Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարին` 2015-ը, անվիճելիօրէն մեր պատմութեան պիտի անցնի իբրեւ մեր Դատին կենսագործման նոր ներուժ տրամադրող հանգրուան, իսկ այս տարուան ապրիլ 24-ի օրերը` մեր ժամանակակից պայքարին մէկ բարձրակէտը:
Ողջ հայութիւնը մասնակից եղաւ ու կը մնայ քաղաքական, քարոզչական, դիւանագիտական եւ դեռ` մարդկօրէն կարելի բոլոր ոլորտներուն մէջ ձեռք բերուած արդիւնքներուն եւ անոնց ներշնչած հպարտանքին, որ բոլորիս կու տայ բան մը յաջողցուցած ըլլալու համոզումը, նաեւ` ինքնավստահութիւն, որ մեր երթին նոյն թափով շարունակումը մեզ պիտի առաջնորդէ նոր նուաճումներու:
Շատ դիւրին է ստեղծուած գօտեպնդող մթնոլորտին մէջ տարուիլ զգացականութեամբ, սակայն պիտի ըլլանք իրատես ու իրապաշտ, որպէսզի արդար գնահատումը կատարենք մեր կատարածին, չգերագնահատենք եղածը, ոչ ալ վերադառնանք ստորագնահատումի` «մեր ըրածը ի՞նչ էր որ»-ի հոգեբանութեան:
Հիմա, երբ 2015-ի ապրիլ 24-ը արդէն մեր ետին է, եւ ազգովին թեւակոխած ենք 101-ամեակը, լիարժէք իրապաշտութեամբ պիտի նայինք դէպի մեր դիմաց երկարող ուղիին:
Առաջին ու ամէնէն կարեւոր բանը, որ պիտի ընենք, (թերեւս աւելորդ անգամ ըլլալով, կամ մենք մեզի յիշեցնելու կարգով արձանագրենք), յստակօրէն ՊԻՏԻ ՍԱՀՄԱՆԵՆՔ ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ եւ համալրենք անոնց հասնելու միտող ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹՒԻՆԸ` իր մարտավարական ու ռազմավարական բոլոր երեսներով: Անոր մշակման մասնակից պիտի ըլլան մեր կեանքի բոլոր միաւորները` պետութիւն (իր բանակով, տնտեսական կարողութիւններով ու դիւանագիտական բանակով), կուսակցութիւններ, եկեղեցի-յարանուանութիւններ, մէկ խօսքով` ազգի ուժը մարմնաւորող բոլոր միաւորները:
Մեր նպատակները յստակ են եւ սակարկութեան նիւթ չեն. մանաւանդ հայուն մտածողութենէն պէտք է վանել սակարկութեան կամ նահանջի ամենայետին նշոյլն անգամ: Կարճ խօսքով, մեր նպատակն է վերականգնել Ցեղասպանութեան ու բռնագաղթին պատճառով մեր ունեցած ազգային բոլոր կորուստները, անոնք, որոնց կարելի է վերատիրանալ, այսինքն` վերադարձ հայապատկան բոլոր հողերուն, ստանալ նիւթական հատուցում` մեր մարդկային ու նիւթական կորուստներուն համար: Մեր նահատակները կորսուած են անհետ, զանոնք չենք կրնար վերստին կեանքի բերել, սակայն հող, դարաւոր ժառանգութիւններ եւ պատահած աղէտին հետեւանքներուն դարմանումին համապատասխանող նիւթական հատուցումը հիմնական պահանջ է:
Այս բոլորը կը պահանջենք ու պիտի շարունակենք պահանջել ցեղասպանէն` Թուրքիոյ պետութենէն, զայն ի վերջոյ ծունկի պիտի բերենք մեր պահանջներուն առջեւ, որպէսզի այնուհետեւ բացուին բարի դրացիութեան ու պատմական սխալներու սրբագրումի հորիզոնը: Թուրքիոյ պետութիւնն է մեր թիրախը. այլ ժողովուրդներ կամ պետութիւններ մեղսակից կամ գործակից եղած են Թուրքիոյ կազմակերպած եւ գործադրած Ցեղասպանութեան. սա փաստուած իրականութիւն է, նոր ծալքեր ալ կը բացուին ու կրնան բացուիլ տակաւին, սակայն Թուրքիոյ պետութիւնը` Օսմանեան կայսրութեան ու իթթիհատական խունթային ժառանգորդ հանրապետական Թուրքիան կը մնայ ժառանգորդը պատմական սխալին, հետեւաբար պարտաւորութիւնը ունի սրբագրելու զայն: Գերմանիոյ նման նախկին ու այժմու դաշնակիցի մը վերջին հաստատումը երկար մեկնաբանութիւններու չի կարօտիր, իսկ Թուրքիոյ մէջ բարձրացող ձայներուն աստիճանական հզօրացումը այլապէս նպաստաւոր ալիք պիտի ստեղծէ:
Մեր պահանջած հողերն ու հատուցումներու ընդհանուր պատկերը յստակ են. սկսելու համար` Սեւրի դաշնագիրին եւ Ուիլսընեան վճիռին գործադրութիւնը, պատմական Հայաստանի այս հողերուն վրայ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ վերահաստատումը: Երթը պիտի շարունակուի հայկական Կիլիկիոյ դատով, նաեւ` հայապատկան այլ հողերու Հայաստանին վերակցումով, մէկ խօսքով, ամբողջական Հայաստանի մարմնաւորումով:
Մեր ակնարկութիւնը աղուոր երազներու մասին չէ, այլ արդար հատուցման հարցին մասին է խօսքը: Այն ոճով, որ մեզի ապահովեց Հայաստանի անկախ հանրապետութեան վերականգնումը եւ Արցախի ազատագրումը…
***
Վերջին տարիներուն, մանաւանդ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տխրահռչակ փրոթոգոլներու էջին բացումէն ետք, նա՛եւ 100-ամեակի հանգրուանին, հայկական շրջանակներու մէջ բարձրացան մեր հողերը սակարկութեան դնելու իմաստով կարծիքներ: Հայկական բոլոր հողերուն վերադարձը` իրաւատիրոջ, որակուեցաւ «չափազանցեալ պահանջատիրութիւն», կամ` անիրականանալի երազ: Ձայներ բարձրացան, որ` «եթէ Թուրքիա կատարէ խորհրդանշական զիջումներ, օրինակ, վերադարձնէ Արարատը, Անիի շրջանը կամ նման պատառիկներ, պէտք է բաւարարուինք եւ փակենք պահանջատիրութեան էջը»: Նման մտածում կը մատնէ առ նուազն տգիտութիւն` մեր պատմութեան եւ մեր պահանջերուն արդարացիութեան նկատմամբ: Եթէ Թուրքիոյ կողմէ նման հատուցում պիտի ըլլայ մնացեալներուն զիջումի նախաքայլը, շա՛տ բարի, այլապէս, անիկա պիտի ըլլայ այլափոխումը մեր իրաւատիրութեան:
Կ՛արժէ մտածել հետեւեալ ձեւով. իր վրայ դրուած ճնշումին տակ հետզհետէ դէպի շնչահեղձութիւն գացող Թուրքիան, եթէ ունենայ այն վստահութիւնը, որ հայութիւնը կրնայ նման մանր զիջումներով ընդունիլ պահանջատիրութեան էջին փակումը, վաղն իսկ, քիչ մը նազ ընելով` կ՛ընդունի Անիի սահմանակից գօտիէն կամ Ալաշկերտէն մանր զիջումներ կատարելու ընտրանքը, կը յայտարարէ, թէ կը խոստովանի Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, անոր մէջ իր պատասխանատուութիւնը, եւ… էջը կը փակէ:
Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածին կամ համայնքային-եկեղեցական այլ կալուածներու պահանջին իրականացումը պիտի նկատենք առաջին քայլը` հայկական հողերուն վրայ հայկական գերիշխանութեան վերականգնումին: Սիսի կաթողիկոսարանի դատին քայլը, ճիշդ է, նոր հորիզոններ կը բանայ մեր իրաւատիրութեան հետապնդման մէջ` հարցը փոխադրելով նա՛եւ իրաւական դաշտ, սակայն այս քայլը մեր ընդհանուր պատկերացումին մէջ պէտք է զետեղենք, չմոռնանք հայկական Կիլիկիոյ մեզի պատկանելու փաստը, զայն հայկական տիրապետութեան տակ դնելու պահանջը: Այս իմաստով ալ, Սիսի կաթողիկսութեան կալուածներու պահանջը պէտք է վերածենք հայապատկան այս հողերուն պահանջատիրութեան առաջին քայլին: Սա անշուշտ որ վաղը իրագործուելիք ծրագիր չէ, սակայն երբ կը խօսինք պահանջատիրութեան ու իրաւատիրութեան ազգային ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ծրագիրի ու քաղաքականութեան մասին, Կիլիկիոյ մասին մեր պահանջը այժմէն իսկ պէտք է մաս կազմէ ընդհանուր պատկերին: Սա ո՛չ պահանջի սահմանազանցութիւն է, ոչ ալ` երազատեսութիւն, այլ` արդարութիւնը ամբողջականօրէն կիրարկուած տեսնելու համոզումի արտայայտութիւն: Արդեօք Արցախը այսօր մեզի վերադարձած պիտի ըլլա՞ր, եթէ 30-40 կամ աւելի տարիներ առաջ մեր մտածողութեան մէջ քանդակուած չըլլար, որ Արցախը մեզմէ խլուած է, անոր վերադարձն ալ երեւակայածին երազի մը իրականացումը չեղաւ: Անշուշտ Արցախն ու Կիլիկիան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանը իրարու բաղդատելի գոյութիւններ չեն, սակայն բոլորն ալ մասնիկներն են մեր ամբողջական պահանջատիրութեան:
***
Մեր իրաւունքներուն, բոլո՛ր իրաւունքներուն վերատիրացման ազգային համապարփակ քաղաքականութիւնը, անոր հիմ ծառայող ծրագիրը չի սահմանափակուիր միայն դրացի երկիրներու կողմէ մեզմէ խլուած հողերուն վերադարձով ու անոնց վրայ հայկական գերիշխանութեան վերահաստատումով: Ակնարկեցինք արդէն կորուստներուն դիմաց փոխ հատուցման պահանջին: Աւելցնենք նաեւ քանի մը հիմնական կէտ:
Մեր տեսլականին մէջ նկատառելի հարց է, թէ ինչպիսի՞ իրաւավիճակ պիտի ստեղծուի այդ հողերուն վրայ, նկատի ունենալով, որ մեզմէ խլուած հողերուն մեծ մասին վրայ շօշափելի հայ բնակչութիւնը չկայ, հետեւաբար վերաբնակեցումը, որքան ալ որ հեռու կամ երազային թուի այսօր, անպայման որ մեր «ճամբու քարտէս»-ին մէկ երեսը պիտի ըլլայ: Նմանապէս` այդ հողերուն այժմու բնակիչներուն մասնակցութիւնը` գոյութիւն առնելիք պետական դրութեան (դաշնակցային կամ մինչեւ իսկ նորահնար դրութիւն մը, որ պիտի բխի վախճանական լուծման տարազէն): Փաստօրէն, եթէ Միացեալ Նահանգներու, Զուիցերիոյ, Պելճիքայի, մինչեւ անգամ Ռուսիոյ, Չինաստանի կամ նման մեծ ու փոքր երկիրներու բնակիչ ժողովուրդներու միջեւ բաժնեկցական գործող պատկերը արդիւնք է ընդհանրապէս ԲՆԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ մէջ զարգացած մարդագրական իրողութեանց, Հայաստանի ու հայութեան պարագան չի կրնար բաղդատուիլ անոնց հետ, որովհետեւ հայ զանգուածներ բռնի կերպով հեռացուած եւ բնաջնջուած են, հետեւաբար քաղաքական գիտութեանց մասնագէտներուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ տարազել նոր դրոյթ մը, որ ո՛չ միայն նկատի առնէ այժմու բնակիչներուն ներկայութիւնն ու ներգրաւումը` պետական նոր վարչական դրութեան մէջ, այլ նաեւ ապահովէ հայութեան վերադարձն ու բնական աճը` այդ հողերուն վրայ:
Այս կէտը անքակտելի կերպով առնչակից է մեր Դատի այն երեսին, որ հայութեան այսօրուան հայրենիքը բաւարար չէ իր բոլոր զաւակներուն բնական աճին ու բոլոր մարզերուն մէջ բնական զարգացումին, միանգամընդմիշտ պէտք է վերջ տալ շրջափակուած Հայաստանի մը տեսութեան եւ ապահովել ծովային ելքեր, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ Սեւ ծովուն, իսկ երկրորդը` Միջերկրականի վրայ: Գիտենք, որ այսօր կը դիմագրաւենք բաւական լուրջ հարցեր, որոնք, ըստ երեւոյթին, չեն նպաստեր նման առաջադրանքի մը հիմնաւորման: Հայաստանը բնակիչ կը կորսնցնէ, Արցախի վերաբնակեցումը չունի այն ընթացքը, որ բաւարարէր մեր ազգային տեսլականները: Սակայն չմոռնանք, որ կը մնանք պատանդը չյայտարարուած պատերազմի, զինուորական ու տնտեսական իրողական շրջափակումի, մինչդեռ մեր «երեւակայած» լուծումը, առաջին քայլէն մինչեւ վերջինը, պիտի հիմնուի տարազի մը վրայ, որ պիտի ապահովէ շրջանի երկիրներուն խաղաղ գոյակցութիւնը, եւ այդ, ո՛չ միայն յայտարարութիւններով, այլ` փաստացի կիրարկումով, պատերազմական ու թշնամական տրամադրութիւններու չէզոքացումով:
Եւ իսկապէս, եթէ այսօրուան աշխարհի տրամաբանութեամբ, արդար լուծումի մը, վրայ խաղաղ գոյակցութիւն ապահովուի Թուրքիա-Հայաստան-Վրաստան-Ազրպէյճան գօտիին մէջ, բան մը, որ շրջանի ժողովուրդներուն ձգտումը եղած է միշտ ալ, այնուհետեւ խնդրոյ առարկայ հողերուն հայկական գերիշխանութեան տակ ըլլալը կը դադրի կենաց-մահու հարց ըլլալէ, այլ կը ստեղծուի վիճակ, որ պիտի ըլլայ մէկ տարբերակը, օրինակի համար` Եւրոպայի Միութեան անդամներուն միջեւ ներդաշնակ գործակցութեան: Եւրոպական երկիրները լուծա՞ծ են իրենց բոլոր տարակարծութիւնները: Բնականաբար ո՛չ: Կարելի՞ է երեւակայել տարակարծութիւններէ զերծ, իւթոփիք կամ էլ-տորատոյական համակարգ, նմանապէս ո՛չ. սակայն կարելի է եւ պէ՛տք է հասնիլ մէկզմէկ բնաջնջելու, քարտէսէն դուրս նետելու տրամաբանութեան վերջ տուող վիճակի: Եւ այս տեսլականը, անոր «շուկայացումը» մեր յառաջիկայ բանակցութեանց ու դիւանագիտական-քաղաքական աշխատանքներուն մէջ նոր հորիզոն պիտի բանայ մեր Դատին բոլոր ծառայողներուն դիմաց:
***
Քիչ առաջ ակնարկեցինք իրողութեան մը, որ ցաւալի մէկ երեսն է մեր ներազգային տագնապին. Հայաստանի բնակչութեան արտահոսքն ու Արցախի վերաբնակեցման արագացումը:
