Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միասնական Հարիւրամեակ Եւ «Ազդակ Ալ Արապի»

Յունիս 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ

6-22-15_AZTAG-Miatsial«Ապրիլ 24-ը օրն է անարդարութեան եւ իրաւազրկման դէմ պայքարի, օրն է իրաւունքի եւ հատուցման պահանջի»:

Հարիւրամեակի առթիւ սա կոչն էր հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միացեալ մարմինին. հոնկէ ծնունդ պիտի առնէր պատմական նախաձեռնութիւն մը` Լիբանանի մէջ հրատարակուող հայկական օրաթերթերու ապրիլ 24-ի առիթով լոյս ընծայուած միացեալ թիւը:

«100-ամեակէն անմիջապէս ետք» խմբագրականին մէջ միասնական շունչով երեք խմբագիրները կը հաստատեն.

«Շուրջ չորս տարիէ ի վեր կը գործէ գաղութի յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներէ բաղկացած կեդրոնական մարմին, որ յաջողած է շրջել կարեւոր կարծրատիպեր եւ փաստել, որ համայնքի ներկայացուցչական համակարգը ոչ միայն ապրիլ 24-է, ապրիլ 24 կը հաւաքուի, ապա կը ցրուի, այլ մնայուն հետեւողականութեամբ եւ իրեն կից գործող նոյնքան ներկայացուցչական տարբեր ոլորտներու յանձնախումբերով կը կազմակերպէ քննարկումներ, ցուցահանդէսներ, համերգներ եւ պահանջատիրական բնոյթի ձեռնարկներ»:

Արդարեւ, կարծրատիպեր շրջող խմբակ մը լաւատեսութիւն ու յոյս կը թելադրէ, իսկ ուրբաթ, 24 ապրիլ 2015-ին լոյս տեսած հարիւրամեակի նուիրուած այս թիւը, «Յիշենք ու պահանջենք»-ը ամրագրող իր յօդուածներով, ինքնին խրախուսող «Ազդակ»-ն է, «Զարթօնք»-ն ու «Արարատ»-ը:

Թիւի առաջին էջին վրայ նահատակներու սրբադասման մասին պատկերազարդ յօդուածն է, պատմական արարողութիւն, որ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ 1700 տարիներու ընթացքին հռչակուած 700 սուրբերու սահմանափակ թիւին վրայ կ՛աւելնային ծանրակշիռ մէկ ու կէս միլիոն սուրբ անուանուելու արժանի մեր նահատակները:

Ապա` «Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը յայտարարեց մինչեւ վերջ պայքարիլ հայութեան իրաւունքներու վերատիրացման վճռականութեամբ» յօդուածը: Զոյգ այս յօդուածները ներկայացնող լուսանկարները տեղ գտած են սոյն թիւի 12-րդ էջին վրայ: Նոյն էջին վրայ տեղ գտած է նաեւ «Սիսթըմ աֆ է տաուն»-ը («Արթնցուցէ՛ք հոգիները») երեւանեան համերգով Թուրքիայէն պահանջեց չժխտել բացայայտը` պատմութիւնը» յօդուածը, հարիւրամեակի հանդիսութիւններու ծիրին մէջ ամերիկահայ խումբին մասնակցութեամբ կայացած համերգի մասին է:

Երկրորդ էջին վրայ ընդարձակ տեղ կը գրաւէ «Հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու փորձին մեր պատասխանը պետականութեան կառուցումն ու մեր վերածնունդն է» յօդուածը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի բացման ելոյթը` միջազգային համաժողովի ընթացքին` «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան» վերնագիրով: Նաեւ` նախագահ Բակօ Սահակեանի «Մեր ազգի յիշողութեան մէջ 1915-ի վէրքերը չեն սպիանար» գրութիւնը:

Երրորդ էջին վրայ կը կարդանք «25 ապրիլ 2015-ին` պայքարի նոր դաշտ» Յակոբ Բագրատունիի խօսքը` մեր ապագայ պատրաստուածութեան, կանխատեսումներու, ծրագիրներու, դիմադրողականութեան ամրացման մասին պայքարի նոր դաշտ առաջադրելու հրաւէրը:

Սեպուհ Գալփաքեանի «Պատմական արդարութիւնը վերականգնելու հրամայականը» կոչ կ՛ուղղէ արդար հատուցման, մեր համազգային պահանջատիրութեան, աւելի հզօր հայրենիքի, անկախ Արցախի եւ համայն հայութեան դարաւոր, նուիրական նպատակներու իրականացման ի խնդիր:

Յակոբ Գասարճեան «100-ամեակի մեր կարեւորագոյն ռազմավարութիւնը` միասնականութիւն» յօդուածով անցեալը վերլուծելով ապագան ծրագրելու առողջ ռազմավարութեան ու միասնականութեան հրամայականը կը խթանէ:

Չորրորդ էջին վրայ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի ուղերձն է` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին կապակցութեամբ:

Նաեւ Ս. Մահսէրէճեանի «Ցեղասպան թուրքը պարտուեցաւ 1965-ին, մեր յաղթական երթը նաեւ 100-ամեակէն անդին» պատմական յիշողութեամբ` «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերու Ցեղասպանութեան 50-ամեակի առիթով տարած ճշմարտութեան յաղթանակին մասին յօդուածն է, ուր կը ներկայացնէ Լիբանանի արդարադատութեան իշխանութեանց ողջախոհ կեցուածքը` ընդդէմ թրքական մեղադրանքներուն, իսկ հարիւրամեակի առիթով յուշը կը զօդուի պահանջատիրութեան միասնական կոչին:

Հինգերորդ էջին վրայ «Միշտ միասնականութեամբ առաջադրուելու հրամայականին անսալով» վերնագրին տակ Ժաք Յ. Յակոբեան կը կարեւորէ երեք գլխաւոր օղակներ` հայկական պետականութեան ամրապնդումը, Արցախի Հանրապետութեան հզօրացումը եւ սփիւռքի վերակազմակերպումը:

Յակոբ Քէօշկէրեան «Նոր սերունդը պատրաստ է դիմակալելու մարտահրաւէրները» պատմական հակիրճ ակնարկով կը շեշտէ մարդկային արդարութեան իրագործումը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դասագիրքերու մէջ այդ մասին ուսուցումը:

Վեցերորդ էջին վրայ տեղ գտած Վահրամ Էմմիեան «Մերժողականութիւն եւ Թուրքիոյ օրինակը» յօդուածով կը դատապարտէ թրքական մերժողականութիւնը` հաստատելով, որ ճանաչումը դարմանումն է խուսափողական անբուժելի ախտին: Շիրազ Ճէրէճեանի «Ժըպրանի ցաւն ու այսօրուան ուղղութիւնը» շահեկան յօդուածով կը ներկայացուի լիբանանցի մեծանուն փիլիսոփայ, արուեստագէտ, բանաստեղծ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի ձեռագիրով գրուած Մեծ եղեռնի արհաւիրքը բացայայտող նամակ մը` յղուած Միացեալ Նահանգներ ապրող Մէյրի Հեսքըլին:

Եօթներորդ էջին վրայ Աւետիս Ռազմիկի «Մեր ճիչը զի՛լ է, զի՛լ է» յօդուածն է, պատմական ժամանակահատուածներու 1915, 1945, 1965, 1973-1983, 1988-1994 եւ վերջապէս 2015 թուականներուն լսուած ՎՐԷԺ-ի ճիչին մասին ամէնուրեք: Իսկ Ժենի Գրիգորեան-Բարսեղեան «Մասիսի լանջին պիտի պարե՞նք» յօդուածով անմիջական անկեղծութեամբ կը դրուատէ միասնականութիւնը եւ կ՛առաջարկէ ժամանակաւոր միասնականութենէն անցնիլ գործնական, խորքային միասնականութեան:

Ութերորդ էջին վրայ Նորա Բարսեղեանի «Բոցակէզ պատկեր… բոցավառ պատգամ…» գեղարուեստական պատկերով ներկայացուած Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիր կառոյցի թելադրանքով գրուած յօդուածն է, բոցավառ կրակ, ընդվզում, յուզմունք եւ մթնոլորտին առնչուած յուշ` տէրզօրեան դաժան, անասելի օրերէն:

Իններորդ էջին վրայ Էտուարտ Ա. Գրիգորեանի «Թռիչք… Ամենակուլ անդունդի վրայէն» յօդուածը, քաղաքական, վերլուծական ակնարկ է: Նաեւ Սեդա Քիրիշեանի «Եկէք` ճանչնանք մեր դատը» յօդուածը` ճանաչման, միասնութեան ու պահանջատիրութեան կոչ:

Տասներորդ էջին վրայ Հրայր Տաղլեանի «Ազգ, որուն հասցէն անծանօթ է բախտին»-ը կը պատմէ հայ ժողովուրդի սեւ ճակատագիրին մասին եւ Եզեկիէլի մարգարէութիւնը մեկնաբանելով` խորհրդանշանական եզրեր կը գտնէ:

