Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

Յունիս 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեսակէտ յայտնելու եւ քննադատութեան իրաւունքը յարգելու սկզբունքէն մեկնած` տեղ կու տանք տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի նամականիին: Այս պարագային բանավէճ ստեղծելու միտումէն հեռու, արծարծուած կէտերուն առաջինին համար, սակայն, կ՛ուզենք յայտնել, որ հրաման բառը զինուորական բառամթերքին մէջ կ՛օգտագործուի ոչ անպայման անմիջապէս պարտադիր իրագործելի որոշում հասկացողութեամբ: Յստակ է, որ արաբերէնէ թարգմանուած է լուրը եւ արաբերէնը այս պարագային «Ամրըլ եոմն» է, որ այլ թարգմանութեան տեղ չունի:

«Ա.»

Մեծայա՛րգ տնօրէնութիւն «Ազդակ»-ի,

Թերթիդ  23-5-2015-ի  թիւին մէջ կը կարդանք`

Առաջին էջ` «Զօրավար Քահուաժի օրուան ՀՐԱՄԱՆԻՆ մէջ հաստատեց Լիբանանի բոլոր  հողերը ազատագրելու յանձնառութիւնը»:

Զօրավարին կատարածը կամ տուածը ՀՐԱՄԱՆ  մը չէր իր զինակիցներուն, այլապէս լիբանանեան բանակը հիմա պէտք էր ճակատ մեկնած ըլլար ու պատերազմէր հարաւի ու արեւելքի զոյգ թշնամիներուն դէմ` «ազատագրելու համար բոլոր հողերը»: Քահուաժի պարզապէս յղած է ՊԱՏԳԱՄ մը: Ասոնք. տարբեր բաներ են: Հրամանը, մանաւանդ զօրավարի մը հրամանը, նուիրական է ու  անմիջականօրէն գործադրելի բնոյթ ունի, մինչ պատգամը… կ’ակնարկէ ցանկալի եղելութեան մը, որ կրնայ սպասել: Ուրեմն ըսենք` «Զօրավար Քահուաժի օրուան ՊԱՏԳԱՄԻՆ մէջ  հաստատեց…» եւ այլն:

  • Առաջին էջ` «Ասորական ջոկատները… փախուստի ՄՂԵՑԻՆ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները»:

ՄՂԵԼ բայը կը կիրարկուի հոն, ուր մղուող անձը կը խրատուի, կը սիրաշահուի, հետզհետէ կը համոզուի, կը գործակցի եւ ի վերջոյ իր յօժար կամքով քայլ մը կ՛առնէ. օրինակ` զոհողութեան մղել, հաշտութեան մղել, գործակցութեան, խնայողութեան մղել եւ այլն: Այդպիսին չէ փախուստը. փախուստը յօժարութեամբ առնուած քայլ մը չէ, այլ` հարկադիր, ստիպողական, խուճապային: Առ այս կ՛ըսենք` փախուստի ՄԱՏՆԵԼ եւ ո՛չ թէ ՄՂԵԼ: Ուրեմն ըսենք` «Ասորական ջոկատները փախուստի ՄԱՏՆԵՑԻՆ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները» եւ այլն:

  • Երկրորդ էջ` «Հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ՄԱՂԹԵՑ, որ առեւանգուած բանակայիններուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն բացայայտուի»:

Զօրավարին կատարածը ՄԱՂԹԱՆՔ մը չէ.  վասնզի զօրավար մը չի գոհանար եւ չի զիջանիր   մաղթանք ընելով: Անոր ըրածը ԹԵԼԱԴՐԱՆՔ մըն է, որ պարզապէս քողարկուած կամ լռելեայն իմացուող  հրահանգ մըն է` ուղղուած լրատու աղբիւրներուն, որ աւելի-պակաս յայտարարութիւններ չընեն:

Մաղթանքը... ուրիշ բան է. օրինակ`  երբ արեւմտահայ հէգ ընթերցողներս, թերթի մը հերթական  թիւը կարդալէ ետք, ճարահատ ու խոնարհաբար կը դիմենք Երկնաւոր հօր եւ կը թախանձենք, որ հրաշք մը գործէ եւ արեւմտահայ թերթերու լեզուն քիչ մը հայերէնի նմանող բանի մը վերածէ, ահա այդ մէկը կ՛ըլլայ ՄԱՂԹԱ՛ՆՔ:

  • Ութերորդ էջ` «Տիկին Սոֆիա Յակոբեան 90,000 տոլար (ստորակէտով) կը նուիրէ հայկական  ծերանոցի մը կառուցման»:

Կոպիտ սխալ մը կայ այստեղ. տիկինին  նուիրածը միայն այդքան չէ՛, ՀԱԶԱՐ  անգամ աւելի է: Ան նուիրած է ` 90.000 տոլար (միջակէտով):

90,000 եւ 90.000 շատ տարբեր բաներ են… տարրական հայերէն գիտցողին համար:

90,000 կը նշանակէ պարզապէս ԻՆՆՍՈՒՆ կամ ԻՆԻՍՈՒՆ…  ստորակէտէն անդին եկող զերօները ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն հայերէնի մէջ: Իսկ 90.000 կը նշանակէ  ԻՆՆՍՈՒՆ ՀԱԶԱՐ, եւ  տիկինին նուիրածը այս վերջինն է: Հապա՞:

Ազնուագոյն  ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐՈՎ`
 ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Յ. Գ.

Անցած օր քաղաքական էջիդ, մի՛շտ այս նոյն էջին, խմբագիրը գրած էր. «ՏԱՀԵՇ ողջ ողջ թաղած է երեք քաղաքացիներ…»: Իսկ ներքին էջին մէջ ալ կար տեսակ տեսակ:

Ողջ ողջ եւ տեսակ տեսակ, այսպէս` առանց միութեան գծիկի գրելը, ուղղագրական թերացումէ աւելի է:

ՏԱՀԵՇ-ը մէկ անգամ թաղած ըլլալ կը թուի իր զոհերը, հապա ի՞նչ թող ընէ մինուճար արեւմտահայերէնը, որ  մեր թերթերուն մէջ  տարին տասներկու ամիս շարունակ եւ ամէն օ՛ր  ողջ-ողջ կը թաղուի:

Ի ժամու  եւ տարաժամու կը յանկերգէք` «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք»:

Ի՞նբ բան… եւ ի՞նչ ընելու համար…

Գալով ձեր արեւմտահայ ընթերցողներուն` անոնք ափսոսանքով կը յիշեն, որ անցեալին «արեւմտահայերէն» կոչուած ինչ-որ պայծառ լեզու մը կար, որ արեւմտահայ մամուլը ողջ-ողջ թաղեց: Ահա այդ բարբառին վերադա՛րձն, է որ ունայն յոյսով կը պահանջեն անոնք` ո՛չ Էրտողանէն, ո՛չ Տաւութօղլուէն, այլ ձեզմէ`  արեւմտահայ  խմբագիրներէդ ու լրագրողներէդ:

Նոյն

Նախորդը

Յուշատետր. Աստուծոյ Սիրած Զաւակը

Յաջորդը

Արմէնին Պատմութիւնը (Հայրենիքէ Հայրենիք)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?