Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վատիկանն Ու Հալէպը (Հասկնալիօրէն` Նաեւ Թուրքիան)

Մայիս 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ, պատարագի ընթացքին, Վատիկանը սրբադասեց 4 կրօնաւորուհիներ, որոնցմէ երկուքը` պաղեստինցի: Ըստ հաղորդուած լուրերուն, այս սրբադասման արարողութեան ներկայ էին 5000 պաղեստինցիներ, ինչպէս նաեւ` պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս: Վատիկանը յայտարարեց, որ այս քայլը կը միտի զօրակցելու Մ. Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք վերջին տարիներուն խտրականութեան եւ հալածանքի կ՛ենթարկուին: Վատիկանը նաեւ յստակօրէն ակնարկեց պաղեստինեան պետութեան ճանաչման յայտարարագիրի մը, որ բանաձեւումի ընթացքին մէջ է:

Պահ մը վերյիշենք մօտաւորապէս ամիս մը առաջ նոյն Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած այլ պատարագ մը, որուն ընթացքին պապը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան. զոյգ կաթողիկոսներուն խօսք արտասանելու առիթ ընծայելով` ան նաեւ անուղղակիօրէն զօրակցեցաւ անոնց յղած պատգամին` հայութեան պահանջատիրութեան:

Այս երկու իրադարձութիւնները ի մի բերելով` մեծ ու յստակ պատկեր մը կը պարզուի մեր դիմաց: Վատիկանի կապակցութեամբ, այս երկու պարագաներուն ալ վարքագիծ մը կը յստականայ. այդ ալ արդարութեան, արդար դատերու զօրակցելու կեցուածքն է: Ընդգծելի է նաեւ այն փաստը, որ Ֆրանչիսկոս պապին օրով Վատիկանը արդարութեան զօրակցելու իր կեցուածքին մէջ սկսած է աւելի ներգործօն եւ ազդու դերակատարութիւն ունենալու` ի հակադրութիւն ցարդ որդեգրուած կրաւորական մօտեցումին:

Ինչ կը վերաբերի սուրիաբնակ հայութեան, կասկածէ դուրս է, որ ո՛վ է Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիրի քանդումին, Հալէպի մէջ համայնքային կեդրոններու, եկեղեցիներու ռմբակոծումին եւ ականահարումին, ինչպէս նաեւ Քեսապի հայութեան տեղահանութեան քաղաքական որոշումին հեղինակը: Թուրքիա՛ն: Ոչ ոք թող կասկածի այս ուղղութեամբ:

Ուրեմն, Վատինակի կողմէ կայ` առաջին` արդար դատերու զօրակցութիւն եւ երկրորդ, նոյն մտածողութեան ընդհանուր ծիրին մէջ, վտանգուած քրիստոնեաները պաշտպանելու ու անոնց զօրակցելու որոշում ու կեցուածք:

Երկրորդ կէտին լոյսին տակ պէտք է տեսնել յատկապէս Սուրիոյ, Իրաքի եւ Պաղեստինի քրիստոնեաներուն, ներառեալ սուրիաբնակ հայութեան զօրակցելու վատիկանեան վարքագիծը: Այս մէկը կարեւոր է հայութեան համար, որովհետեւ սուրիաբնակ հայութեան պաշտպան կանգնելու համահայկական կեցուածքը, իր կարգին, կը ստանայ քաղաքական զօրակցութիւն ու քաջալերանք: Միջազգային քաղաքական ուժի կեդրոններու մէջ հայութեան շահերը պաշտպանելու մեր ճիգերուն համար (պետական, թէ Հայ դատի յանձնախումբերու մակարդակով), ահաւասիկ կը ստեղծուի աշխատանքի նոր դաշտ եւ քաղաքական «նոր զինատեսակ»:

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի, Անգարայի կամ այլ մայրաքաղաքներէ Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած խօլ արշաւը իր դէմ կը գտնէ ահաւասիկ Վատիկանէն երեւցող STOP նշանը, որ եթէ ոչ կասեցնելու, գէթ առնուազն ունի սանձահարելու, զսպելու, խելքի բերելու իմաստ եւ ուժ: Սա կարեւոր է մեզի համար այն իմաստով, որ սուրիաբնակ հայութիւնը հարուածելու թրքական որոշումին համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած են այս կոյր արշաւին շնորհիւ: Արշաւ մը, որուն հիմնական թիրախը Սուրիոյ մէջ Արեւմուտքին կամակատար իշխանութիւն մը հաստատելն է: Թուրքիան կը փորձէ մէկ քարով երկու թռչուն զարնել եւ այդ «թռչուններէն» մէկը եթէ Ասատի վարչակազմն է, երկրորդը (դարձեալ մի՛ կասկածիք) մենք ենք:

Այնպէս որ, երբ Արեւմուտքը Սուրիոյ մէջ վարչակարգը տապալելու ճիգերուն մէջ բացայայտօրէն դերակատար է, անուղղակիօրէն մեղսակից կը դառնայ նոյն երկրէն ներս Թուրքիոյ բացայայտօրէն հակահայ քայլերուն: Հետեւաբար Արեւմուտքի մէջ մեր քաղաքական շփումներուն ընթացքին մենք յստակ ըսելիքներ ունինք մեր խօսակիցներուն:

Բայց կարծես թէ այս անգամ առանձին չենք:

Մայիս 20, 2015

vproodian@gmail.com

 

Նախորդը

Հովանաւորներ` Էսթեպլիշմընթի Նոր Տիտղոսը

Յաջորդը

Ապրիլ 24-Էն Առաջ Ու Ետք` Մեր Պատասխանատուութիւններուն Դէմ . Արեւմտահայերէն Եւ Արեւմտահայ Մշակոյթ. Ի՞նչ Հեռանկարներ (Ա. Մաս)

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?