Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծրագրուած Արտագաղթը

Յունիս 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Այսպէս կրնանք սահմանել սուրիահայութեան ճակատագիրը: Այսօր Լիբանան եւ Հայաստան ապաստանած սուրիահայ գաղթականները սպասման վիճակի մէջ են:

Կան շատ քիչ համեմատութեամբ ընտանիքներ, որոնք Լիբանան կամ Հայաստան հաստատուելու որոշում տուած են:

Փաստօրէն, մանաւանդ Լիբանան հասնողներուն մեծամասնութիւնը Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն «ձայնի» մը կը սպասէ, որպէսզի արտագաղթի իր ուղղութիւնը գիտնայ:

Այս անզօր կացութեան դիմաց բոլոր ճիգերը տեղ մը միայն ապահովութիւն եւ կայունութիւն կու տան, սակայն երբեք` յարատեւութիւն:

Մարտ 2011-էն սկսեալ սուրիահայութիւնը կազմակերպուած, ծրագրուած գաղթի ենթարկուեցաւ եւ կ՛ենթարկուի, սակայն, Սուրիոյ բոլոր քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու նման, յստակ քաղաքականութիւն մը չորդեգրուեցաւ եւ չ՛որդեգրուիր անոր վերաբերող:

Հոգեւոր պետերու, քաղաքական ուժերու, պետական լծակներու կանգուն ու հաստատ մնալու կոչերը խօսքի սահմանէն անդին չեն անցնիր:

Բնականաբար երկար ժամանակի վրայ հոգեբանական, տնտեսական եւ ընկերային մաշումը իր ժխտական եւ քանդիչ դերը ունի:

Վիճակագրական վերջին տուեալներով, Սուրիոյ պատերազմի զոհերուն թիւը անցաւ 200,000-ը: Համեմատութիւնները չենք գիտեր, սակայն մեծ մասամբ ալաուի եւ սիւննի են, շատ փոքր մասը քրիստոեայ է, իսկ հայ զոհերու թիւը կը հասնի հարիւրի:

Գալիք ամիսները կամ տարիները անորոշ են: Սակայն յուսադրիչը եւ փայփայուելիքը այն է, որ պէտք է անպայման պահենք այն ինչ որ ունինք, որովհետեւ խաղաղութեան պարագային տակաւին Սուրիան կը մնայ սփիւռքի զօրաւոր գաղութներէն մէկը` բնականօրէն հայ մեծնալու եւ հայօրէն ապրելու իբրեւ ջինջ միջավայր:

Ծրագրուած արտագաղթը բացայայտ է: Վերջերս ընտանիք մը դիմած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան գաղթականներու գրասենեակ, հոն պաշտօնեան քանի մը երկիրներ գաղթելու առաջարկ ներկայացուցած է: Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ Լիբանան գաղթած մէկ-երկու հարիւր հազար սուրիացիներուն ոչ մէկ մեծապետական օժանդակութիւն կը տրուի` բացի արտագաղթի ծրագրուած քաղաքականութենէն:

Այս կացութեան դէմ յանդիման երկու յստակ ընելիքներ ունինք: Ունեցածը, կամ մնացածը պահել եւ գուրգուրալ անոր: Անիկա ո՛չ թէ առիթներով, ո՛չ ալ աղօթքներով, այլ` գործնական կերպով, նիւթական եւ միայն նիւթական լուրջ օժանդակութիւններով:

Սուրիոյ հայութիւնը գովաբանական եւ զօրակցութեան խօսքի կարիք չունի, այլ նիւթական շատ դժուար կեցութեան մէջ է: Ոչ մէկ գաղութ բաւարարուած թող զգայ սուրիահայութեան իր բերած նպաստով: Ամէն օր, ամէն ամիս պէտք է օժանդակութիւն հասցնել պատերազմական ամէնէն ծանր պայմաններուն տակ գոյատեւող մեր հայրենակիցներուն: Հայաստանի պետութիւնն ալ պէտք է աւելի յստակ եւ գործնական ըլլայ: Ո՞ւր մնաց «Նոր Հալէպ»-ի ծրագիրը: Սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք է մնայուն եւ շարունակական շարժի մէջ ըլլայ, մանաւանդ` իր գաղութային այցելութիւններուն ընթացքին:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք, բոլոր օրակարգերու կողքին, մենք ունինք սուրիահայութեան օրակարգը, որ անյետաձգելի է եւ ճգնաժամային:

Երկրորդ. սուրիահայութեան ընդունող գաղութները, Լիբանանն ալ ներառեալ, պէտք է աւելի հոգատար ըլլան եւ գիտնան սուրիահայ մարդուժի կարողութիւնը, որպէսզի եկողները մասնակից դառնան ազգային, մշակութային, կրթական, կրօնական, մարզական եւ այլ ոլորտի գործունէութիւններուն: Բոլոր գաղութներն ալ մարդուժի պէտք ունին: Հիմա որ մարդուժ ունինք, պէտք է ճիշդ վարչական տնօրինումները ընենք: Փաստօրէն այս երկու նախաձեռնութիւնները քիչ մը մեր հոգերը կը թեթեւցնեն:

Բոլո՛րս պէտք է գիտակցինք ճգնաժամային իրավիճակին:

 

 

Նախորդը

«Նիւ Եորք Թայմզ» Թերթին Մէջ Ռապպի Շմուլին Եւ Հարիւրամեակի Յանձնաժողովը Օպաման Ներկայացուցին Որպէս «Ստախօս»

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը Եւ Անկէ Անդին – (Գ.) Մեր Բոլոր Հողերը` Անսակարկելի Նպատակ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?