Այս ցաւին արմատները ծանօթ են բոլորիս, պէտք չունինք երկար-բարակ կրկնելու այն ախտաճանաչումներն ու քննարկում-քննադատութիւնները, որոնք կ՛ուղղուին մեր հայրենիքն ու անոր ժողովուրդը այս անբաղձալի (կը նախընտրենք այս մեղմ բառը) վիճակին մատնողներուն, անոնք ըլլան պետական մարդիկ, տնտեսական-շուկաներու աշխարհի շահամոլներ թէ քաղաքական տարբեր միաւորներու մէջ գործող անհատներ: Չենք ուզեր նաեւ կանգ առնել նման վիճակի համար չքմեղանքներ փնտռողներու «տեսութիւններուն» առջեւ, իբրեւ թէ այսօրուան աշխարհը, մեծ ու փոքր երկիրները զերծ չեն մաֆիաներու դրութիւններէ, թէ` բոլոր երկիրներուն մէջ ալ կան չարաշահող անհատներ, խմբակներ ու բացայայտ կամ քողարկուած ընկերութիւններ, որոնք կը մսխեն ու կ՛իւրացնեն երկրին ու ժողովուրդին կարողականութիւնները: Եկէ՛ք` պահ մը անկեղծ ըլլանք մենք մեզի հետ. ինչո՞ւ պէտք է ընդունինք, որ եթէ շատ տեղ այդպէս է, մեր հայրենիքն ալ պէտք է այդպէս ըլլայ: Նոյն տրամաբանութեան հետեւողութեամբ չէ՞, որ կը հանդուրժենք խոտոր եւ անբնական շատ բան` սկսելով չնաշխարհիկ աղանդաւորներու սանձարձակ գործունէութենէն, անցնելով քաղաքաշինութեան նորաձեւութիւններէ, երգի կամ արուեստի այլ մարզերու մէջ այլանդակութեանց կապկումէն (այս թակարդին մէջ է, օրինակ, պատկերասփիւռ կոչուած այլապէս հրաշալի գործիքը), հասնելու համար շուկայական տնտեսութեան ամէնէն վատ կիրարկումներուն…
Վերջերս, Հայաստանէն պատկերասփռուող վաւերագրական բնոյթով հաղորդումի մը պահուն, պատմաբան մը ըրաւ հետեւեալ ճիշդ մատնանշումը. եթէ Հայաստան ունենար բնական աճ, տէրը ըլլար պատմականօրէն իրեն պատկանող հողերուն, հայութեան թիւը պիտի հասնէր 40 միլիոնի:
Եւ, իսկապէս, եթէ հայութիւնը իր պետական ու մարդագրական ներկայութիւնը վերականգնէ իր պատմական բոլոր հողերուն վրայ, դրացիներուն հետ ստեղծուին խաղաղ գոյակցութեան պայմաններ, ի՞նչ բան կ՛արգիլէ, որ մեր ժողովուրդն ալ ապրի բնական աճ, ունենայ իր փոքր սփիւռքը եւ աւելի՛ ներգործօն ներկայութիւն ըլլայ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ:
***
Ահա այսպիսի հեռանկարներով ու հաշիւներով է, որ պիտի նայինք յետհարիւրամեակի հորիզոններուն` մշակելով կարճ ժամանակի մէջ իրագործելի ու հեռահաս ծրագիրներ, սակայն` ոչ այնքան հեռահաս, որ մեր Դատը լուծումի սպասէ… 100 տարի եւս:
Դիւրին հանգրուաններու սեմին չենք. մեր շահած փորձառութիւնն ու ձեռքերումները, ճիշդ է, մեծապէս պիտի նպաստեն մեր բազմաճիւղ գործին յառաջ մղումին, սակայն, ինչպէս ըսինք սկիզբը, պիտի չտարուինք երազներով ու զգացումներով, այլ` իրական աշխարհի թելադրած եւ նոյինքն մեր իրագործումներուն վրայ խարսխուած գործելակերպերով: Ցնորք, զգացականութեան ծնունդ ու երազատեսութիւն պիտի չնկատենք նաեւ ա՛յս սիւնակներուն մէջ առաջադրուած ծրագիրները: Այլապէս Հայաստանն ու Արցախը այսօր երազ մնացած կ՛ըլլային…
Միջազգային ճանաչումի լիացման համար ճամբայ ունինք կտրելիք:
Հայաստանի զինուորական, տնտեսական ու մանաւանդ մարդուժի հզօրացման ճամբան եւս փշոտ է, սակայն անկարելի բաներու մասին չէ խօսքը:
Գորդեան հանգոյցներ ալ ունինք մեր դիմաց. օրինակի համար, Սուրիոյ տագնապին աղէտալի զարգացումներն ու շրջանի մեր գաղութներուն հրատապ հարցերը, միջինարեւելեան այլ երկիրներու նպաստաւոր ու աննպաստ վիճակներէն բխող կացութիւններ ու լուծելի-հետապնդելի հարցեր:
Ազգային համապարփակ ու բազմակողմանի ծրագիրներուն, մանաւանդ` մեր հողերուն վերատիրացման գործընթացին մէջ, յատուկ քննարկման առարկայ պիտի ըլլան այսօրուան Թուրքիոյ այն շրջանները, ուր կ՛ապրին կրօնափոխ դարձած հայերը, որոնց մէջ հետզհետէ կը վերականգնի ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը: Տակաւին, յատուկ քննարկման նիւթ պիտի ըլլայ մեր հողերը անցեալին ու ապագային բաժնեկցող այլ ազգութիւններու հետ գոյակցութեան հաւասարակշռուած տարազի մը որոնումը: Այս ու նմանօրինակ հարցերու ցարդ մօտեցած ենք սիրողականի ու զգացական տրամաբանութեամբ:
Սփիւռքի մէջ հայապահպանումի հրամայականը պիտի դիմագրաւենք այս տարի ստեղծուած ուժականութեան ալիքին օգտագործումով:
Նոյնինքն Միջին Արեւելքի վիճակը մեզ դրած է իւրայատուկ մարտահրաւէրի մը դիմաց. շրջանի ժողովուրդներուն եւ աշխարհին հիմաց, պէտք է վար առնենք Թուրքիոյ ոճրածին ուղեղին սադրանքները, ցոյց տանք, որ սուլթանական եւ իթթիհատական Թուրքիոյ այսօրուան ժառանգորդները չեն դադրած իրենց դաւադիր երազներէն, ուղղակի եւ անուղղակի հեղինակներն են իսլամութեան հետ կապ չունեցող ծայրայեղականներու եւ կրօնամոլներու ոճիրներուն, որոնք աշխարհին կը հրամցուի «Իսլամական պետութեան» դիմակով, եւ որուն դէմ մարտնչումին իբր թէ մասնակից է Թուրքիա, ինչպէս կ՛ընեն նաեւ զայն քաջալերող ու անոր հետ «տակից» գործակցող արեւմտեան ուժերը: Թուրքիոյ դիմակազերծումը հաւանաբար ի վերջոյ նպաստ բերէ… քաղաքակիրթ աշխարհին անոր մօտեցման:
***
… Ինչպէս խորհրդային տարիներուն, այնպէս ալ այսօր Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ ինքզինք կաշկանդուած զգալ միջազգային օրէնքներու ու դաշնագիրներու «օրինական կապանքներ»-ով: Մեր ժողովուրդը, սակայն, ըստ էութեան, նման կապանքներու տուրք տալու պարտաւոր չէ, որովհետեւ մեր նպատակները` մեր հողերուն վերատիրացումը, կորուստներուն դիմաց արդար եւ անմնացորդ հատուցումները, Հայաստանի ներքին ու արտաքին իրավիճակին բարելաւումն ու ամրակայումը իրաւունք կու տան մեր ժողովուրդին` արհամարհելու մասնակի շահերէ բխող կապանքները, հետամուտ ըլլալ իսկական արդարութեան, մեր անվիճելի իրաւունքներուն կենսագործման եւ խաղաղ գոյակցութեան տարազի մը հետամտութեան:
Այս բոլորը, կրկնենք, դիւրին չեն, այսօր կրնան թուիլ նաեւ անկարելի ու անյաղթահարելի: Սակայն եթէ վստահ ենք, թէ մեր պահանջները արդար են, թէ` մե՛ր հողն ու մեր ունեցած կորուստներուն հատուցումն է, որ կը պահանջենք, ու ճամբայ չենք ելլեր ուրիշը իրաւազրկելու կամ ցեղասպանութիւնը ցեղասպանական արարքներով փոխադարձելու տրամաբանութեամբ, այդ պարագային, մեր երթին համար անհրաժեշտ վառելանիւթը ապահովե՛լն ալ մաս պիտի կազմէ մեր ազգային համապարփակ ծրագիրին:
Եւ մեր միտքի ու բազուկի ուժերը պիտի ըլլան մեզ առաջնորդողները, իսկ մեր նոր նշանաբանը պիտի ըլլայ` «ՊԻՏԻ ՏԻՐԱՆԱՄ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՍ»: