Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանաբար Լոյս Ընծայուած Գառնիկ Բանեանի Յուշերէն` «Goodbye Antoura»-ի Առթիւ

Յունիս 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-22-15_houryՍտորեւ, լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը, կատարուած` Հուրի Պոյամեանի հետ, որ դուստրն է վաստակաւոր ուսուցիչ եւ ազգային գործիչ Գառնիկ Բանեանի: Վերջերս կարելի եղած է թարգմանել անոր «Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան» գիրքը: Նշենք, որ Հուրի Պոյամեան նաեւ տնօրէնն է Ուաթըրթաունի (Մասաչուսեց) Սուրբ Ստեփանոս ազգային ամէնօրեայ վարժարանին:

6-22-15_p6-7ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կարելի՞ է ամփոփ ձեւով ներկայացնել այս գիրքին ծննդոցը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հայրս` Գառնիկ Բանեան ծնած է Կիւրին, 1910-ին: Ուրախ մանկութիւն մը ունենալէ ետք, 1915-ին տեղահանութեան ժամանակ Համայի անապատին մէջ ականատես կ՛ըլլայ իր մօր, 2 տարեկան քրոջ` Զարուկին եւ 3 տարեկան եղբօր` Աւոյի յաջորդական մահուան:

Մեծ հայրը զինք փրկելու համար կը յանձնէ հայ պատուելիի մը, որ փոքրիկ որբանոց մը բացած էր այնտեղ: Երկու ամիս անցած` օսմանեան կառավարութիւնը շրջանի հայ որբերը կը հաւաքէ եւ կը ղրկէ Անթուրայի որբանոցը` զիրենք թրքացնելու նպատակով: Ա. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան թուրքերը պարտուելով` ետ կը քաշուին, եւ որբերուն օգնութեան կը հասնի Ամերիկեան Միջին Արեւելքի նպաստամատոյցը: 1919-ին, զինադադարէն օգտուելով` այս կազմակերպութիւնը կը փորձէ որբերը տանիլ Կիլիկիա` իրենց տուները, բայց հազիւ Այնթապ հասած` թուրքերը կրկին կը յարձակին հայերու վրայ: Քանի մը ամիս ետք, երբ կացութիւնը չի բարելաւուիր, նպաստամատոյցի տնօրէնութիւնը ստիպուած կ՛ըլլայ որբերը տեղափոխել կրկին Լիբանան, Ժիպէյլի որբանոցը, ուր հայրս կը մնայ մինչեւ 1920-1925 թուականը:

Այս գիրքը առաջին անգամ  հրատարակուած է հօրս մահէն երեք տարի վերջ, 1992-ին,  Համազգայինի հրատարակչական տան կողմէ, «Անթուրայի որբանոցը»  խորագրով, եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ` «Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան» խորագրով: Կաթողիկոսարանի հրատարակութիւնը ամբողջովին կը համապատասխանէ բնագիրին, իսկ Համազգայինի հրատարակութիւնը քիչ մը կրճատուած է:

Հ.- Անգլերէն թարգմանութեան մասին, կարելի՞ է մանրամասնել եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ:

Պ.- Հարիւրամեակի առիթով այս գիրքի անգլերէն թարգմանութեան ձեռնարկեցի Անթուրայի որբանոցին պատմութիւնը լսելի դարձնելու համար օտար շրջանակներու, մանաւանդ` օտար պատմաբաններու, պատուելու համար հօրս եւ բոլոր որբերուն յիշատակը, նաեւ` նպաստելու մեր արդարութեան պահանջին:

1915-1918 Անթուրայի մէջ 1200 որբերէն 300 կը մահանայ սարսափելի պայմաններու տակ, անօթութեան, հիւանդութեան եւ ահաւոր պատժական միջոցներու պատճառով:

Բանեան կը ստանայ «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալը Խորէն Ա. կաթողիկոսէն
Բանեան կը ստանայ «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալը Խորէն Ա. կաթողիկոսէն

Հ.- Գառնիկ Բանեան այլ գործեր ալ ունի: Արդեօք այդ գրութիւններն ալ պիտի թարգմանուի՞ն:

Պ.- Հայրս ձգած է մօտ 6 հատորներ լեցնող ձեռագիրներ: Երեք հատոր արդէն տպուած են:

– Մէկը` «Անթուրայի որբանոց»-ն է, լոյս տեսած` 1992-ին:

– Երկրորդը` «Անխոնջ մտքեր», լոյս տեսած` 2007-ին, որ յուշագրութիւն մըն է Լ. Շանթի, Ն. Աղբալեանի եւ ճեմարանի մօտ ու Համազգայինի անունով գործած անձերու մասին:

– 1969-ին ինք եւ Ժիպէյլի նախկին որբերէն քանի մը հոգի պատրաստեցին Ժիպէյլի որբանոցի յուշամատեանը: Այս յուշամատեանէն զատ, ունի Ժիպէյլի որբանոցին մասին իր անձնական յուշերը, որոնք պէտք է հրատարակուին եւ, ինչո՞ւ չէ, թարգմանուին:

Ժիպէյլի որբանոցէն ելլելէն ետք հայրս կը մտադրէ ամէն գնով իր ուսումը շարունակել: Իր աշխատանքով կը հոգայ իր ուսման ծախսերը եւ կը դառնայ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի առաջին աշակերտը, նորաբաց ճեմարանին մէջ: Ուսումը աւարտելէ ետք իր ամբողջ կեանքը կը նուիրէ Ճեմարանին, Համազգայինին, Ազգային Ուսումնական խորհուրդի աշխատանքներու եւ ազգային հասարակական գործին: Կը հիմնէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութիւնը եւ անոր գրական հանդէսը` «Ակօս», որուն խմբագրութիւնը կը ստանձնէ 16 տարիներ կամաւոր կերպով:

SKMBT_C22014100109460-Karnig-Panian-in-1935Հ.- Արձագանգներ կա՞ն, յատկապէս` օտար կարդացողներու կողմէ:

Պ.- Արձագանգներ կան օտար կարդացողներու կողմէ, հակառակ անոր որ գիրքը միայն շաբաթ մը առաջ լոյս տեսաւ: Սթենֆըրտ համալսարանի հրատարակչական տունը գիրքը հրատարակելու որոշումը տալէ առաջ կարծիքը առաւ երեք պատմաբաններու, երկուքը` Ամերիկայէն, իսկ մէկն ալ` Եւրոպայէն, որոնք ամէնէն նպաստաւոր գրախօսականները պատրաստեցին այս գիրքին առնչութեամբ, ծանրանալով անոր գրական եւ պատմական արժէքին եւ մանաւանդ անոր կարեւորութեան` հետեւեալ մասնագիտական մարզերէն ներս.

– Հայագիտական նիւթերու

– Միջին Արեւելքի մէջ Ա. Աշխարհամարտի պատմութեան

– Մանուկներու ներաշխարհի հետազօտութեան

– Ինքնակենսագրութիւնը իբրեւ պատմական աղբիւր գործածութեան

Ապրիլ 18-ին ալ լոյս պիտի տեսնէ Financial Time-ի «Life and Art» բաժնին մէջ: Կարեւոր գրախօսական մը` այս գրքի առնչութեամբ:

Արձագանգներ ալ կը հասնին նախկին որբերու զաւակներէն եւ անոնց օտար պարագաներէն եւ անձերէն, որոնք հետաքրքրուած են մեր պատմութեամբ:

6-22-15_Aintoura

Հ.- Իբրեւ Գառնիկ Բանեանի զաւակ` այս գիրքի պատրաստութեան մասին ի՞նչ կրնաք աւելցնել: Յատուկ մանրամասնութիւններ ունի՞ք կատարելիք:

Պ.- Հայերէն տպագրութեան մէջ գիրքը կը վերջանայ 1918-ին, երբ Ա. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան թուրքերը պարտուած` կը մեկնին Լիբանանէն եւ Անթուրայի որբանոցին տէր կը կանգնի Ամերիկեան Միջին Արեւելքի նպաստամատոյցը (Armenian Near East Relief):

Երբ անգլերէն թարգմանութիւնը կը կատարուէր, հօրս ձեռագիրներուն մէջէն գտայ այն վերջին բաժինը, որ կը պակսէր հայերէն տպագրութենէն, եւ որ կը վերաբերի որբերը իրենց ծննդավայրերը վերադարձնելու փորձին: Նպաստամատոյցը հազիւ որբերը Այնթապ հասցուցած` թուրքերը կը սկսին յարձակիլ վերադարձող հայ ընտանիքներու  վրայ: Կացութիւնը այնքան կը վատթարանայ, որ նպաստամատոյցը ստիպուած կ՛ըլլայ Այնթապի որբանոցէն որբերը ետ բերել Լիբանան եւ տեղաւորել Ժիպէյլի որբանոցին մէջ:

Հօրս Ժիպէյլի որբանոցին մասին գրած յուշերը կրնան կազմել իր յաջորդ գիրքը:

Հ.- Այս գիրքի ներկայացման գծով պատրաստուա՞ծ է յայտագիր մը: Այս մասին կարելի՞ է տեղեկացնել:

Պ.- Այս գիրքին ներկայացումը համալսարանական շրջանակներէ ներս Սթենֆըրտ համալսարանի հրատարակչական տան կողմէ պիտի կատարուի զանազան արդիական միջոցներով:

Իսկ հայաշատ կարգ մը շրջաններու մէջ գիրքը ծանօթացնելու համար պիտի գործակցինք տեղւոյն հայագիտական հաստատութիւններու կամ մշակութային կազմակերպութիւններու հետ:

Հ.- Գիրքի վաճառման եւ առաքման մասին, կարելի՞ է տեղեկութիւններ փոխանցել:

Պ.- Գիրքը կարելի է ունենալ Սթենֆըրտի www.sup.org  եւ Ամազոնի www.amazon.com կայքէջներէն Ազգային առաջնորդարանէն, «ՆԱԱՍՐ»-էն, «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-էն եւ կարգ մը գրախանութներէ:

Հ.- Ապագայի ծրագրեր, այլ յաւելումներ եւ եզրակացութիւն ունի՞ք:

Պ.- Իբրեւ ապագայի ծրագիր` պէտք է մտածել հօրս մնացեալ անտիպ գործերը տպագրութեան յանձնել, իսկ Ժիպէյլի ամերիկեան որբանոցին մասին իր գրած յուշերն ալ հաւանաբար անգլերէն պէտք է թարգմանուին:

«Goodbye Antoura»… Թարգմանող` Սիմոն Պէօճէքեանի

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Այլեւս Լիտմոսաթուղթ Չէ Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութիւններուն

Յաջորդը

Նոր Մարտահրաւէրներ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?