային կալուածները մնացած են որբ…»:
Ժ. Չ., «Նոր Յառաջ», 23 ապրիլ, 2015
Գիտէինք, որ դժուար բան է ազգային լեզուի մը պահպանումը, երբ ազգային պետութիւնը կը բացակայի, կամ երբ հեռու է` աշխարհագրական թէ ուրիշ տեսակի հեռաւորութեամբ:
Գիտէինք յատկապէս, որ արեւմտահայերէնը, 1915-ի ցեղասպանութեան եւ վերապրողներու աշխարհի չորս ծագեր ցրւումին իբր հետեւանք, վտանգուած է: Սկսած` եւրօ-ամերիկեան մեր համայնքներէն, որոնք կ՛ապրին արեւմտեան «մեծ» մշակոյթներու ծիրին մէջ: Հոս է որ, շատ կանուխ, սփիւռքի ծնունդի իսկ օրերէն, հայախօսութեան «նահանջը» ահազանգներու առիթ տուած է, յաճախ աճապարանքով եւ ամենայն կրաւորականութեամբ:
Արդէն գիտէինք բոլո՛րս` բոլոր սրտցաւ, մտահոգ հայերը: Գոնէ ես կը կարծէի, որ գիտէինք…
Արեւմտահայերէն Եւ… Եունեսքօ
Բայց երկու տարի առաջ, երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն «վտանգուած լեզուներու» իր ուսումնասիրութիւններուն վրայ հիմնուած` հրատարակեց այդ լեզուներու ցանկերը, մերոնք` մամուլ եւ հանրային կարծիք, հակազդեցին տարօրինակ ձեւով. «Արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու կարգին է եղեր, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն է ըսողը…»:
Ի՞նչ է: Հաւաստի աղբիւրի՞ մը կը սպասէինք` հաւատալու համար մեր սեփական դատումով շատոնց հաստատուած մէկ իրողութեան: Թէ՞ գիտէինք եւ նախընտրած էինք կրկնելով-կրկնելով` ահազանգը վերածել ծէսի…: Կամ կը պահուըտէի՞նք` խոստովանելով մեր անկարողութիւնը` անխուսափելիին դէմ, ինչպէս կ՛ընէ -կ՛ըսեն- ծանօթ խելօք թռչուն մը: Կամ` այդ բոլո՞րը միասին…
Այսպէս կամ այնպէս, տեղեկութիւնը հաղորդուեցաւ գրեթէ առանց որեւէ մեկնաբանութեան` որեւէ տեղ: Եւ խնդիրը հոն ալ մնաց: Ընդհանուր չէզոքութեան մէջ, որոշ կեցուածքներ ալ կը մատնէին հանդիսաւոր «վկայական» ստացողի զգացում մը, ինծի համար` պղտոր ու տարօրէն հիւանդագին…: Իսկ աւելի ետք յայտարարուած նախաձեռնութիւններ, բխող ազգային բարձր ատեաններէ կամ սփիւռքի լուսանցքին գոյատեւող մասնաւոր հիմնարկներէ, նոյնիսկ եթէ դառնան իրագործում, դժուար թէ կայացնեն հաւաքական գիտակցութեան մը ենթահողը…
Ստիպուած եմ եզրակացնել, վերի ենթադրութիւններս ամփոփելով, որ… չէինք գիտեր, թէ «վտանգուած ենք», կամ գիտէինք` չգիտնալու պէս:
Դժուար կը թուի հաւատալ, որ 20-ական-30-ական, ու մանաւանդ` անմիջապէս հետեւող տասնամեակներուն, կարելի չէր այլ կերպ վարուիլ, քան ինչպէս վարուեցանք.- Յաւակնիլ սփիւռք վարել` առանց հիմնաւոր-համապարփակ հեռահար ծրագիրներու, ցրուած ուժերով ու թերի կազմակերպութեամբ: Լաւագոյն պարագային` կիսամիջոցներ միայն տրամադրելով տեսիլքի ու նախաձեռնութեան տէր սակաւաթիւ երէց մշակութային գործիչներու, եւ` նորերու մեծ մասի պարագային` բաւարարուելով ըլլալ անոնց ստուերը, պարզ շարունակողներ, առանց նոր պայմաններու պատշաճեցման խորքային աշխատանքի:
Բայց փաստօրէն այդ է որ ըրինք: Լեզուա-մշակութային վերապրումի պայքար կարծեցինք տանիլ խախուտ կիսամիջոցներով, ու ատիկա` գաղթական ցրօնքի մը տարածքին, ուր` միւս կողմէ` յաճախանքի վերածուած էր միտումը, յայտնի կամ ծածուկ, վայրկեան առաջ ձուլուելու «հիւրընկալ» երկիրներու մեծ զանգուածին, անոր «գերադաս» մշակոյթին…
Աղիտալի երկդիմութիւն, աղիտալի հակասութիւն, որ ատակ է եղած, օրին, ընդվզում ու զզուանք առաջացնելու զուսպ հանրային-քաղաքական գործիչի մը մօտ, ինչպիսին էր… Սիմոն Վրացեան, զայն նետելով դուրս` առարկայական դիտորդի իր սովորական դիրքերէն.
«… Իսկ մենք շարունակում ենք բեմերից ճառել հայը հայ պահելու մասին: Թերթերում անվերջ յօդուածներ են լոյս տեսնում…: Ամէնքը` ամէն կողմից կուրծք են ծեծում` Հայը հայ պահենք… հայը հայ պահենք…
Կեղծաւորներ եւ փարիսեցիներ:»
Երէկ Եւ… Այսօր
Ապա, անմիջապէս հարց կրնայ դրուիլ` տարբե՞ր է այժմ. երէկի քննադատումը աւելի փայլուն ներկայի՞ մը կը կռթնի: Կամ` անցեալ թերիները կը չքմեղե՞ն ներկայի անբաւարարութիւնները:
Մանաւանդ` կրնանք փորձուիլ հարց տալ, թէ վերջին տասնամեակներու Հայ Դատի, ու այսօր` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի քաղաքական գործունէութեան յարաճումը, այս ոլորտի կենդանութեան փաստերը` հակադեղ չե՞ն հայեցի ապամշակութայնացման նշուած ախտին:
Ոչ ոք թող յոգնի մեզ համոզելու` օտարախօս եւ օտարամշակոյթ, բայց «հոգիով հայ» մարդու շողշողուն պատկերով: Այդպիսի պայծառ բացառութիւններ, փոքրամասնութիւն-խմբակներ կը ճանչնանք, Արեւմուտքի տարածքին ճանչցեր ենք ու ջանացեր ենք ճանչցնել շատո՛նց` միջին-արեւելեան մեր գօտիներուն մէջ, ուր նախնական մտայնութիւնը դեռ հայ ինքնութեան նախապայման կը նկատէր հայախօսութիւնը` անհատ առ անհատ: Ոչ ալ հայերէնի եւ հայ մշակոյթի տիրութեան հետ կը շփոթենք նախնական, «բնական», տեղական պայմաններու բերմամբ պահպանուած այն հայախօսութիւնը, որուն անդրադարձ կ՛ըլլայ հոս` աւելի վար, եւ որ ո՛չ մէկ ձեւով երաշխիք է «ոգիի հայեցիութեան»: Բայց խօսքը հոս անհատներու մասին չէ, փոքր թիւի մասին չէ. համայնքի, հաւաքականութեա՛ն մասին է. եւ հաւաքականութեան մը գոյատեւումը կ՛իրականանայ միայն լեզուով ու անով ապրող, արտայայտուող, զարգացող մշակոյթով:
Իսկ այսօր, գիտենք, լեզուա-մշակութային մեր ներկան այլապէս աղիտալի է: Եւ նոյնիսկ եթէ ատիկա մասամբ հետեւանք է երէկի դասալքութիւններու,- ներկան չի զերծանիր իր պատասխանատուութիւններէն:
Ճիշդ է, սփիւռքի հետեւող տասնամեակները, մանաւանդ վերջին քառորդ դարը, տեսան հայ վարժարաններու ցանցի մը երկչոտ տարածումը այս երկիրներուն մէջ – յատկապէս Ֆրանսա, Քանատա եւ Միացեալ Նահանգներ: Բայց այս շարժումը, որքան ալ` դրական, կը հասնի շատ ուշ եւ կը մնայ` համեմատութիւններով շատ սահմանափակ: Ապա մանաւանդ, անիկա կ՛իրականանայ… ի վնաս միջին-արեւելեան համայնքներու, անոնցմէ գրեթէ մնայուն դարձած արտահոսքի շնորհիւ ու միջոցով:
