Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորներ` Էսթեպլիշմընթի Նոր Տիտղոսը

May 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ

i-kaghia

Կեդրոնականցի Արմենակին սէրերը հասցէ ունին: Անոնցմէ մէկն է հայ դպրոցը: Հայ դպրոցի կարեւոր եւ անկարեւոր ձեռնարկներուն ներկայ կ՛ըլլայ, զօրավիգ կ՛ըլլայ: Երկրաշարժը այնքան չի ցնցեր զինք, որքան փակուող հայ դպրոցը:

Հայ դպրոցը միշտ կարիքներ ունի: Կ՛իմանանք հանգանակութեան, պարահանդէսի, ճաշկերոյթի, երգչախումբի ելոյթի եւ այլ ձեռնարկներու մասին: Լաւ է: Երբ մարդիկ ուղղակի դրամ չեն տար հայ դպրոցին, ճաշելով` կարելի է անոնցմէ դրամ առնել:

Արմենակին ալ ճաշկերոյթի տոմսակ ծախած են, մեզի համար ալ գնած է: Շաբաթ երեկոյ Էլպիսը, Մակարուհին, Արմենակ եւ ես ճշդուած ժամուն սրահ մտանք: Սրահին խորը տեղ մը առաջնորդեցին մեզ: Պատուոյ սեղան մը դրուած էր: Կը դիտէինք: Պատուոյ սեղանի կոչնականները հասարակ ազգայինի պէս ճիշդ ժամուն չեն գար: Եթէ ճիշդ ժամուն գան, իրենց փքուած եսերուն ցուցադրութիւնը ինչպէ՞ս կրնան ընել անտէր աթոռներու առջեւ:

Սպասեցինք:

– Մակա՛ր, դուն շատ մարդ կը ճանչնաս, ըսէ՛ ինծի, թէ ո՞վ է այսօրուան հովանաւորը, բանաստե՞ղծ է, գրո՞ղ, գիտնակա՞ն, արուեստագէ՞տ, ազգային հերո՞ս, ես իր անուան չեմ հանդիպած:

– Ես ալ չեմ ճանչնար, լսած եմ, որ հիւանդ է, քու գիտցած հիւանդներէդ չէ, կը տառապի ժողովախտէ, երեւելի ըլլալու ճանապարհը հոնկէ կ՛անցնի: Ծագումով հայու տեսակ է, կը սիրէ ճառ խօսիլ, բայց` ոչ հայերէն: Անոնցմէ է, որոնք հայերէնը կը համարեն աղքատ եւ աղքատ ազգականի լեզու, բայց երբեմն որպէս համեմ հայերէն բառեր կ՛ըսեն` շնորհ ընելով:

Խօսեցանք հարիւրամեակի մասին, արդէն հարիւրյիսունամեակի մասին մտածողներ կան:

Անսպասելիօրէն պատուոյ սեղանի թեկնածուները միասնաբար հասան, սկաուտական խումբի պէս: Նուագախումբի փողութմբուկի աղմուկին մէջ ճաշի սպասարկութիւնը սկսաւ: Բաժակները լեցուեցան: Նուագախումբը լռեց: Օտար հիւրերը իրենց լեզուով աւանդական հաճոյակատարութիւնը ըրին, ներկաները հրաւիրելով, որ զիրենք չմոռնան քուէատուփին առջեւ: Հարիւր տարիէ ի վեր` հիւրընկալ երկիրներու մէջ կրկնուող բեմադրութիւն:

Ճաշերուն հետ ճառերը քայլ կը պահէին:

– Մակա՛ր, այդ ճառերը մարսողութեան կը նպաստե՞ն:

– Ի՞նչ կ՛ըսես: Եթէ այդ շնորհը ունենային, սեղաններուն վրայ կազով ջուր կը դնէ՞ին,- ըսի իմ կարգիս:

Վերջապէս, ինչպէս որ պատշաճ է, հրաւիրեցին հովանաւորը իր պատգամը տալու արդէն կուշտ եւ քիչ մըն ալ տաքցած գլուխով ներկաներուն:

Երբ հովանաւորը վիզը առջեւ տնկած` իր առաջին բառերը ըսաւ, Արմենակ անհանգստացաւ:

– Վա՛յ քեզ, աշխա՛րհ,- ըսաւ,- հայ դպրոցի մասին օտար հիւրերը մէկ բառ հայերէն չխօսեցան, լսեցինք, հիմա հայը կը խօսի հայ դպրոցի մասին, այնպէս` ինչպէս օտարներ խօսեցան: Ի՜նչ խօսուն օրինակ` աշակերտներուն: Տե՛ս, դպրոցի մասին հովանաւորն ալ հայերէն բառ չ՛ըսեր, ինչպէս օտարները, տարբեր բուրդ կը մանէ:

Հովանաւորը նոյն ոգիով կը շարունակէր եւ հայերը բերանաբաց կը լսէին: Ան յանկարծ բղաւեց` ճառը աւարտելու համար. «Կեցցէ՛ հայ դպրոցը, կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ Ղարաբաղը», եւ կուշտեր յոտնկայս ծափերով պատասխանեցին հովանաւորին:

Արմենակ եւս ոտքի ելաւ, մեզի ալ ըսաւ. «Երթանք, բաւարար է որքան լսեցինք եւ փաստեցինք, որ ծագումով հայ ենք` հաճոյք պատճառելով մեր հիւրընկալ հիւրերուն: Չըսին, թէ հայ դպրոցն էր նպատակ, թէ ան միջոց չէր…»:

Պատուոյ սեղանին շուրջ կը շարունակէին ձեռք սեղմել… Հայերէնի հոգեհանգի՞ստ էր:

ի Գաղիա, 20 մայիս 2015

Նախորդը

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը Եւ Անկէ Անդին. 2015-ի Իրագործումներուն Յենարանները – Բ.

Յաջորդը

Վատիկանն Ու Հալէպը (Հասկնալիօրէն` Նաեւ Թուրքիան)

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.