Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արմէն» Ճամբարի Որբերը Գործածուեցան Որպէս Ընտրարշաւի Նախանիւթ. Առ Այժմ Յոյս Չկայ, Որ Կալուածը Կը Վերադարձուի Հայ Համայնքին

Յունիս 23, 2015
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուզլայի «Արմէն» ճամբարի խնդիրը կը շարունակէ զբաղեցնել միտքը բոլոր անոնց, որոնք օրերէ ի վեր կ՛աշխատին այս պատմական շէնքը փլուզումէ փրկելու համար: Բայց բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ հայ համայնքին ակնկալութիւնները պիտի չիրականանան «Նոր զարթօնք»-ի երիտասարդներուն ու անոնց զօրակցող խմբակի դիմադրութեան դիմաց, կալուածին այսօրուան տէրը յանկարծ յայտնած է, որ որոշած էր կալուածը նուիրել հայ համայնքին: Անշուշտ ասիկա շատ գեղեցիկ լուր էր, անհաւատալի ըլլալու աստիճան գեղեցիկ: Արդարեւ, այդ գեղեցիկ խոստումը դեռ չէ իրականացած ու կը թուի, թէ պիտի չիրականանայ: Ստորեւ կը հաղորդենք այս հարցին շուրջ վերջին իրադարձութիւնները:

6-23-15_armen«Թարաֆ» թերթը դարձեալ նոր հրատարակութիւն մը ունէր «Արմէն» ճամբարի շուրջ: Թերթի աշխատակից Սիւմէյրա Թանսել կը հրապարակէր «Արմէնի» ճամբարի երբեմնի բնակիչներէն Կարապետ Օրունէօզի, Յարութիւն Տեմիրի եւ Արուս-Յովհաննէս Թաճեր զոյգի յայտարարութիւնները: Կը գրէր հետեւեալը.

Ինչպէս ծանօթ է «Արմէն» ճամբարը փլուզումէ փրկելու համար ցուցաբերուած դիմադրութենէ ետք համալիրի այսօրուան սեփականատէր Ֆաթիհ Ուլուսոյ գրաւոր յայտարարութիւն մը ըրած եւ յայտնած էր, որ կալուածը պիտի նուիրէր Կետիկփաշայի Աւետարանական եկեղեցիին: Բայց օրեր անցան եւ տակաւին այս ուղղութեամբ գործնական որեւէ քայլ չէ առնուած:

Ճամբարի երբեմնի բնակիչներէն Կարապետ Օրունէօզ ըսաւ, որ օրերէ ի վեր կը սպասեն, սակայն ո՛չ մէկը մինչեւ այսօր գործնական քայլ մը առաւ կալուածաթուղթը հայերու վերադարձնելու ուղղութեամբ:

«Ասիկա շատ պարզ գործողութիւն մըն է, մեր փաստաբանները պատրաստ են: Մէկ հեռաձայն կը բաւէ, որպէսզի խնդիրը կարգադրուի: Բայց օրերէ ի վեր ո՛չ մէկը փնտռեց մեզ: Մեզի հետ խաղ կը խաղան: Որբերը գործածեցին որպէս ընտրարշաւի նախանիւթ: Ընտրութենէ վերջ ալ «հրաժարեցանք» ըսելով` գործը պիտի վերջացնեն: Ես այլեւս վստահութիւն կորսնցուցի», ըսաւ Օրունէօզ:

Իսկ Յարութիւն Տեմիր Զուիցերիայէն յատկապէս եկեր է, երբ իմացեր է, որ ճամբարը պիտի վերադարձուի:

«Ես եօթը տարեկանէս մինչեւ տասներկու մնացի այս ճամբարին մէջ: Այստեղի աղիւսները մենք շարեցինք: Մեր աշխատանքով բարձրացուցինք պատերը: Հիմա իմացանք, որ ճամբարը պիտի վերադարձուի, ուրախութեամբ Թուրքիա եկանք, ի՛նչ մեղք, որ շօշափելի բան մը չկայ: Ես 65 տարեկան եմ: Այս ճամբարին փլուզումը իմ ալ փլուզումս կ՛ըլլայ», կ՛ըսէ Յարութիւն Տեմիր:

Իսկ Յովհաննէս եւ Արուս Թեճեւի այս ճամբարին մէջ զիրար ճանչցեր եւ իրարու հետ ամուսնացեր են: Ամուսնանալէ վերջ ալ ամէն կիրակի հոս կու գային: Այստեղ շատ թանկագին յիշատակներ ունին: Հիմա բոլոր այդ յիշատակները փուլ պիտի գան շէնքին հետ միասին: Բայց խոստացան կալուածը վերադարձնել: Այս ժամէն վերջ անոնք շատ կը խայտառակուին եթէ չվերադարձնեն: Եթէ այս ճամբարին բան մը ըլլայ, մեզի համար ալ շատ գէշ կ՛ըլլայ», ըսին անոնք:

Կարօ Փայլանի Համաձայն, Այս Շաբաթ Ալ
Կալուածը Պիտի Չվերադարձուի

Ինչպէս մեր միւս սիւնակներուն մէջ հաղորդած ենք, վերջերս մեր հիւրն էր ԺՀԿ-ի հիմնադիրներէն ու այս կուսակցութեան Պոլիսէն երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ զանազան նիւթերու կարգին, մեզի խօսեցաւ նաեւ «Արմէն» ճամբարի մասին: Ան ըսաւ, որ վերջերս նոր տեսակցութիւն մը ունեցած էր կալուածին այժմու տիրոջ` Ֆաթիհ Ուլուսոյին հետ: Այս տեսակցութեան արդիւնքն այն էր, որ Ուլուսոյ կալուածը այս շաբաթ ալ պիտի  չվերադարձնէ: Յայտնապէս ան կ՛ուզէ ձգձգել:

«Նոր Զարթօնք» Խմբակէն Խիստ Հերքում`
Մարգար Էսայեանի Մէկ Յայտարարութեան

«Սի.Էն.Էն.-Թուրք»-ի կողմէ ալ հաղորդուած լուրի մը համաձայն, «Նոր զարթօնք» խմբակը խիստ հերքում հրապարակեց «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան երեսփոխանական թեկնածու Մարգար Էսայեանի մէկ յայտարարութեան դէմ: Մարգար Էսայեան «Փարոս» ամսաթերթին յայտարարեր է, որ «Արմէն» ճամբարը վերադարձուեցաւ հայ համայնքին: Մինչդեռ այսպիսի բան մը տակաւին իրականացած չէ եւ «Նոր զարթօնք»-ի երիտասարդները ցաւ կը յայտնեն, որ Մարգար Էսայեան որպէս ընտրարշաւի քաղաքական նախանիւթ կը ծառայեցնէ «Արմէն» ճամբարի խնդիրը: «Նոր զարթօնք»-ը հարց կու տայ. «Եթէ կալուածը վերադարձուեցաւ, կալուածաթուղթը ո՞ւր է: Եթէ կալուածաթուղթը ձեր ձեռքն է, իսկոյն հրապարակեցէք զայն: Դուք որքա՞ն դրամ առիք այս սուտ լուրը եւ «Արդարութիւն եւ բարգաւաճ»-ումին գովազդը հրատարակելու համար: «Փարոս» ամսագիրն ալ պէտք է հերքէ այս սուտ լուրը»: «Նոր զարթօնք-ի երիտասարդները խիստ լեզուով մը տակաւին կը յայտնեն, որ Մարգար Էսայեանի այս ձգձգողական քաղաքականութիւնը հայ համայնքին որեւէ օգուտ չի բերեր ու համայնքի խղճմտանքին մէջ այսպիսի երեսփոխանական թեկնածուի տեղ չկայ:

 

 

 

Նախորդը

Արմէնին Պատմութիւնը (Հայրենիքէ Հայրենիք)

Յաջորդը

Ի՞նչ Ակնկալութիւններ Ունի Հայ Համայնքը Թուրքիոյ Նոր Խորհրդարանէն . Հարցազրոյց «Ակօս»-ի Խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեանի Հետ

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In