Եւ վերջապէս, նահանջող յետսապահ գունդերու այս պայքարը այսօր շրջապատուած է ու մասամբ կաշկանդուած` լեզուա-մշակութային ու կրթական համաշխարհային նորատի՛պ տագնապով մը…: Նայուածք մը դէպի Արեւմուտք (եւ ոչ միայն` դէպի Արեւմուտք), ու կը տեսնենք լսա-տեսողական ու թուանշային «մշակոյթի» հողին մէջ բուսած եւրոպացի, ամերիկացի սերունդները, որոնց մէջ «մայրենի լեզու» գրեթէ չգիտցող, առհասարակ լեզո՛ւ չգիտցող ու անմշակոյթ տարրը որքան կարեւոր համեմատութիւն կը կազմէ:
Տեղածին-բնիկ այս սերունդի կողքին` նոյն երկիրներուն մէջ կը տեսնենք դեռ յարաճուն համրանքով գաղթական (ափրիկեցի, ասիացի թէ այլ) սերունդներու բաբելոն մը, ուր լեզու ուսուցանելու հարկադրանքը մէկ կողմէ կ՛անճրկեցնէ «մեծ» մշակոյթներու պետութիւնները, միւս կողմէ կը մղէ մեթոտաբան մասնագէտներ նորանոր հնարքներով մանկավարժական լուծումներ ստեղծելու:
(Շար. 1)
Սփիւռք Եւ Հայրենիք…
Կրնայ հարցուիլ. «Հապա՞ Հայաստանը…»: Հոս չե՞նք անտեսեր հարցի սփիւռք-հայրենիք կապի հրամայականները:
Չեմ կարծեր: Մերձեցում եւ գործակցութիւն հայութեան գլխաւոր այս երկու հատուածներուն միջեւ` ընդհանրապէս փափաքելի են, ու աւելին` անհրաժեշտ: Բայց խօսքը հոս կը վերաբերի աւանդական սփիւռքի մշակութային ինքնութեան, այսինքն` յատուկ աւանդուած եւ օրը օրին ապրելի, վերստեղծելի արժէքներու համակարգի մը: Կարճ ըսած` գոյութեա՛ն գործընթացի մը, որ պարտի ձգտիլ ինքնուրոյնութեան, ինքնաբաւութեան: Յատկութիւններ, որոնք, արդէն անբաւարար, կրնան աւելի եւս արագ ջլատուիլ մեր մէջ, ինչպէս անխուսափելիօրէն կ՛ըլլայ «դուրսէն» կախեալ, «դուրսէն» բարիք սպասող որեւէ հաւաքականութեան մօտ:
Աւելի մասնաւորելով կրթական համակարգով, միշտ ամփոփ` պիտի ըսենք, որ սփիւռքը, իբրեւ կրթական-մանկավարժական յղացք, իր առարկայական կարիքներով` հեռու է ու շատ տարբեր` Հայաստանի աւանդութիւններէն եւ կիրարկումներէն:
Հասկնալի է, որ խօսքը չի վերաբերիր Հայաստանէն արտագաղթողներու «տնտեսական» նոր սփիւռքին, որուն համար բանաւոր պիտի ըլլար հայրենի իշխանութիւններէն յենարան ակնկալել: Եւ որուն մշակութային կարիքներու հոգը արդէն, ի դէպ, կրնայ լայնօրէն սպառել Երեւանէն տրամադրուելիք ամէն ճիգ…