Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մթնշաղէն Դէպի Արշալոյս» Համերգ «Ուժեղ Ենք Եւ Մեզ Յաղթել Հնարաւոր Չէ» Ըսաւ Վաստակաւոր Երգչուհի Աննա Մայիլեան

Յունիս 1, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-26-15_anna-2Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ երաժշտական համերգ էր. եկեղեցին մարդաշատ էր, իսկ բեմի վրայ էր վաստակաւոր երգչուհի մեցօ սոփրանօ` Աննա Մայիլեանը, որ իր երաժշտական բարձր կատարումներով յաջողեցաւ լիբանանահայ հանդիսատեսը տանիլ հայ երաժշտութեան անդաստան եւ հաղորդակից դարձնել բազմազան երաժշտական գործերու:

«Մթնշաղէն դէպի արշալոյս» համերգը տեղի ունեցաւ չորքշաբթի, 26 մայիս 2015, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան եւ Հայ աւետարանական «Արմիս» մշակութային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ուժանիւթի նախարար Արթիւր Նազարեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Հրայր ճէպէճեան: Ան յայտնեց, որ մթնշաղը Հայոց ցեղասպանութիւնն է, արշալոյսը` հայու վերապրումը, որ կը պահանջենք, իսկ մթնշաղի եւ արշալոյսի հասարակաց գիծը հայուն արժանապատուութիւնն է: Ապա աւելցուց` ըսելով, որ այսօր կը յիշենք ու կը պահանջենք հայուն արժանապատիւ կեանքը, որ կրնար բազմանալ ու ապրիլ, որ կրնար ստեղծագործել ու մշակել: Կը պահանջենք հայուն արժանապատիւ հողը, պապենական տունը, որ կրնար բարգաւաճիլ… Այսօր հայը նոյնպէս հպարտ է Հայաստան հայրենիքով եւ սփիւռքի բոլոր հատուածներով, որոնք ամուր տէր կանգնած են Հայ դատին ու պահանջատիրութեան: Խօսքը աւարտեց` ըսելով, որ համերգը կու գայ ամուր կապելու հայը իր մշակոյթին, հայրենի արժէքներուն ու մանաւանդ հողի կապուածութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ իրենց նպասը բերած են համերգի յաջողութեան:

5-26-15_anna-1Խօսք առաւ նաեւ վաստակաւոր երգչուհի Աննա Մայիլեան: Ան ողջունեց բոլորը ներկաները եւ ըսաւ, որ ա՛լ ժամանակն է ըլլալու ամուր ու միասնակամ որպէս ժողովուրդ: Մեր մշակոյթի ու արուեստի գործերուն հանդէպ քաջալերական կեցուածքով ու ծափահարութիւններով փաստենք, որ կ՛ապրինք, ուժեղ ենք եւ մեզի յաղթել հնարաւոր չէ:

Համերգի առաջին բաժինով Աննա Մայիլեան եւ դաշնակահար Էլեն Կիրակոսեան ներկայացուցին Կոմիտասի, Դանիէլ Երաժիշտի, Ռոմանոս Մելիքեանի, Համբարձում Պէրպէրեանի, Շահան Պէրպէրեանի, Համբարձում Գրիգորեանի, Գէորգի Սարաճեանի, Նիկոլ Գալենտերեանի գործերը, որոնցմէ են` «Առաւօտեան քաղցր եւ անուշ հովերն» եւ «Ամէն առաւօտ եւ լոյս», «Արի, արի» «Զնկլիկ», «Անոր», «Արեւին ոսկի», «Պապար», «Հով լինեմ», ուշագրաւ էր Կոմիտասի «Չինար ես»,«Զուլօ» եւ «Ալ ձին» երգերու կատարումները, շատ գեղեցիկ էին նաեւ «Գարուն բացուաւ», «Արազին», «Իմ ուղին» երգերը, որոնք խորապէս յուզեցին ներկաները:

Առաջին բաժինով Էլեն Կիրակոսեան դաշնամուրի մենանուագով հնչեցուց «Հաբրբան» եւ «Կաքաւիկ» գործերը:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինը սկսաւ Սերօ Քելուկեան, որ ապրումով արտասանեց Ժաք Ս. Յակոբեանի «ՏԷր Զօր» կտորը` տուտուկի նուագակցութեամբ` Յակոբ Քելուկեանի:

Ելոյթ ունեցաւ Հայ աւետարանական «Արմիս» երգչախումբը` խմբավարութեամբ` վեր. Ներսէս Պալապանեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Սեւան Պալապանեանի: Երգչախումբը  ներկայացուց «Ջան Հայաստան», «Ամենապերճ Յիսուս» եւ «Ուռենի» երգերը: Աննա Մայիլեան ներկայացուց նաեւ «Վարդը», «Արարատ», «Հայրենիքիս կանչը», իսկ «Օրօր» երգին միացաւ երգչախումբը: Երգչախումբի «Բարի է իմ հոգւոյս», «Հայաստան» երգերու կատարումներուն միացաւ Աննա Մայիլեան: Պէտք է նշել, որ կարգ մը երգերու սրինգով միացաւ Լոռի Պիլալեան, սաքսոֆոնով` Արեգ Գարակէօզեան եւ փողով` Րաֆֆի Էլմաճեան: Համերգի ամբողջ տեւողութեան ծափահարութիւնները չդադրեցան:  Համերգը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ, ապա` վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Յունիս 1965)

Յաջորդը

«Նիւ Եորք Թայմզ» Թերթին Մէջ Ռապպի Շմուլին Եւ Հարիւրամեակի Յանձնաժողովը Օպաման Ներկայացուցին Որպէս «Ստախօս»

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?