Հարկ է նշել, որ հարիւրամեակի առիթով լոյս տեսած այս թիւը իւրայատուկ յօդուածներով միասնականութիւն ու պահանջատիրութիւն կը բուրէ:

Վարձքը կատար բոլորին, յատկապէս` միասնական խմբագրութեան:

Բարի երթ` յիշելու ու պահանջելու անխախտ վճռականութեամբ:

***

6-22-15_AZTAG-Special-ARABIC«Ազդակ»-ի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած հրապարակումներուն մէջ յատկանշական է «Ազդակ ալ արապի» արաբերէն թերթը: Շնորհակալ այս աշխատանքը հայ եւ յատկապէ՛ս արաբ ընթերցողին կը հրամցնէ մեծամասնութեամբ արաբ պատմաբան, լրագրող մտաւորականներու մտածումները, վերլուծումներն ու տպաւորութիւնները:

Առաջին էջին վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին 29 յունուար 2015-ին Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիրին մէջ արտասանած համահայկական հռչակագիրն է: Նաեւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին խօսքը` «Միասնաբար կը պահանջենք Թուրքիայէն ընդունիլ, ներողութիւն խնդրել, հատուցել եւ գրաւուած հողերը վերադարձնել»:

Երկրորդ էջին վրայ Ժաք Ժոզեֆ Օսի (սուրիացի գրող, Դամասկոս լոյս տեսնող Համայնավար կուսակցութեան «Նուր» թերթի խմբագիր) «Նոր օսմանցիներու քաղաքականութեան հաստատողական հիմքերը» յօդուածով կը ներկայացնէ թրքական ծագումի մասին գորշ գայլերու առասպելը:

Նոյն էջին վրայ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշանաբան անմոռուկ ծաղիկի բացատրականն է:

Երրորդ էջը կը ներկայացնէ եգիպտացի պատմաբան, համալսարանի դասախօս, «Արիք» թերթի խմբագիր, դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամի յօդուածը` «1878-1933 Հայկական հարցը արաբական յիշողութեան մէջ. ճշմարիտ ցոլացում եւ հաւասարակշռուած տեսիլք»:

«Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով արաբերէն հրատարակութիւններ» վերնագիրին տակ կը ներկայացուին Սամիր Արպաշի «2015 Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը»-ը, դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեանի «Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վկաներ»-ը, դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ 100 արաբական վկայութիւններ»-ը եւ գրող Նաժի Նոմանի «Հարիւր… Եւ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի» հատորը: Այնուհետեւ դոկտ. Սալեհ Զահր Էտտինի «Լիբանանեան վկայութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան մասին» գիրքը, Կիրակոս Գոյումճեանի «100 տարի ստրկութենէն տիրութիւն»-ը եւ Սարգիս Թորոսեանի «Տարտանէլէն Պաղեստին» հատորը:

Չորրորդ էջին վրայ եգիպտացի լրագրող Մոհամետ Մանտուրի «Գահիրէի գիտական հաւաքածոյի հրկիզման դրդապատճառն էր հայկական փաստաթուղթերու անհետացումը»-ն է, ինչպէս նաեւ դոկտ. Ապտուլ Ուահապ Խազիալի եւ Իաս Խըտըրի (Իրաքի Գրական համալսարանի դասախօսներ, անդամներ` Իրաքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման յանձնախումբին) միասնական յօդուածը «Հարիւր տարի Հայոց ցեղասպանութեան. մշակութային համագործակցութիւն ու մարդկային պահանջ» խորագրով:

Վեցերորդ էջին վրայ եգիպտական «Վիթօ» թերթի խմբագիր Իսամ Քամելի «Եգիպտացի լրագրողի` Հայոց ցեղասպանութեան մասին խոստովանութիւնները» յօդուածն է, նոյն էջին վրայ լիբանանեան համալսարանի պատմութեան եւ թրքերէն լեզուի դասախօս դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին «Բարոյական արժէքներու նահատակներ» յօդուածին մէջ կը շեշտէ հայ ազգի դիմացկուն, գովելի նկարագիրը, կը դատապարտէ Թուրքիոյ ուրացումի քաղաքականութիւնը` եզրակացնելով, որ տուն, ունեցուածք յափշտակելը հնարաւոր է, սակայն յիշողութիւնը կարելի չէ մոռացութեան մատնել: Այնուհետեւ եգիպտացի գրող դոկտ. Ռիֆաթ Սալամի «Էրտողան ինչո՞ւ կը մերժէ ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութիւնը» եւ Հուսէյն Իպըն Ալիի «Արաբական պաշտօնական փաստաթուղթեր… կ՛ընդունին եւ կը դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը» յօդուածներն են:

Եօթներորդ էջին վրայ սուրիացի նշանաւոր հրապարակագիր, բեմագիր Հասան Մ. Եուսեֆի «Հայոց ցեղասպանութիւնը ոճիր է, որ անժամանցելի Է»` ոճիրն ու պատմութիւնը գեղարուեստական պատկերացումով հրամցուած յօդուածն է: Նաեւ եգիպտացի գրող, լրագրող Ալաէտտին Զահերի «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը… Պատմութեան ընդմէջէն Էրտողանն ու իր նախնիները հալածող ամօթ» յօդուածը: Նաեւ եգիպտացի գրող Արտալլա Տրղամի «Դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամի հայերը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծանօթացնող գրքոյկները Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով» գրութիւնը:

Ութերորդ էջին վրայ հայաստանաբնակ իրաքահայ գրող Արա Սարգիսեանի «Հայոց ցեղասպանութեան մասին քննարկում Դիմատետրով»-ը, նաեւ Լեւոն Զաքիի յօդուածը` «Հալէպահայեր… Նոր գաղթ եւ յամառօրէն հողին կառչելու որոշում»:

Իններորդ էջին վրայ քիւրտ արմատներով նորվեկաբնակ սուրիացի գրող, լրագրող Մասուտ Ըքքօ կը գրէ` «Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին Թուրքիան տակաւին կը մերժէ խոստովանիլ»:

Նաեւ Հայ-սուրիական գործարար խորհուրդի գրասենեակի հաղորդագրութիւնն է` «Սուրիան Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունելու ճանապարհին» խորագիրով: Այնուհետեւ Մովսէս Հերկելեանի արխիւէն մեծ փիլիսոփայ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի վկայութիւնը` «Հարազատներս մահացան» տպաւորիչ բանաստեղծութիւնը:

Տասներորդ էջին յօդուածներն են` իրաքցի գրող, ակադեմիկոս Սաըտ Սալլումի «Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, պահանջատիրական համաշխարհային դաշնութիւն»-ը եւ թրքական ու քրտական հարցեր ուսումնասիրող Խուրշիտ Տլիի «Հայոց ցեղասպանութիւն… բաց վէրք եւ պատասխանատուութիւնը սահմանելու անհրաժեշտութիւն»-ը:

Տասնմէկերորդ էջին վրայ թունուզցի գրող, քաղաքական վերլուծաբան Ամին Իպն Սըուտի «Հայաստանը, արաբները եւ նոր օսմանցիները», ապա յորդանանցի գրող, ուսումնասիրող Եասեր Խասաուընէի «Ալ Ֆինիք» եւ արաբ գրող, ակադեմիկոս դոկտ. Խալետ Հրուպի «Հայոց ցեղասպանութիւն: «Թամար»-ի սիրահարութենէն Թուրքիա… եւ «Այլոց ցաւերը»» յօդուածներն են:

Բոլոր յօդուածագիրները Թուրքիան կը հրաւիրեն ճանչնալու իր գործած ահաւոր ցեղասպանութիւնը, առերեսուելու պատմութեան տխուր դէպքերուն հետ, մաքրելու անցեալի վէրքերը, ապրելու հանգիստ խղճով, շեշտելով մանաւանդ, թէ լոկ ճանաչմա՛մբ կարելի է կանխել նման անմարդկային արարքներու կրկնութիւնը:

Մեծամասնութեամբ արաբական աշխարհի լուսամիտ գրողներու հայեցողութիւնը ցոլացնող որակաւոր յօդուածները, հոգիի ու մտքի բաւարարութիւն յուշելէն անդին, այլոց մօտեցումն են ի նպաստ մեր հարցին ու պահանջատիրութեան: Թող որ հայավայել ու միասնական ոգիով լիցքաւորուած շարունակենք մեր պայքարը` միշտ յոյսով եւ վճռականութեամբ: Վարձքը կատար խմբագիրին եւ յօդուածագիրներուն` այս շահաւէտ աշխատանքին համար:

 

 

Նախորդը

Նոր Մարտահրաւէրներ

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Երկու Զոհ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?