
Հանդիսաւոր եւ ցնծուն տրամադրութիւն կը տիրէր Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճին մէջ. մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն էր, որ տեղի կ՛ունենար 6 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի թեմի բարեջան առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ տիկին Միրէյ Խանամիրեանի: Փոքրիկներու ներկայութիւնը բեմին վրայ ոչ միայն բերկրանք էր բոլորին, այլեւ` յուսալի եւ ամուր ապագայ մը ունենալու զգացողութիւն:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք մանկապարտէզի երեք կարգերու փոքրիկները եռագոյներ պարզած` կայտառ եւ աշխուժ հայկական պարի կատարումով մը բացումը կատարեցին հանդէսին: Գեղարուեստական յայտագիրի ամբողջ ընթացքին շրջանաւարտները ելոյթ ունեցան եւ ներկայացուցին տարբեր տօներ եւ յիշատակելի օրեր, ինչպէս` Լիբանանի անկախութեան տօնը, Կաղանդը, Վարդանանցը, Բարեկենդանը, Ս. Յարութեան տօնը, Հայաստանի անկախութիւնը, յայտնելով իւրաքանչիւրի խորհուրդն ու պատգամը ներկաներուն: Փոքրիկները դողդոջ ձայներով խոստացան սիրել ու գուրգուրալ Լիբանան հայրենիքին: Անոնք պատգամեցին, որ Կաղանդը ոչ միայն նուէր ստանալու օր ըլլայ, այլ` սիրելու եւ ուրախացնելու առիթ: Իսկ իբրեւ քաջն Վարդանի թոռներ, անոնք ըսին, թէ պիտի շարունակեն քալել Վարդանի ուղիով, պահել հաւատքն ու սիրել ազգը: Ներկայացումներու ընթացքին Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու աշակերտները արաբական եւ եւրոպական պարերով հանդէս եկան ու մեծապէս շէնցուցին մթնոլորտը: Հայկական գեղեցիկ պար մը նոյնպէս ներկայացուցին Ա. կարգի աշակերտները: Ապա մոմերով ու ծաղիկներով բոլոր փոքրիկները խորհրդաւոր ու հանդարտ քայլերով լեցուցին բեմը: Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին բեմի վրայ տեղադրուած Ծիծեռնակաբերդի պատկերին դիմաց եւ յայտնեցին, թէ իրենք ալ իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն Եղեռնի սուրբ նահատակներուն եւ կը կոչուին 100-ամեակի սերունդ: Անոնք խոստացան պատմել հայերէն, գրել ու կարդալ հայերէն:
Մեծապէս ոգեւորեցին «Մենք քիչ ենք» երգի եւ անոր յաջորդող փակման հայկական պարի կատարումները: Մանկական ժպտուն դէմքերն ու լաւագոյնը ընելու անմեղ ճիգը ոչ միայն խանդավառեցին, այլեւ հպարտութեամբ համակեցին բոլորը:
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին մանկապարտիզպանուհի Լիզա Բրինձեան-Պէլեան հրաւիրեց քոլեճի տնօրէն Նելլի Վեքիլեանը, որ իր խօսքը փոխանցէ: Նելլի Վեքիլեան ըսաւ, թէ տարի մը եւս աւելցած է Ս. Խանամիրեան քոլեճի կրթական կեանքին վրայ, տարի մը եւս` այն ամրոցին, որ տասնամեակներ շարունակ մեծ դեր կատարած է ի սպաս հայ աշակերտներու կրթութեան: Ան նշեց, որ սերունդներու հայեցի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւն ջամբելու վեհ առաքելութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, եւ անոր իրագործման առաջին դերակատարները կը հանդիսանան ծնողները, որոնք իրենց զաւակները ուսուցանելու, որպէս հայ կրթուելու եւ ապա կեանքի ասպարէզ նետուելու ազնիւ գործը կը վստահին քոլեճին:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, Ազգային իշխանութիւններուն, վարժարանի խնամակալութեան, ծնողաց յանձնախումբին, խանամիրեանական միութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կը կանգնին վարժարանին: Նելլի Վեքիլեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Միրէյ Խանամիրեանին, որ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ քոլեճին գոյատեւումը եւ զարգացումը ապահովելու, եւ վերջապէս ուսուցիչներուն, որոնք իրենց աշխատանքով կ՛ազնուացնեն աշակերտներուն հոգիները եւ կը պահեն Ս. Խանամիրեան քոլեճի ընտանիքը առողջ ու կրթուած:
Խօսքի աւարտին փոքրիկ շրջանաւարտները յաղթական մտան սրահ ու ինքնավստահ բարձրացան բեմ ու իրենց տեղը գրաւեցին. իսկոյն Նելլի Վեքիլեան խօսքը ուղղելով անոնց` բարի գալուստ մաղթեց նախակրթարան, ապա բեմ հրաւիրեց բարերար Միրէյ Խանամիրեանը, Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանը եւ մանկապարտիզպանուհի Լիզա Բրինձեան-Պէլեանը, որպէսզի յանձնեն վկայականները:
Վկայականներ ստացան` Ապաճեան Լէա, Գասապեան Սենտի, Հարմանտիկեան Մարի-Թերեզ, Ճիկըլեան Յարութիւն, Մարտիրոս Վիգէն, Մարտիրոսեան Քարլօ, Միշէլ Մայա, Մխճեան Ճէյսըն, Չերքեզեան Ալեքս, Սէյրատարեան Վարուժան, Օքճեան Վերժինիա:
Հանդիսութեան աւարտին Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան շնորհաւորեց ծնողները եւ բոլոր ներկաները, փայլուն ապագայ մաղթեց փոքրիկ շրջանաւարտներուն եւ ապա «Պահպանիչ»-ով փակումը կատարեց:


