Հովանաւորութեամբ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ-Սեւան» գործադիր մարմինին, ուրբաթ 22, շաբաթ 23 եւ կիրակի 24 մայիսին «Անդրանիկ-Սեւան» ակումբի «Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռային աշխատանքներու ցուցադրութիւն` մասնակցութեամբ Մկրտիչ Թահուլաքեանի, Վահրամ Աղազարեանի, Շահէ Յարութիւնեանի, Լենա Մանուկեան-Տագէսեանի, Տիգրան Գալուստեանի եւ Հրաչ Գարամանուկեանի:
ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ-Սեւան» գործադիր մարմինի վարչական Օհան Չափրազեան «Ազգակ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ սոյն ցուցահանդէսը իր տեսակին մէջ եզակի է, որովհետեւ նախապէս կազմակերպած են նկարչական ցուցահանդէսներ, իսկ ներկայացուածը ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս էր եւ կը ներառէր իւրայատուկ ոճով պատրաստուած աշխատանքներ` պղինձով, փայտով եւ նոր մտայղացումներով: Մկրտիչ Թահուլաքեան (մահացած) ընտանիքը, յարգելով անոր յիշատակը, ցուցադրած էր անոր գործերը, որոնք տախտակի վրայ պղինձէ եւ փոշիէ թելերով դիմանկարներ, որոնց գոյները բնական պղինձի գոյն էին եւ տարբեր երանգ ստացած էին յատուկ ջերմաստիճանի տակ: Ան շինած էր նաեւ խաչքար մը, որ իր տեսակին մէջ եզակի էր իր նրբաճաշակ ոճով եւ մետաղեայ գոյներու բնական այլազանութեամբ: Լենա Մանուկեան-Տագէսեան ներկայացուցած էր խաչքարեր, որոնք իւրայատուկ ոճով եւ բծախնդրութեամբ շինուած էին տախտակի վրայ եւ զարդարուած` մետաղով եւ գունաւոր թանկարժէք քարերով, ինչպէս նաեւ` Աստուածաշունչեր, որոնց կողքը նոյնպէս զարդարուած էր խաչքարով: Շահէ Յարութիւնեան ներկայացուցած էր կաւի վրայ էմայ աշխատանքներ, որոնք կը պատկերէին Հայաստանի վանքերը, նաեւ` գիւղական երեւոյթներ, հայկական նուռը եւ այլն: Հրաչ Գարամանուկեան ներկայացուցած էր մանրանկարչութիւններ եւ թռչնագրեր: Ան իւրայատուկ ձեւ մը որդեգրած էր` օգտագործելով իր մօր ասեղնագործութիւնը որպէս իր գործերուն շրջագիծը: Վահրամ Աղազարեան, որ աշխատած էր պտուտակներով եւ շինած էր խաչքարեր, դէմքեր եւ այլն: Ճրտ. Տիգրան Գալուստեան, որ հեղինակն է Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան մէջ Ցեղասպանութեան յուշակոթողին, ինչպէս նաեւ այլ գործերու, ներկայացուցած էր քանդակներ, ինչպէս` Կոմիտաս, Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած քանդակ մը եւ այլն, տուֆէ խաչքարեր եւ փայտի վրայ գծագրութիւններ: