Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Աստուծոյ Սիրած Զաւակը

Յունիս 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ. 

Խմբագրատունէն ներս մտաւ հեւ ի հեւ ու ինքզինք թողուց բազկաթոռին մէջ:

Օֆ,- հանեց բերնէն,- յոգնեցայ: Սադուխը շատ եկած էր իրեն:

– Ինչո՞ւ աճապարեցիր.- ըսի,- երանի՜ թէ աւելի դանդաղ ելլէիր:

– Աճապարանքի հարց չէ,- պատասխանեց,- ծերանալու հարց է: Ծերացանք:

Խնդացի: Ինձմէ առնուազն հինգ տարեկան պզտիկ ըլլալու էր: Եւ ասիկա կարծես ինծի իրաւունք կու տար մտածելու, որ գոնէ իմ քով ան իրաւունք չունէր ծերութենէ գանգատելու: Բայց եւ այնպէս գանգատեցաւ:

– Փորձանք է այս ծերութիւնը,- ըսաւ: Տեսար չէ՞, մինչեւ որ սա սանդուխը ելայ, մեռայ: Միայն այս չէ: Փողոցը քալելն իսկ խնդիր եղած է: Ա՛լ խօսքը չեմ ըներ այն տասնեակ մը դեղերուն, զոր կուլ կու տամ ամէն օր: Խայտառակ բան է: Իսկապէս խայտառակ բան է: Ծերանալու չէ:

Հաճելի չէր, բայց ստիպուեցայ յիշեցնել կեանքի ամէնէն պարզ ու ճշմարիտ օրէնքը:

– Այո՛, բայց չծերանալու մէկ միջոց կայ միայն եւ այդ ալ բնաւ նախընտրելի չէ: Եկո՛ւր, եղբա՛յր, փառք տուր, որ կրցար ծերանալ: Ի՜նչ բարեկամներ կորսնցուցինք յիսուն տարեկան, վաթսուն տարեկան: Անոնք չծերանցան: Բայց պիտի չուզէի՞ն ծերանալ:

Անկեղծ խօսք, ես ալ յաճախ կը կրկնէի, որ ծերացանք այլեւս, բայց ատկէ չէի գանգատեր: Անշուշտ որ մարդ իր երիտասարդական տարիներուն այս բոլորին մասին չի մտածեր, բայց երբ կը մօտենայ ծերութեան հանգրուանին, պէտք է մտածէ, թէ ծերանալը ճակատագիր է, ծերանալ անխուսափելի է, մարդ ժամանակը չի կրնար կեցնել, մարդ չի կրնար արգելք ըլլալ այն քայքայումին, այն մաշումին, որուն ամէն օր կ՛ենթարկուի իր մարմինը, բայց ծերանալը ամէնուն տրուած ճակատագիր չէ: Այդ ճակատագիրը բազմաթիւ անձերէ կը զլացուի:

Երբեմն լեզուս կարծես կը սայթաքի ու ես ինծի կ՛ըսեմ.

– Կ՛երեւի, թէ անոնք, որոնք կը հասնին խոր ծերութեան, Աստուծոյ սիրած զաւակներն են:

Անմիջապէս կը զղջամ այս մտածումիս համար, ես զիս կ՛ամօթեմ, որովհետեւ կը մտածեմ, որ այսպէս մտածելը անիրաւութիւն է բոլոր անոնց նկատմամբ. որոնք յարաբերաբար կանխահաս մահ ունեցան, կանուխէն հրաժեշտ առին մեզմէ: Ի՞նչ իրաւունք ունիմ մտածելու, որ կանուխ մահացած հազարումէկ սիրելի մարդիկ Աստուծոյ սիրած զաւակները չէին: Աստուած ինչո՞ւ պիտի չսիրէր զանոնք, քանի որ անոնք ալ բարի մարդիկ էին, ազնիւ էին, մարդասէր էին, անոնք ալ ունէին իրենց աղուոր ընտանիքը, անոնք ալ Աստուծոյ կը հաւատային, կեանքը կը սիրէին, եկեղեցի կ՛երթային: Չէ՛: Աստուած զանոնք ալ կը սիրէր անտարակոյս: Մնաց որ, ամէն անգամ որ կանխահաս մահ մը կը պատահի, մեր շրթներուն վրայ ունինք ապուշ նախադասութիւն մը, որով կը կարծենք, թէ կրնանք մխիթարել կանուխ մահացած մէկու մը կինը, կամ ամուսինը, կամ զաւակը: «Աստուած իր սիրածները շուտ կը կանչէ իր մօտ», կ՛ըսենք: Եթէ ոչ ապուշ, գոնէ անմիտ նախադասութիւն մըն է այս որ բացի տրամաբանական չըլլալէ` է հակակրօնական, հակաբարոյական, քանի որ այդ նախադասութիւնը մեր մտածումներուն մէջ կը ձեւաւորէ անիրաւ Աստուած մը, անխիղճ Աստուած մը, որ իր սիրածին ձեռքէն կ՛առնէ անոր ամենաթանկագին գանձը, կեանքը:

