Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

61 Ծաղիկներ Որպէս Շրջանաւարտ Վկայուեցան Մեսրոպեան Մանկապարտէզէն

June 22, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-13-15_mesrobian-(2)6-13-15_mesrobian-(1)Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի Ծաղիկ եւ Կոկոն դասարաններու ամավերջի հանդէսը եւ աւարտականներու վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 13 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի բակին մէջ:

Աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեցին Մարիա Պալատի, Լորի Նիկոլեան եւ Լորի Այնեճեան: Բարի գալուստի խօսքերէն ետք հանդէսի մասնակից աշակերտները կատարեցին երկու խմբերգ,  հինգ պար` հայկական, արաբական եւ եւրոպական, նուագ` խմբային մասնակցութեամբ եւ «Հայաստանը մեր երկիրն է» թատերական պատկերը:

Մեսրոպեան մանկապարտէզի պատասխանատու Մարիա Պէօճեքեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ փոքրերը մանկապարտէզին մէջ ձեռք կը բերեն տարբեր գիտելիքներ եւ ընկերային հաղորդակցութեան կանոններ` դառնալու համար նկարագիրով ազնիւ եւ քաղաքավար անձեր: Ան մաղթեց, որ մանկապարտէզի շրջանաւարտները 12 տարի ետք միեւնոյն բեմէն կը ստանան աւարտականի վկայականները: Խօսքին յաջորդեց մանկապարտէզի աշակերտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Մեսրոպեանի մանկապարտէզի 61 շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Ան բարձրօրէն գնահատեց  մանկապարտէզի անձնակազմի անդամները, Մեսրոպեան մանկապարտէզի աշակերտներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան համար իրենց կատարած բծախնդիր եւ նուիրուած աշխատանքին համար:  Կ. Գալուստ ըսաւ, որ առնչակից բոլոր կողմերու հետ գործակցաբար տնօրէնութիւնը ամէն ինչ ըրած է եւ պիտի շարունակէ ընել` աւելի բարձրացնելու համար վարժարանին ընդհանուր մակարդակը, դիտել տալով, որ այդ հեռանկարին մէջ իր առանցքային նշանակութիւնը ունեցած է եւ միշտ պիտի ունենայ կրթութեան «հիմնաքարը»` մանկապարտէզը:

Նախորդը

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան 100-Ամեակի Մանկապարտէզի Հունձք

Յաջորդը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.