Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակոս Գույումճեանի Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

May 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-26-15_GuiragosKouyoumdjianՀայկազեան համալսարանի կազմակերպած «Սուրիոյ հայերը» գիտաժողովի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 26 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ քուէյթաբնակ, նախկին հալէպահայ Կիրակոս Գույումճեանի զոյգ գիրքերու եւ անոնց զոյգ թարգմանութիւններու շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց սփիւռքի ուսումնասիրութեանց կեդրոնի տնօրէն, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, ներկայացնելով ձեռնարկին առիթն ու այս առթիւ խօսք առնողները:

Դոկտ. Տագէսեան անդրադարձաւ հայ թարգմանական աշխատանքին մէջ սուրիահայերու կարեւոր ներդրումին եւ ընդգծեց, որ սուրիահայեր, հալէպահայեր քիչ մը աւելի առնչութիւն ունին ոչ-հայկական մամուլին հետ, յատկապէս` արաբական մամուլին: Տագէսեան բարձր գնահատեց քուէյթաբնակ Կիրակոս Գույումճեանի ստորագրած գրութիւնները լիբանանեան ու առհասարակ արաբական մամուլին մէջ, ինչպէս` «Նահար», «Հայաթ», «Շարք Աուսաթ», «Քապաս» (քուէյթեան), «Ուաթան» եւ այլն: Ապա ան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց հեղինակ Կիրակոս Գույումճեանն ու անոր գիրքերու խորագիրները: Ապա ան հերթաբար բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսները:

Նախ խօսք առաւ դոկտ. Պարոյր Աղպաշեան, որ ներկայացուց Կիրակոս Գույումճեանի զոյգ գիրքերն ու անոնց թարգմանութիւնները` «Կայաններ ու դիրքորոշումներ» եւ` «100 տարի ցեղասպանութենէն վերականգնում»: «Ըլլալով գործարար մը, ան նոյնքա՛ն ժրաջանութեամբ ստորագրած է յօդուածներ», ընդգծեց Աղպաշեան` նշելով, որ այդ յօդուածներու ամբողջութիւնը լոյս տեսած է զոյգ հատորներու մէջ: «Ան խորապէս զգացած է մեր ազգային գերխնդիրները աւելի իրապաշտ ձեւով օտար հանրային կարծիքին ներկայացնելու անխուսափելի հրամայականը», շեշտեց Աղպաշեան` դրուատելով Գույումճեանի գրական ոճն ու վերլուծական մօտեցումը:

«Պատահական չէ, որ հայ եւ ոչ հայ մտաւորականներ անդրադարձած են Գույումճեանի գրութիւններու կարեւորութեան», դիտել տուաւ Աղպաշեան` թուելով այդ անձնաւորութիւններէն կարգ մը անուններ: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ նշեալ գիրքերուն եւ անոնց թարգմանութեանց ընդգրկած յօդուածներն ու անոնց կարեւորութիւնը: Պ. Աղպաշեան տասը կէտերու մէջ ընդգծեց Գույումճեանի գրութեանց հիմնական երեսները:

Ապա խօսք առաւ «Նահար» թերթի անձնակազմէն` Ժոզեֆ Պասիլ, որ արաբերէնով ներկայացուց Կիրակոս Գույումճեանի զոյգ գիրքերը` արաբ մտաւորականի դիտանկիւնէն: Ան կեդրոնացաւ յատկապէս «100 տարի, ցեղասպանութենէն վերականգնում» գիրքի արաբերէն օրինակին բովանդակութեան, կարեւորութեամբ շեշտելով Գույումճեանի մօտեցումը այս մասին: Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ, Պասիլ իր ակնածանքն ու զօրակցութիւնը արտայայտեց հայոց պահանջատիրական ոգիին նկատմամբ: Պատմական ակնարկով ան վերյիշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան մէջ մեղսակից են թուրքերն ու իսրայէլացիները` նշելով, թէ ինչպէս իսրայէլացիք խոստացած են հատուցել սուլթան Ապտել Համիտի իշխանութեան մեծագումար պարտքերը, փոխարէնը ստանալ Համիտի զօրակցութիւնը Իսրայէլի պետութեան հռչակման: Սակայն սուլթան Համիտ մերժելով հանդերձ նշեալ առաջարկը, գործակցած է Թէոտոր Հերցոլի սիոնական կազմակերպութեան հետ պատժելու հայերը եւ բարելաւելու Թուրքիոյ վարկը յաչս աշխարհին: Հանգամանք մը, որ ընդվզեցուցած է նշեալ կազմակերպութեան անդամ եւ հայոց բարեկամ Պերնառ Ապարը, որ հրաժարած է սիոնական կազմակերպութենէն եւ հրապարակած է բաց նամակ մը բուռն կերպով քննադատելով Հերցոլը: Պասիլ յատուկ ակնածանքով դրուատեց արաբական երկիրներ ապաստանած ու այդ տեղերու քաղաքացիութիւնը ընդունած հայերու հաւատարիմ, օրինապահ կեցուածքը, որ չարգիլեր անոր ազգային պատկանելիութեան յանձնառութիւնը: «Հարիւր տարի անցաւ ու տակաւին կրնայ հարիւր տարի եւս անցնիլ սակայն վախ չկայ, որովհետեւ հայկական հարցի ջահը կը բոցավառի Արարատի գագաթին», շեշտեց Պասիլ` հարց տալով, թէ «եթէ մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութիւնը իրենց հողին վրայ ցեղասպանութիւն չէ, ապա ի՞նչ  է ուրեմն ցեղասպանութիւնը»:

Իր կարգին խօսք առաւ նաեւ հեղինակ Կիրակոս Գույումճեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին համար ու  յատկապէս անոր իրագործման նպաստողներուն:

«Երբեք չեմ զղջացած թիրախ ընտրելով արաական մամուլը եւ կը փորձեմ ու յաջողեցայ կամուրջ կառուցել հայ-արաբական բարեկամութեան մէջ»: Ան անհրաժեշտ նկատեց տպագիր խօսքի կողքին աշխուժ ներկայութիւն ըլլալ նաեւ ընկերային համացանցի եւ դիմատետրի վրայ` ջրելու ազերիական խեղաթիւրումները եւ օտար հանրային կարծիքին ներկայանալ իրապաշտ ոճով:

Ապա Գույումճեան մէջբերումներ կատարեց իր գրութիւններէն, հայերէն եւ արաբերէն ընթերցումներու իր բառերով` նախաճաշակներ հրամցնելով ներկաներուն:

Ապա ան ներկաներուն մակագրեց իր գիրքերէն օրինակներ:

Նախորդը

Գրող, Հրապարակագիր Գէորգ Պետիկեան Իր Յիսնամեայ Վաստակին Համար Պարգեւատրուեցաւ «Մայրենիի Դեսպան» Շքանշանով

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Պիտի Մասնակցի 2017 Թուականին Նիւ Եորքի Մէջ Հայ Մշակոյթի Նուիրուած Միջազգային Ցուցահանդէսին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.