Այո՛, լեզուս անմիջապէս ինքզինք կը զսպէ երբ կը տարուիմ մտածելու, որ Աստուած ծերութիւն կը պարգեւէ իր սիրած զաւակներուն: Աստուած մարդիկը ծերացնելու հարցին մէջ ուրիշ չափանիշներ ունի կ՛երեւի, ասիկա իր զաւակը սիրելու կամ չսիրելու հարց չէ: Ես պէտք է մտածեմ, որ Աստուած կը սիրէ ու պէտք է սիրէ իր ստեղծած բոլոր արարածները, բարի կամ չար, ազնիւ կամ անազնիւ, որովհետեւ խորքին մէջ դարձեալ Աստուածն է, որ այդ մարդը ստեղծած է չար կամ բարի: Աշխարհ գալու ընթացքին ոչ մէկը մարդուն կը հարցնէ. «Բարի՞ ըլլալ կ՛ուզես, թէ՞ չար»: Մարդը արդէն այս երկուքէն մէկն է կամ միւսը, որովհետեւ այդպէս կը ստեղծուի: Հինէն ի վեր մտածած եմ արդէն, թէ հեգնանք է, կեանքի ողբերգական անիրաւութիւններէն մէկն է չար մարդը պատասխանատու նկատել իր չարութեան: Այո՛, ատելով կ՛ատեմ չար մարդը, հարիւր տոկոս կը պնդեմ, որ չար մարդը անպայման պէտք է պատժուի իր չարութեան համար, չարութիւնը մարդոց կեանքին ու առողջութեան սպառնացող ամէնէն վտանգաւոր հիւանդութիւններէն մէկը կը նկատեմ, բայց նաեւ կը հարցնեմ. «Այս մարդը ի՞նքն էր, որ ընտրեց չար ըլլալը»: Ո՛չ: Ինք չընտրեց: Որքան ալ կարծենք, թէ Աստուած մեզ ստեղծած է ու անկէ վերջ ազատ թողած է մեր ընտրութիւնները ընելու մէջ, ատիկա առասպել մըն է: Ազատ չենք: Ընտրութիւն կ՛ընենք անշուշտ, բայց կրնա՞նք վստահ ըլլալ, թէ ատիկա ազատ ընտրութիւն է: Մեզի պարտադրուած ուժի մը ազդեցութեան տակ չէ՞, որ կ՛ընենք մեր ընտրութիւնները` կարծելով, որ մեր յօժար կամքը կը գործածենք: Չար մարդը թերեւս գանգատ չունի չար ստեղծուած ըլլալէն: Բայց թերեւս ալ շատ պիտի ուզէր աշխարհ եկած ըլլալ որպէս բարի մարդ: Յետոյ մե՞նք: Մենք ի՞նչ կ՛ընենք: Մենք զմեզ բարիներո՞ւ դասակարգին մէջ կը դասենք, թէ՞ չարերու:

Բարեկամս, որ ինքզինք թողուց բազկաթոռին մէջ ու սկսաւ գանգատիլ ծերութենէն եւ յոգնութենէն, բնաւ չէր կրնար պատկերացնել, թէ մէկ վայրկեանի մէջ ինչե՜ր մտածել տուաւ ինծի: Բայց մէկ վայրկեան վերջ ան արդէն մոռցած էր իր յոգնութիւնը ու սկսաւ խօսիլ հազարումէկ նիւթերու մասին:

 

 

Նախորդը

Առ Յայտնութիւնն Գարնանային

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»
Անդրադարձ

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

Մարտ 25, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

Մարտ 25, 2023
Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ
Անդրադարձ

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In